Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ վարչապետ Հասսան Տիապ:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին կառավարութեան նիստին քննարկուելիք տնտեսական-ելեւմտական օրակարգին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ նիստէն ետք յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին ընդգծած է ելեւմտական կացութիւնը ամրապնդելու, երկրին պարտքը վերադասաւորելու, ինչպէս նաեւ աճ արձանագրելու յատուկ բարեկարգումի ծրագիր մը մշակելու կարեւորութիւնը:
Ապտել Սամատ հաստատեց, որ 2020-ի ցուցանիշները բաւական վատ են` աւելցնելով, որ ամսական աշխատավարձերու ապահովումը պիտի մնայ հակակշիռի տակ:
Ապտել Սամատ նկատել տուաւ, որ կառավարութեան նիստին ներկայ գտնուած են կարգ մը միջազգային խորհրդատուներ, որոնց հետ քննարկուած են բարեկարգումի ծրագիր մշակելու, մսխումը կասեցնելու եւ իւրացուած գումարները վերադարձնելու հեռանկարները:
Ան նշեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնած է, թէ մինչ կառավարութիւնը խնդրած է Լիբանանի նիւթական պարտաւորութեան վերադասաւորումը, անիկա պէտք է մշակէ պարտքը վերադասաւորելու եւ դրամատուներուն կառուցային աշխատանքը վերակազմաւորելու, ինչպէս նաեւ վարչական, տնտեսական եւ ընկերային բարեկարգումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Ապտել Սամատ ըսաւ նաեւ, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Հասսան Տիապ շեշտած է, թէ ճիգ պիտի չխնայուի երկրին դատական իշխանութեան համակարգը բարելաւելու, փտածութեան դէմ պայքարելու, ելեկտրականութեան եւ ջուրի հարցերը լուծելու, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններուն մէջ բարեկարգումներ իրագործելու:
Նշենք, որ կառավարութիւնը իր ընթացիկ նիստը պիտի գումարէ հինգշաբթի, 12 մարտ 2020-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, նախագահական պալատին մէջ: