Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ վարչապետ Հասսան Տիապ:
Նիստէն բացակայեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի` Գահիրէ կատարած իր աշխատանքային այցելութեան պատճառով:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին կառավարութեան նիստին քննարկուելիք օրակարգին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայնութիւն յայտնեց դրամատնային գաղտնիութիւնը չեղեալ նկատելու օրինագիծին` այն անձերուն պարագային, որոնք բարձր պաշտօններ եւ մեծ պատասխանատուութիւններ ստանձնած են, ըլլան անոնք ընտրուած թէ նշանակուած անձնաւորութիւններ:
Այս օրէնքը պիտի գործադրուի նաեւ այլ պատասխանատուներու պարագային` ըլլան անոնք դրամատուներու մէջ քննիչներ, քաղաքական թէ ոչ քաղաքական պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ պետութեան հետ պայմանագրութիւն ստորագրած կապալառուներ:
Կառավարութիւնը վաւերացուց նաեւ մեքանիզմ մը, որուն հիման վրայ ճշդուեցաւ Լիբանանէն դուրս խորհրդաժողովներուն մասնակցութեան կարգը:
Կառավարութիւնը որոշեց յատուկ դրոշմաթուղթեր հրատարակել Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան հիմնադրութեան 50-ամեակին եւ Լիբանանի մէջ նաւթի եւ բնական կազի պեղման աշխատանքները սկսելու զոյգ առիթներով:
Կառավարութեան նիստին ընթացքին կենսոլորտի նախարարը ներկայացուց 2019-2020 աղբահանման ընդհանուր ծրագիրը, որուն քննարկումը պիտի շարունակուի կառավարութեան յաջորդ ընթացիկ նիստին` որոշումի մը յանգելու նպատակով:
Կառավարութիւնը Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդին վստահեցաւ Ժտէյտէի եւ Նաամէի թափօններու թաղման վայրերը ընդարձակելու մասին ուսումնասիրութիւն մը պատրաստելու պարտականութիւնը:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաղը` շաբաթ, 7 մարտ 2020-ին պիտի գումարէ յատուկ նիստ մը` «Եուրոպոնտ»-ի բաժնետոմսերուն վերաբերող վերջնական որոշում մը տալու նպատակով:
Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց առողջապահութեան նախարարին ի գործ դրած ջանքերը` պայքարելու համար «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ:
Ան կոչ ուղղեց նախարարին շարունակելու իր աշխատանքները` ապահովել կարենալու համար երկրին առողջապահական կայունութիւնը:
Իր կարգին, վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ երկիրը շատ դժուար օրեր կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը ճիգ չի խնայեր մեղմացնելու համար տիրող լեղի կացութիւնը: «Անկարելին կը կատարենք` լուծելու համար տասնեակ տարիներու կուտակումները, որոնք ներկայ կացութեան յանգեցուցած են երկիրը: Ցաւ ի սիրտ, կան այլ անձնաւորութիւններ, որոնք անկարելին կը կատարեն` խեղդելու համար երկիրը եւ կտրելու համար անոր երակները, ինչպէս նաեւ արգիլելու համար կառավարութեան աշխատանքը», հաստատեց ան:
Վարչապետ Տիապ շեշտեց, որ կառավարութիւնը իր ազգային պարտականութիւնը պիտի շարունակէ` փրկելու համար երկիրը` աւելցնելով, որ ան պիտի չազդուի բոլոր այն սպառնալիքներէն եւ մարտահրաւէրներէն: «Ընդհակառակն` կառչած պիտի մնանք ելեւմտական եւ տնտեսական կացութեան փուլ գալուն առումով մեղսակցած ոեւէ պատասխանատու հաշուետուութեան կանչելու», ըսաւ ան: