Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Պետական Մարզին Տրամադրուելիք Ընկերային Օժանդակութիւնը

Նախագահ Աուն Նախարար Պու Հապիպէն Պահանջեց Ապահովութեան Խորհուրդին Մօտ Բողոքել Իսրայէլի Դէմ

February 1, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Cabinet Approves Social Aid to Public Sector, Pensioners

Նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին շարունակեց 2022-ի պետական ամավարկի օրինագիծի քննարկումը:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի տեղակալ Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայնութիւն չէ գոյացուցած մաքսատնային տոլարի փոխարժէքին շուրջ, եւ ելեկտրականութեան թղթածրարին քննարկումը յետաձգած է չորեքշաբթի, 2 փետրուարին: Այդ թղթածրարը պիտի քննարկուի զոյգ նիստերու ընթացքին:

Հալապի նշեց, որ նախարարաց խորհուրդը վաւերացուցած է պետական մարզին տրամադրուելիք ընկերային օժանդակութիւնը, որ պիտի տրամադրուի ամսական աշխատավարձի 75 առ հարիւրին հիման վրայ, այսինքն` ոչ նուազ քան 2 միլիոն լ. ոսկի եւ ոչ առաւել քան 4 միլիոն լ. ոսկի: «Նոյն համեմատութիւնը նկատի առնուած է նաեւ հանգստեան կոչուած պաշտօնեաներուն պարագային», ըսաւ Հալապի:

Ան նշեց, որ ընկերային օժանդակութիւնը պիտի ներառէ պետական հաստատութիւններուն, Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին (տաման), կրթական մարզին եւ հիւանդանոցներուն պաշտօնեաները:

Հալապի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի յայտնեց, որ ապահովութեան ուժերը բացայայտած են 17 լրտեսական ցանցեր, որոնք Լիբանանի տարածքին կը գործէին` ի նպաստ Իսրայէլի:

Միւս կողմէ, ան նկատել տուաւ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպէն պահանջեց ապահովութեան խորհուրդին մօտ բողոքել Իսրայէլի դէմ` լիբանանեան օդային տարածքը օգտագործելով Սուրիան ռմբակոծելու անոր արարքին համար:

Հալապի աւելցուց նաեւ, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի նախարարաց խորհուրդին ներկայացուցած է քուէյթեան յուշագիրին իբրեւ պատասխան լիբանանեան նամակին ստեղծած մթնոլորտին մանրամասնութիւնները:

Հալապի յայտնեց, որ կառավարութիւնը քննարկած է նաեւ ընկերային բնոյթի հաստատութիւններուն տրամադրուելիք պետական օժանդակութիւններուն հարցը, ինչպէս` ծերանոցները, յատուկ կարիք ունեցողներու կեդրոնները, թմրամոլութեան ախտէն բուժուելու եւ ընտանեկան բռնութեան ենթարկուած կիներու յատուկ կեդրոնները: «Այս կեդրոններուն տրամադրուելիք պետական օժանդակութիւնը վաւերացուեցաւ 400 միլիառ լ. ոսկիով», ըսաւ Հալապի:

Իր կարգին, ընկերային հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժար յայտնեց, որ այսօր կ՛աւարտի «daem» ե-հարթակին վրայ կատարուելիք ընկերային օժանդակութիւններու դիմելու արձանագրութիւններուն ժամկէտը` աւելցնելով, որ աւելի ուշ պիտի հրաւիրեն մամլոյ ասուլիսի մը` բացատրելու համար բոլոր մանրամասնութիւնները:

ՆՇԵՆՔ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի բարձր գնահատեց ապահովութեան ուժերուն կողմէ իսրայէլեան գործակալներու ցանցերուն բացայայտումը: Ան ողջունեց ապահովութեան ուժերը, որոնք կը հսկեն Լիբանանի ապահովութեան եւ կ՛ամրապնդեն անոր քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Previous Post

Թլայս. «Ընդհանուր Գործադուլ Եւ Ճամբաներու Փակում` 2, 3 Եւ 4 Փետրուարին»

Next Post

In about-face, police appear to admit misuse of NSO phone hacking tech

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.