Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրուան ժամը 1:00-ին Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ վարչապետ Հասսան Տիապ:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
«Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու եւ նախազգուշանալու միջոցներուն յատկացուած կառավարութեան նիստին ընթացքին ներկայացուեցաւ այս առումով Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը, որուն մասին ամբողջական տեղեկագիր մը տրամադրեց առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան:
Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ աւարտին ըսաւ, որ նախագահ Աուն նիստին սկիզբը յայտնած է, թէ Լիբանանի 4-րդ նաւթահորի պեղման նպատակով «Թանկսթըն էքսփլորըր» նաւը հասած է Լիբանան` աւելցնելով, որ այդ աշխատանքը պիտի սկսի յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին` մաղթելով, որ այդ քայլը Լիբանանի համար դրական արդիւնքներ կ՛ապահովէ:
Ապտել Սամատ նշեց նաեւ, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Տիապ դրուատած է առողջապահութեան նախարարին ճիգերը` «Քորոնա» ժահրի տարածումին դիմադրելու առումով:
«Տիապ ընդգծեց նաեւ, որ իրենք ոչ ոքի հետ կ՛ուզեն մրցիլ, սակայն իրենց վստահուած է Լիբանանը իր դիմագրաւած տագնապէն փրկելու պարտականութիւնը», ըսաւ Ապտել Սամատ` աւելցնելով, որ վարչապետ Տիապ պաշտպանողական ոճով չի գործեր, այլ` յստակացումներ կատարելու, երբ կարիքը զգացուի:
Նախարարը յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրը ճշդորոշելու իմաստով Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ որդեգրուած միջոցառումները նախնական չեն` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը որոշած է քաղաքացիական օդանաւորդութիւնը հակակշիռի տակ պահել եւ արգիլել հոգեւոր ուխտագնացութիւնները` դէպի այն երկիրները, ուր «Քորոնա» ժահրի տարածում կայ:
«Երկրին նիւթական պարտքը վերադասաւորելու համար ելեւմտական խորհրդատուութիւն ստանալու նպատակով կառավարութիւնը որոշեց դիմել «Լազարտ» ընկերութեան, իսկ օրինական խորհրդատուութեան նպատակով` Քլերի Կութլիփի», ըսաւ Ապտել Սամատ:
Ան նշեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Տիապ ընդգծած է, թէ արաբ եղբայրներն ու բարեկամները Լիբանանը պիտի չլքեն եւ մաղթած, որ այդպէս ըլլայ, որովհետեւ Լիբանանի փուլ գալը նաեւ անոնց վնաս պիտի հասցնէ:
Նշենք, որ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ ուրբաթ, 28 փետրուար 2020-ին եւ պիտի ճշդէ նշանակումները կատարելու գործիքակազմը:
«Քորոնա»-ով Վարակուած Նոր Պարագաներ Չկան
Երէկ երեկոյեան Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին հրապարակած տեղեկագիրին մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ 32 պարագաներ հասած են շտապ օգնութեան բաժանմունք եւ ենթարկուեցան քննութեան:
Քննութիւններուն արդիւնքներուն համաձայն, անոնցմէ ոչ մէկը «Քորոնա» ժահրով վարակուած է, սակայն անոնցմէ 7-ն մնացած են հիւանդանոցին մեկուսարաններու մէջ` յաւելեալ խնամքի եւ քննութիւններու նպատակով:
Հետեւաբար, Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած միակ պարագան կը մնայ` 45-ամեայ կինը, որ Իրանէն հասած էր Լիբանան` վարակուած վիճակով: