Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը վաւերացուց իր աշխատանքային ծրագիրը, որուն հիման վրայ ան պիտի ներկայանայ խորհրդարան եւ անկէ վստահութեան քուէ պահանջէ:
Կառավարութիւնը որոշեց գործել «Միասնաբար դէպի փրկութիւն» կարգախօսին համաձայն:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն դրուատեց աշխատանքային ծրագիրին մշակումը ստանձնած նախարարական յանձնախումբի աշխատանքը, որ արագօրէն ամբողջացաւ: Ան մաղթեց, որ բոլոր նախարարները շարունակեն գործել համագործակցութեամբ եւ արտադրողականութեան հիման վրայ, որովհետեւ ատիկա կառավարութեան յաջողութեան գլխաւոր պայմաններէն է:
Նախագահ Աուն ընդգծեց ժողովուրդին ապրուստի հարցերուն արագ լուծումներ ապահովելու կարեւորութիւնը:
Ան հաստատեց, որ այս հարցին լուծումը ամէնէն անհրաժեշտն է, եւ պէտք է անոր նախապատուութիւն, հետաքրքրութիւն եւ բծախնդրութիւն ընծայել, որպէսզի կարելի ըլլայ քաղաքացիները տառապանքէ անյապաղ փրկել:
Իր կարգին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը միշտ համագործակցութեան կարիքը ունի` իրականացնելու համար իրմէ պահանջուած արտադրողականութիւնը:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց աշխատանքային ծրագիրի մշակման յանձնախումբին մաս կազմած նախարարներուն` անոնց ցուցաբերած գործակցութեան համար, եւ մաղթեց, որ այդ ոգիով կը շարունակեն գործել` ապահովելու համար Լիբանանի գերագոյն շահերը:
Տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահի նիստէն ետք յայտնեց, որ կառավարութիւնը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է իր աշխատանքային ծրագիրը` կատարելով մանր բարեփոխումներ:
Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Քըրտահի յայտնեց, որ վառելանիւթին տրամադրուած պետական նպաստը ջնջելու առումով ոչ մէկ որոշում տրուած է:
Ան նշեց նաեւ, որ նիստին ընթացքին քննարկում կատարուած է դրամատնային մարզը բարեկարգելու եւ զայն վերակազմաւորելու առումով, եւ այդ գծով համաձայնութիւն գոյացած է:
Նշենք, որ երեկոյեան նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը իր վերջնական տարբերակով փոխանցեց խորհրդարան: