Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի: Քննարկուեցան կառավարութեան մշակած ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը, ինչպէս նաեւ երեք միջոցներ, որոնք կը վերաբերին փտածութեան դէմ պայքարի սկսելու:
Կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, կառավարութեան նիստին աւարտէն ետք, տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր նիստին վաւերացուցած է փտածութեան դէմ պայքարի եւ իւրացուած գումարներու վերադարձի չորս անմիջական միջոցներ, ինչպէս նաեւ շարունակած է քննարկել ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը:
Ան նշեց, որ կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ ետք ժամը 1:00-4:00 պիտի գումարէ արտակարգ նիստ մը` վերջնականացնելու համար այդ ծրագիրը, որ շատ հաւանաբար պիտի վաւերացուի հինգշաբթի, 30 ապրիլին, նախագահական պալատին մէջ կառավարութեան գումարելիք նիստին ընթացքին:
Նախարարը նկատել տուաւ, որ այդ միջոցներէն մէկն է հետաքննութիւններ կատարել ու ճշդել այն հաշիւները, որոնցմէ նիւթական փոխանցումներ կատարուած են եւ այդ հաշիւներուն տէրերուն դէմ որոշ դասաւորումներու նախաձեռնել, 17 հոկտեմբեր 2019-էն ետք Լիբանանէն այլ երկիրներ կատարուած նիւթական փոխանցումները վերադարձնել Լիբանան:
Պատասխանելով սղաճին մասին լրագրողի մը հարցումին` Ապտել Սամատ յայտնեց, որ այդ իմաստով տնտեսութեան նախարարութիւնը շարք մը նախաձեռնութիւններու դիմած է` աւելցնելով, որ անիկա ուղղակիօրէն կապուած է ամերիկեան տոլարին, որ իր կարգին առնչուած է Կեդրոնական դրամատան քաղաքականութեան: «Այս առումով եւս կառավարութիւնը պիտի ունենայ իր դերակատարութիւնը», հաստատեց ան:
Անդրադառնալով փողոցին մէջ տիրող կացութեան` Ապտել Սամատ յայտնեց, որ այդտեղ կան սադրիչներ, որոնց պատճառով ալ կացութիւնը արդարացի պահանջներու շրջագիծէն դուրս եկած է
Նիստին ընթացքին վարչապետը յայտնեց, որ երկիրը այսօր այլ իրականութեան դիմաց կը գտնուի: Իրականութիւն մը, որուն լոյսին տակ ընկերային եւ ապրուստի տագնապը սրընթաց բարդացում արձանագրած է, եւ անոր հիմնական բարդացումը դիտաւորեալ կերպով պատահած է` ամերիկեան տոլարի արժէքին արտակարգ բարձրացումին իբրեւ հետեւանք:
«Ամերիկեան տոլարի արժէքին բարձրացումը փորձագէտներու կարծիքին չի կարօտիր, կան առարկայական ազդակներ, կան քաղաքական ենթահողով առեւտրական ազդակներ, ինչպէս նաեւ կան լուծման բացթողումներ, սակայն այս բոլորին հետեւանքը եղաւ այն, որ լիբանանցիները յաւելեալ ճնշումներու ենթարկուեցան: Ամէն պարագայի, բնական է, որ ժողովուրդը փողոց իջնէ եւ պոռթկայ, արտայայտէ իր զայրոյթը, ինչպէս էր պարագան 17 հոկտեմբերին, յատկապէս երբ անոնց համար յստակ դարձաւ, որ կառավարութեան կողմէ փտածութեան թղթածրարներ բանալու դէմ քաղաքական որոշ փորձեր գոյութիւն ունին: Մենք կը հասկնանք ժողովուրդին պոռթկումը` այն քաղաքականութիւններուն դէմ, որոնց պատճառով երկիրը հասած է ընկերային, տնտեսական, ելեւմտական եւ ապրուստի այս իրականութեան, ինչպէս նաեւ կը հասկնանք ժողովրդային վճռակամ պահանջները` այս փլուզումը պատճառող փտածները հետապնդելու եւ հաշուետուութեան կանչելու առումով: Մենք համաձայն ենք ժողովրդավարական ամէն տեսակի արտայայտութեան, որ ժողովուրդին ցաւերու թարգմանը կը հանդիսանայ, սակայն կը մերժենք բոլոր այն վատ փորձերը, որոնք այդ արտայայտութիւնը կը շեղեն իր նպատակէն` ցոյցերը վերածելով խուլիկանութեան եւ վայրագութեան, որոնք ուղղակի վնաս կը հասցնեն ժողովուրդին արդարացի պահանջներուն, եւ որոնք քաղաքական ներդրումի կը վերածուի` քաղաքական անձնական շահեր ապահովել եւ ախորժակներ յագեցնլու: Հետեւաբար, կը վերահաստատեմ նախապէս արտայայտած կեցուածքներս, որ արգիլուած է երկրին ապահովական կայունութիւնը խախտել, իսկ խախտողները` խուլիկանութիւններ կատարողները հաշուետուութեան պիտի կանչուին: Պետութիւնը ձեռնածալ պիտի չմնայ: Լիբանանեան կարգ մը շրջաններուն մէջ պետական եւ սեփական կալուածներուն դէմ արձանագրուած յարձակումները, լիբանանեան բանակը թիրախ դարձնելը եւ բանակայիններուն դէմ յարձակումները կը փաստեն, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը խախտելու վատ միտումներ կան: Այս մէկը կրակով խաղալ է, եւ անիկա պիտի այրէ մատները անոնց, որոնք կ՛ուզեն ժողովուրդին արիւնը հոսեցնել` իրենց անձնական շահերը ապահովելու համար: Թրիփոլիի մէջ երիտասարդ մը նահատակուած է արդէն, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները` անոր ընտանիքին», ըսաւ վարչապետ Տիապ:
Վարչապետ Տիապ կոչ ուղղեց` փտածութեան եւ փտածներուն դէմ պոռթկացող լիբանանցիներուն, առիթ չտալու, որ իրենց արդարացի պահանջները ներքաշուին քաղաքականութեան մէջ:
Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ փտածութեան դէմ պայքարելու իմաստով լիբանանցիներուն պահանջքին անսալ, եւ ոչինչ պիտի կասեցնէ զայն` այս մարտահրաւէրը դիմակայելու: «Այսօրուան մեր օրակարգը յագեցած է իւրացուած գումարները վերադարձնելու եւ փտածները բացայայտելու կէտերով: Իսկ քաղաքական առումով ոչինչ կ՛արգիլէ մեզ մեր սկսած ուղին շարունակելու, եւ քաղաքականութեան մէջ մեզ հետաքրքրողը այդ ոչինչն է, որ շատ աւելի լաւ է, քան` այն ամէնէն, որոնց մաքրութեան եւ անհետացումին համար մաքրութեան կամ հականեխումի ոչ մէկ դեղ գոյութիւն ունի», ըսաւ ան:
Տիապ – Շիա Հանդիպում
Կառավարութեան նիստէն ետք Տիապ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նիստէն ետք Շիա ընդվզում յայտնեց ցոյցերուն ոչ խաղաղ բնոյթին հանդէպ, ինչպէս նաեւ վերահաստատեց Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ գործակցելու անհրաժեշտութիւնը:
Շիա նկատել տուաւ, որ ամերիկեան իշխանութիւնները` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին խողովակով Լիբանանին մարդասիրական օժանդակութիւն պիտի տրամադրեն` պայքարելու համար «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ:
Աւելի ուշ, Շիա հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ երկրին մէջ տիրող տնտեսական տագնապին պատճառով լիբանանցիներուն մօտ առկայ յուսալքումը հասկնալի է, իսկ բողոքող ցուցարարներուն պահանջները արդարացի են: «Սակայն վայրագութիւնները, բռնարարքները, սպառնալիքները, ինչպէս նաեւ կալուածներու քանդումը շատ մտահոգիչ երեւոյթներ են եւ պէտք է կասեցուին: Կը յորդորենք բոլորը ինքնազսպումի ենթարկուելու, ինչպէս նաեւ իրարու միջեւ ընկերային հեռաւորութիւնը պահպանելու` «Քորոնա» ժահրով վարակուելէ նախազգուշութեան նպատակով», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Լոտրիան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Վարչապետ Տիապի
Միւս կողմէ, վարչապետ Տիապ երէկ երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիանէն, որ յայտնեց, թէ Ֆրանսա կը զօրակցի Տիապի բարեկարգումի ծրագիրին: Ան աւելցուց, որ Ֆրանսա պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանին` Միջազգային դրամական ֆոնտինհետ գործակցելու շրջագիծին մէջ:
Լոտրիան ընդգծեց նաեւ Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը` Լիբանանի օժանդակող երկիրներու խմբաւորումի ժողով մը հիւրընկալելու, «Քորոնա»-ի համաճարակին վերաբերող յայտարարուած արտակարգ իրավիճակի բեկանումէն ետք: