Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Որոշում Տուաւ Պայքարելու Մաքսանենգութեան Դէմ

May 15, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Defense Council Decides to Up Border Monitoring to Curb Smuggling

Երէկ վարչապետարանին մէջ կառավարութիւնը գումարեց իր հերթական նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:

Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ կառավարութեան նիստէն ետք ներկայացուց նիստին որոշումները: Ըստ նախարարին, վարչապետ Հասան Տիապ հաստատած է Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները ներքին գետնի վրայ շարունակելու կարեւորութիւնը եւ նշած, որ բանակցութիւնները ճշգրիտ պիտի ըլլան` ողջունելով Լիբանանին տրուելիք օժանդակութիւնը: Վարչապետը շեշտած է, որ լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումին վերաբերեալ հետաքննութիւնները պիտի շարունակուին, եւ կառավարութիւնը միջամուխ պիտի չըլլայ անոնց, սակայն քաղաքացիին իրաւունքն է տեղեակ ըլլալ պատճառներէն եւ արդիւնքներէն: Վարչապետ Տիապ կոչ ուղղած է յայտնաբերելու բոլոր մեղսակիցներուն անունները, ներառեալ անոնք, որոնք առնչութիւն ունին խարդախուած նաւթի թղթածրարին հետ: Ան աւելցուցած է, որ կառավարութիւնը կ՛ուզէ ճշմարտութիւնը բացայայտել առանց միջամտելու, եւ պիտի չընդունի որեւէ բացթողում կամ չարամտութիւն ամերիկեան տոլարի փոխանակման սակի բարձրացման եւ խարդախուած նաւթի հարցին առնչութեամբ:

Վարչապետը նաեւ յայտնած է, որ կարգ մը քաղաքացիներու կողմէ նախազգուշական միջոցառումներուն չհետեւիլը պատճառ դարձած է, որ «Քորոնա» ժահրը կրկին տարածուի` յայտնելով, որ եթէ ատիկա փաստուի, ընդհանուր փակումը պիտի երկարաձգուի: Նշուած է նաեւ, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը պիտի կատարէ յաւելեալ քննութիւններ` ճշդելու համար վտանգին չափը:

Նախարար Ապտել Սամատ հաղորդեց, որ ընդհանուր զօրաշարժի ծիրին մէջ կառավարութիւնը որոշում տուած է, որ բանակը եւ ապահովական ուժերը գրաւեն ապօրինի ձեւով Լիբանան մուտք գործող եւ անկէ դուրս եկող բոլոր նիւթերը: Պիտի գրաւուին նաեւ մաքսանենգութեան համար օգտագործուած ինքնաշարժներն ու բեռնատարները: Նախարարը աւելցուց, որ կառավարութիւնը փոխըմբռնման համաձայնագիր հաստատած է այն ընկերութիւններուն հետ, որոնք շահագրգռուած են ելեկտրականութեան գործարաններ հիմնելու Լիբանանի մէջ:

Նախարարը նաեւ հաղորդեց, որ քննարկումներ կատարուած են Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին հետ` շուկային մէջ ամերիկեան տոլար ներմուծելու համար:

Previous Post

«Թուրքիան Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալէ Բացի Այլ Ելք Չունի» Շեշտեց Վերա Եագուպեան

Next Post

Զօհրապ Մնացականեան Եւ Սերկէյ Լաւրով Անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի Հարցի Գործընթացին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.