Նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ գումարեց 2022-ի պետական ամավարկի օրինագիծի քննարկման իր նախավերջին նիստը` նկատի ունենալով, որ ամավարկը վաւերացնելու առումով նախարարաց խորհուրդը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի գումարէ իր վերջին նիստը` նախագահական պալատին մէջ:
Նախագահական պալատը յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկած է ամավարկի քննարկման փուլերուն մանրամասնութիւնը եւ համաձայնած անոր հետ, որ նախարարաց խորհուրդը հինգշաբթի, 10 փետրուարին Պաապտայի մէջ գումարէ իր նիստը` վերջնականացնելու եւ վաւերացնելու համար պետական ամավարկի նախագիծը:
2022-ի պետական ամավարկին առնչութեամբ, նախագահ Աուն կոչ ուղղեց կառավարութեան օժանդակելու պաշտօնեաներուն եւ ապահովութեան ուժերուն ու բանակայիններուն, ներածուած տարրական սննդամթերքը զերծ կացուցէ տուրքերէն եւ ելեկտրականութեան ծրագիրը գործադրութեան դնէ:
Միւս կողմէ, նշենք, որ նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի տեղակալ Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ այսօր ելեւմուտքի նախարարութեան մէջ պիտի գումարուի նիստ մը` ճշդելու համար տարբեր ֆոնտերուն մէջ պետութեան ունենալիք օժանդակութիւնները, որոնք նաեւ մաս կը կազմեն ամավարկին:
Հալապի աւելցուց նաեւ, որ այդ նիստին ընթացքին պիտի ճշդուին պետական պաշտօնեաներուն ստանալիք նիւթական օժանդակութիւնները, որոնք ամսական դրութեամբ պիտի տրամադրուին` ոչ նուազ քան երկու միլիոն լ. ոսկի եւ ոչ առաւել քան վեց միլիոն լ. ոսկի գումարով:
Հալապի յայտնեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարը իր ծրագիրը ընդարձակ խորագիրներով ներկայացուց, սակայն այդ իմաստով որոշում չտրուեցաւ` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը այս օրակարգով յատուկ նիստ մը պիտի գումարէ:
Հալապի յայտնեց նաեւ, որ 2022-ի պետական ամավարկին մէջ կառավարութիւնը ներածուած սննդամթերքի եւ դեղորայքի համար յաւելեալ տուրքեր պիտի չպարտադրէ, ինչպէս նաեւ մաքսատնային գործառնութիւնները կատարելու ամերիկեան տոլարի սակը համազօր պիտի նկատէ Կեդրոնական դրամատան «Սայրաֆա» հարթակին ճշդած սակին: