Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուած Է 50 Միլիառ Լ. Ոսկի Յատկացնելու Նաւահանգիստի Պայթումէն Տուժածներուն

October 7, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Kordahi: Cabinet approved allocation of LBP 50 billion to port explosion victims

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Կառավարութիւնը քննարկեց 10 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, իսկ նիստէն բացակայեցաւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ` ճամբորդութեան պատճառով:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահի յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի շեշտած է, թէ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի բոլոր հարցերը լուծելու` աւելցնելով, որ իրենք կամք եւ կորով ունին երկիրը դարձեալ ոտքի կանգնեցնելու:

Միքաթի նշած է, որ օտար պատասխանատուներու հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին յստակ դարձած է, որ անոնցմէ շատեր Լիբանան պիտի այցելեն` զօրակցութիւն յայտնելու նպատակով:

«Նիստին ընթացքին հաստատուեցաւ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: Իսկ տնտեսական եւ ելեւմտական հարցը, որ հիմնական է կառավարութեան համար, պիտի լուծուի Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ սկսելիք բանակցութիւններով, դրամատնային գործառնութիւններուն կարգաւորումով` նախ եւ առաջ դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումար ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքը փրկելով: Տակաւին կան ընկերային հարցերը, ինչպէս` կրթութիւն, առողջապահութիւն, ծառայութիւններ, ելեկտրականութիւն, հաղորդակցութեան միջոցներ, նաւահանգիստ եւ այլ հարցեր, որոնց լուծման համար ծրագիրներ պիտի մշակուին ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին», ըսաւ Քըրտահի:

Ան ըսաւ, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է 50 միլիառ լ. ոսկի յատկացնելու նաւահանգիստի պայթումէն տուժածներուն, ինչպէս նաեւ համաձայն գտնուած է ընդունելու 500 հազար «Ֆայզըր»-ի պատուաստ, որ Ֆրանսայի կողմէ նուիրուած է Լիբանանին:

Քըրտահի նկատել տուաւ, որ ելեկտրականութեան վերաբերեալ հարցերը չեն քննարկուած` նկատի ունենալով, որ նախարար Ֆայեատ նիստին ներկայ չէ եղած: Ան աւելցուց, որ ելեւմուտքի նախարարէն պահանջուած է 2022-ի պետական ամավարկը պատրաստել:

Կառավարութեան նիստէն ետք վարչապետ Միքաթի «Սքայնիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութիւնը կը մշակէ Պէյրութի նաւահանգիստը վերակառուցելու ծրագիր մը` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պիտի օժանդակէ նաւահանգիստի պայթումի զոհերու ընտանիքներուն:

Ան նշեց, որ նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը ստանձնած Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի դատախազը վստահելի է` աւելցնելով սակայն, որ ժողովրդահաճոյ ըլլալուն եւ սահմանադրութեան գործադրութեան միջեւ տարբերութիւն կայ:

Միքաթի նշեց, որ ինք ստորագրած է յայտարարութիւն մը, որուն հիման վրայ կոչ կ՛ուղղուի բոլորը անձեռնմխելիութենէ զրկել, որպէսզի դատավարութեան ենթարկուին, «իսկ սահմանադրութիւնը կը հաստատէ, որ նախագահները, իշխանութեան պետերն ու նախարարները դատական յատուկ ատեանի մը կողմէ դատավարութեան կ՛ենթարկուին», աւելցուց ան:

Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ իրեն համար առաջնահերթութիւն է ելեւմտական եւ ելեկտրականութեան հարցերուն լուծումը, որովհետեւ պետութիւնը ամերիկեան տոլար չունի` վառելանիւթ գնելու, որպէսզի կարենայ ելեկտրակայանները բանեցնել եւ ելեկտրականութիւն ապահովել: «Իսկ եթէ պատահի, որ ելեկտրականութեան մարզը բարեկարգելու թղթածրարը արգելակուի, ապա արգելակողներուն ինքնութիւնը տեղւոյն վրայ պիտի բացայայտեմ», ընդգծեց ան:

Անդրադառնալով Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ տեղի ունենալիք բանակցութիւններուն` Միքաթի յայտնեց, որ անոնց վրայ մեծ յոյսեր դրուած են, սակայն այդ բանակցութիւնները անբաւարար են:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր մասնակցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Միքաթի շեշտեց, որ այդ իմաստով տակաւին վերջնական որոշում չկայ:

Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ոչ մէկ կապ ունի իրանեան նաւթ փոխադրող իրանեան նաւերուն հետ: «Հըզպալլա չի կրնար հակադրուիլ երկրին օրինական անցքերը հսկելու քայլին, իսկ ապօրինի անցքերը բացայայտեցինք, երբ իրանեան մազութ փոխադրող սիթեռնները մուտք գործեցին Լիբանան», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութեան համար նաւթի եւ կազի արտահանումը կարեւոր է` շեշտելով, որ Լիբանանի իրաւունքներէն զիջիլը անկարելի է:

«Լիբանանի ներկայ իրավիճակին պատասխանատուն քաղաքական դասն է», ըսաւ Միքաթի:

Ան յայտնեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեանին պիտի յայտնէ Լիբանանի կեցուածքը` կոչ ուղղելով Իրանին իր շրջապատին հետ բարի դրացնութեան յարաբերութիւններուն յանձնառու մնալու եւ յարձակողական որեւէ քայլի չնախաձեռնելու:

Նշենք, որ երեկոյեան ժամը շուրջ 6:00-ին կարգ մը խմբաւորումներ, որոնք իրենք զիրենք կը կոչեն «Գերիշխանական խմբաւորումներ», արտաքին գործոց նախարարութեան դիմաց գործադրեցին բողոքի ցոյց մը` մերժելով Ապտոլլահեանի Լիբանան այցելութիւնը: Ապտոլլահեան երէկ ուշ գիշերին հասաւ Պէյրութ:

Previous Post

Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի ԱԳ Նախարարները Համաձայնեցան Դարձեալ Հանդիպիլ

Next Post

Նախագահ Աուն «Լիբանանեան Արժանեաց Ոսկեայ Շքանշան» Ընծայեց Բժշկութեան Նոպելեան Մրցանակակիր Արտեմ Փաթափութեանին

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.