Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ վարչապետ Հասսան Տիապ:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին արծարծեցին կառավարութեան նիստին քննարկուելիք օրակարգին վերաբերող հարցեր:
Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ նիստէն ետք յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է Միջազգային դրամատան կողմէ Լիբանանին նուիրուած 39 միլիոն տոլար արժողութեամբ վարկը յատկացնել «Քորոնա» ժահրին դիմադրելու նպատակով կառավարական հիւանդանոցները անմիջական սարքերով օժտելու, ինչպէս նաեւ «Օժերօ» ընկերութենէն համացանցի ծառայութիւն ստացող բոլոր բաժանորդներուն համար համացանցի արագութիւնը անվճար կերպով կրկնապատկելու, մինչեւ ապրիլ ամսուան աւարտը:
«Կառավարութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններէն պահանջեց սուրիացի տեղահանուածներուն եւ պաղեստինցի գաղթականներուն հանդէպ իր պատասխանատուութիւնները լիովին ստանձնել, որպէսզի կարենայ առողջապահական հոգատարութիւն ապահովել, ինչպէս նաեւ «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու առումով պէտք եղած քայլերուն դիմել», ըսաւ Ապտել Սամատ:
Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը որոշած է նաեւ պենզինի սակը պահել անփոփոխ:
Ապտել Սամատ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտած է կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ նշուած բարեկարգումներու ամբողջական ծրագիրը կարելի եղածին չափով արագ մշակելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծած է, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել կանխարգիլելու համար «Քորոնա» ժահրին տարածումը:
«Նախագահ Աուն ողջունեց այս իմաստով Լիբանանին տրամադրուելիք բոլոր օժանդակութիւնները», ըսաւ Ապտել Սամատ:
Տեղեկատուութեան նախարարը նշեց նաեւ, որ վարչապետ Տիապ նիստին ընթացքին շեշտած է, թէ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը ցարդ ամէնէն քիչը կը մնայ` բաղդատած այլ երկիրներու: «Տիապ նշեց, որ կառավարութիւնը առաջին իսկ օրէն դիմեց անհրաժեշտ միջոցառումներուն, իսկ անոր կողմէ արձանագրուած ուշացումին մասին տարածուող լուրերը անճիշդ են: Լիբանանի կողմէ որդեգրուած միջոցառումները կարգ մը եւրոպական երկիրներու համար օրինակ հանդիսացան, սակայն այս իմաստով կառավարութեան դէմ «քաղաքական ներդրում» կատարուեցաւ, ինչպէս նաեւ գործադրուեցաւ խուճապ ստեղծելու կանխամտածուած արշաւ», ըսաւ Ապտել Սամատ: