Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի
870-ի, Մահուան Պարագաներուն Թիւը Հասաւ 26-ի,
Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը` 234-ի
Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւին դարձեալ բարձրանալուն պատճառով լիբանանեան պետութիւնը որոշեց փակել երկիրը եւ բազմացնել «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման քննութիւնները` ամբողջ երկրին տարածքին:
Այդ պատճառով ալ կառավարութիւնը երէկուան իր նիստին որոշեց չորս օրով` չորեքշաբթի, 13 մայիս 2020-ի գիշերուընէ մինչեւ երկուշաբթի, 18 մայիս 2020-ի առաւօտը, երկիրը լրիւ փակել, արգիլելու համար յառաջիկայ օրերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրի արագ տարածումը:
Ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմիի որոշումով երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ կրակմարի դրութիւնը կը կիրարկուէր երեկոյեան ժամը 7:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00: Իսկ Ներքին ապահովութեան ուժերուն ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին ինքնաշարժներու երթեւեկին հսկողութեան եւ «Քորոնա» ժահրէն նախազգուշանալու միջոցներուն դիմելու իմաստով աւելի խիստ հսկողութիւն սկսած է պարտադրել` ընդգծելով, որ այդ համաճարակին դէմ պայքարելու իմաստով պատասխանատուութիւնը բոլորին է:
Այս ուղղութեամբ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ միայն երկուշաբթի օր Լիբանանի մէջ արձանագրուած են ընդհանուր զօրաշարժի 2374 խախտումներ, որոնց հեղինակները տուգանուած են:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 870-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 11 նոր վարակուածներ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 26 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 234 ուրիշներ` ապաքինած:
Նախարարութեան համաձայն, նախորդ 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ ապրող քաղաքացիներու 1524 քննութիւն կատարուած է, եւ ի յայտ եկած է, որ տեղացիներուն մէջ արձանագրուած են 10 վարակուածներ, իսկ Պէյրութ հասնող արտերկրի լիբանանցիներուն համար կատարուած 14 «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեանց արդիւնքները երէկ արձանագրած են 1 դրական պարագայ:
Առողջապահութեան նախարարութեան բժշկական անձնակազմերը երէկ Մաժտալ Այնճարի մէջ կատարեցին մեծ թիւով «Քորոնա» ժահրի ախտաճանաչման «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւններ:
Մաժտալ Այնճարի քաղաքապետութիւնը բոլոր միջոցառումներուն դիմեց` բնակարանային մեկուսացումը խիստ կերպով պարտադրելու գիւղաքաղաքին մէջ:
Քաղաքապետութիւնը կոչ ուղղեց Մաժտալ Այնճարի բնակիչներուն մնալու իրենց բնակարաններուն մէջ եւ գործադրելու ընդհանուր զօրաշարժի որոշումը, ինչպէս նաեւ յարգելու ընկերային հեռաւորութեան պայմանը, որպէսզի կարելի ըլլայ գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ շրջափակել «Քորոնա» ժահրը եւ արգիլել անոր տարածումը:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան այսօր պիտի այցելէ Տէյր Քամարի կառավարական հիւանդանոցը, որ սարքաւորուեցաւ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներ ընդունելու յատուկ բաժանմունքով:
Ապա Հասան պիտի ուղղուի Ժեզզին եւ տեղւոյն կառավարական հիւանդանոցին պիտի յանձնէ բժշկական սարքաւորումներ:
Նախարար Հասանի կատարելիք այցելութիւններուն ընթացքին զոյգ շրջաններուն մէջ պիտի կատարուին «Քորոնա» ժահրի ախտաճանաչման քննութիւններ:
Նշենք, որ Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքան յայտնեց, որ վերջին քանի մը օրերուն Զինուորական ատեան մուտք գործած 69 իրաւաբաններ «Սեն Ժորժ» (յունական) հիւանդանոցին մէջ ենթարկուած են «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան` աւելցնելով, որ բոլորին կատարած քննութեան արդիւնքները ժխտական են:
Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքան հաստատեց, որ 69 իրաւաբանները «Քորոնա» ժահրով վարակուած չեն` նկատել տալով, որ կան նաեւ այլ իրաւաբաններ, որոնք այլ հիւանդանոցներու մէջ ենթարկուած են «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան եւ տակաւին կը սպասեն արդիւնքներուն:
Սենտիքային համաձայն, քննութեան ենթարկուած բոլոր իրաւաբանները 14 օրուան բնակարանային մեկուսացման պիտի ենթարկուին, իսկ դատական ատեաններուն մէջ հականեխումի աշխատանքներ պիտի կատարուին` պարտադրելով «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու հիմնական նախազգուշութիւնները` դիմակի գործածութիւնն ու ընկերային հեռաւորութիւնը պահելու անհրաժեշտութիւնը:
Միւս կողմէ, Զինուորական ատեանին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած ոստիկաններուն թիւը հասաւ 26-ի:
Պէտք է աւելցնել, որ 14 – 24 մայիս լիբանանեան իշխանութիւնները պիտի շարունակեն արտերկրի լիբանանցիներու Լիբանան փոխադրութիւնը: Կը նախատեսուի, որ այդ ժամանակաշրջանին աւելի քան 11 հազար արտերկրի լիբանանցիներ վերադառնան Պէյրութ:
Նշենք, որ այս շրջագիծին մէջ Լեռնալիբանանի նահանգապետ, դատաւոր Մոհամետ Մաքքաուի վերադատ ատեանին յանձնեց Պէյրութ վերադարձած կարգ մը արտերկրի լիբանանցիներ, որոնք բնակարանային մեկուսացման չեն ենթարկուած եւ հեռաձայնի սխալ թիւեր յանձնած են առողջապահութեան նախարարութեան, որպէսզի փախուստ տան մեկուսացման պարտաւորութենէն:
Ան նշեց, որ դատական իշխանութեան փոխանցուած պարագաները Պաապտայի նահանգէն են:
Մաքքաուի հաստատեց, որ նախորդ երկու օրերուն Լեռնալիբանանի մէջ ընդհանուր զօրաշարժին նկատմամբ ցուցաբերուած յանձնառութեան համեմատութիւնը վերածուած է 50 առ հարիւրի, մինչդեռ ընդհանուր զօրաշարժի սկիզբը այդ զօրաշարժին նկատմամբ յանձնառութիւնը 90 առ հարիւր էր:
«ՔՈՐՈՆԱ» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու շրջագիծին մէջ, կրթութեան, բարձրագոյն ուսման եւ մշակոյթի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին պահանջեց յայտարարել 2019-2020 ուսման տարեշրջանին աւարտը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ապահով պայմաններու մէջ կրթական աշխատանքը շարունակել: