Պաապտայի նախագահական պալատը նախարարները դիմաւորեց կիսով բարձրացած լիբանանեան դրօշակով:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Հասսան Տիապի հետ:
Նախարարաց խորհուրդի նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած նահատակներուն յիշատակը:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն միասնականութեան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` շրջանցելու համար այս աղէտալի պայմանները:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր հետաքննութիւնը` հաշուետուութեան կանչելու համար պատասխանատուներն ու բացթողումներ արձանագրողները, եւ զանոնք խստագոյն պատիժի ենթարկելու:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ կառավարութիւնը կատարեալ թափանցիկութեամբ պիտի յայտարարէ հետաքննութեան յանձնախումբին բացայայտելիք արդիւնքները:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ ինք խոր կսկիծով ու թախիծով կը ցաւակցի զոհերու հարազատներուն եւ կ՛աղօթէ վիրաւորներուն ապաքինումին համար:
Իր կարգին, վարչապետ Տիապ նշեց, որ ցնցումը մեծ է: «Ոմանք կորսնցուցած են իրենց զաւակներն ու հարազատները, ոմանք կորսնցուցած են իրենց կեանքի ամբողջ շահածը, ուրիշներ` իրենց բնակարանները: Այն աղէտը եւ աւերը, որ գործուած է, աննկարագրելի է: Կը ցաւակցիմ բոլոր զոհերուն ընտանիքներուն ու հարազատներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթեմ վիրաւորներուն», ըսաւ ան:
Տիապ ընդգծեց, որ հետաքննութեան թղթածրարը անհրաժեշտութիւն է` աւելցնելով, որ անոր արդիւնքները պէտք է արագօրէն բացայայտուին:
Ան կոչ ուղղեց փրկարար աշխատանքները շարունակելու` անյայտ կորսուածները գտնելու նպատակով, ինչպէս նաեւ անպատսպար մնացած քաղաքացիներուն ժամանակաւոր կեցութեան վայրեր ապահովելու, վնասները արագ կերպով հատուցելու, ինչպէս նաեւ բնակարաններն ու գրասենեակները կառուցելու:
Վարչապետ Տիապ շեշտեց, որ Լիբանան կ՛ապրի ազգային տագնապ մը` մաղթելով, որ քաղաքական բոլոր բանավէճերուն վերջ տրուի, որպէսզի կարելի ըլլայ Պէյրութը հարուածած այս աղէտը հակակշիռի տակ առնել:
Տիապ ընդգծեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն լուծելու համար այս աղէտին հետեւանքները:
Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը որդեգրած է Պէյրութը աղէտի գօտի յայտարարելու Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի յանձնարարութիւնը, ինչպէս նաեւ յայտարարած է երկու շաբթուան արտակարգ դրութիւն, որ կրնայ վերանորոգուիլ:
«Կառավարութիւնը կազմեց հետաքննութեան յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ հինգ օրուան ընթացքին բացայայտել Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ծալքերը, ինչպէս նաեւ զինուորական իշխանութենէն պահանջեց տնային կալանքի ենթարկել բոլոր անոնք, որոնք զբաղած են ամոնիոմ նիթրաթի ամբարումի եւ անոր հսկելու գործով, սկսեալ` 2014-էն մինչեւ անոր պայթումը:
Ապտել Սամատ ընդգծեց, որ բոլոր պատասխանատուները հաշուետուութեան պիտի կանչուին:
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ծալքերը բացայայտող հետաքննութեան յանձնախումբին մաս կը կազմեն. վարչապետ Տիապ (նախագահ), փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր, Արդարութեան նախարար Մարի-Քլոտ Նաժըմ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ եւ Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա:
Նշենք, որ վարչապետարանին մէջ գումարուելիք կառավարութեան այսօրուան նիստը ջնջուեցաւ:
Նիստին ընթացքին երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան ըսաւ. «Երէկուան պայթումին ինկած իւրաքանչիւր նահատակ արցունք մըն է, որ մեր երկիրը կ՛այրէ: Մենք կը գտնուինք ազգային պատասխանատուութեան դիմաց, եւ ստիպուած ենք պատասխանել իւրաքանչիւր լիբանանցիի ուղղած իրաւացի հարցումներուն, թէ ո՞վ է պատճառը, ո՞վ է պատասխանատուն, ո՞վ է ոճրագործը: Մենք պէտք է հաշուետուութեան ենթարկենք այս աղէտին պատասխանատուները: Արտօնելի չէ, որ հետաքննութեան արդիւնքները ուշացում արձանագրեն, իսկ դատական իշխանութիւնները անմիջապէս պէտք է դատեն պատասխանատուներն ու թերացողները: Կը պահանջեմ, որ մինչեւ հետաքննութեան արդիւնքներուն բացայայտումը այս թղթածրարին հետ ուղղակիօրէն առնչութիւն ունեցող անձերը միջամուխ չըլլան անոր: Մենք պատասխանատու ենք նահատակուողներուն թափած արեան»: