ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Դուք ուզեցիք խուսափիլ պատերազմէն ի գին անպատուութեան:
Ունիք անպատուութիւնը եւ պիտի ունենաք պատերազմը:
ՈՒԻՆՍԹԸՆ ՉԸՐՉԻԼ
Գործնապաշտ հայեր եւ օտար խօսակիցներ կը զարմանան, որ դար մը առաջ ստորագրուած դաշնագրին մասին կը խօսինք: Ժամանակը եւ կեանքը արագացած են, քաղաքացիներու եւ պետութիւններու դիմագրաւած հարցերը աճած են: Այսօր, երբ պսակաձեւ ժահրը ամէն օր կեանքեր կը խլէ, կեանքերու կը սպառնայ, ի՞նչ այժմէականութիւն կրնայ ունենալ հարիւր տարի առաջ ստորագրուած թուղթ մը, որ բախտաւոր պարագային, կը հետաքրքրէ միայն պատմաբանները:
Այսպէս կրնան մտածել եւ վերաբերիլ սպառողական եւ զբօսի քաղաքակրթութեան մէջ ընդարմացած մարդիկ, անոնց շարքին, ափսոս, նաեւ` հայեր: Ժողովուրդի մը իրաւունքը իր կեանքի խնդիրն է, այդ իրաւունքը չի շփոթուիր անհատական իրաւունքի հետ: Եթէ անհատին հանդէպ անիրաւութիւն գործուած է, անոր համար կարելի է հատուցում պահանջել կամ սահմանել դատապարտութեան բարոյական խօսքեր:
Ազգի իրաւունքը ժողովուրդի եւ պատմութեան կուտակում է եւ զայն կարելի չէ ջնջել ո՛չ պատերազմով, ո՛չ անիրաւողի յաղթանակով, ո՛չ ալ շահախնդրուածներու համաձայնութիւններով, որոնք մեծխօսիկութիւններու ետին, կ’առաջնորդուին նպարավաճառային հաշիւներով:
Այս մասին մտածեցի, երբ յաղթական դաշնակիցներու նահանջով յատկանշուող Լոզանի դաշնագրի տարեդարձի օրը, Թուրքիոյ նախագահը, բռնագրաւողի իրաւունքով, Կոստանդնուպոլսոյ քրիստոնէական տաճար Սուրբ Սոֆիան, Մեհմետ Ֆաթիհի քայլերուն վրայ, զայն վերածեց մզկիթի: Կրօններու համակեցութիւնը ցանկալի է, իրենք զիրենք յարգող մարդիկ այլ կերպ չեն մտածեր, բայց համակեցութեան համար երկու կամ աւելի պէտք է ըլլալ:
ԻԱ. դարուն, երբ կը խօսուի օրէնքի եւ իրաւունքի գերակայութեան մասին, ինչպէ՞ս երկիր մը եւ անոր նախագահը գիծ կը քաշեն պատմութեան եւ յիշողութեան վրայ, բրտօրէն այլ կրօնի մը աղօթատեղին կ’իւրացնեն: Այլ բացատրութիւն չունի Սուրբ Սոֆիա քրիստոնէական տաճարի մզկիթի վերածումը, որ նոյնպէս արատ է իսլամական աշխարհին համար, քանի որ համակեցութեան դրժում է:
Այս բրտութիւնները հետեւանք են քաղաքակիրթ աշխարհի ընդունած, բայց չյարգած-չգործադրած Սեւրի դաշնագրին, առեւտրական-գաղութարարական եսապաշտ շահախնդրութիւններու զոհելով արդարութիւնը եւ ժողովուրդներու իրաւունքը: Յաճախ կը խորհիմ, որ բողոքի ցոյցեր պէտք է ըլլան ընդդէմ անոնց, որոնք խոստմնադրուժ եղան` մեղսակից դառնալով իրաւազրկողին, իրաւազրկողներուն:
Կը մտածեմ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ազգայնականութեամբ յատկանշուող քաղաքակրթական եւ աշխարհիկ տարրական բարենորոգչութեան մասին: Նոյնիսկ ի՞նչ կը մնայ Աթաթիւրքի տարրականէն: Թուրքիոյ նախագահը վերջ կու տայ փակագիծին եւ ինքզինք կը սահմանէ սուլթան Մեհմետ Ֆաթիհը շարունակողի դերին մէջ եւ կ’աղօթէ այն տաճարին մէջ, ուր ջարդուած էին քրիստոնեայ հոգեւորականներ: Համամարդկային ժառանգութիւն յայտարարուած Սուրբ Սոֆիան կրօնական մոլեռանդութեան եւ անհանդուրժողութեան բեմ կը դառնայ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի, աշխարհի խաղաղութեան հսկողներու, կրօնական ազատութիւնները ջատագովողներու եւ վանտալիզմները դատապարտողներու աչքին առջեւ:
Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը հեռանայ ժամանակակից Թուրքիոյ հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալի իմաստութենէն, որ 1934-ին Սուրբ Սոֆիա եկեղեցին դարձուցած էր թանգարան, նոյնիսկ եթէ զայն չէր վերադարձուցած անոր իսկական տէր ուղղափառ յոյն եկեղեցիին: Միամիտ չենք. Մուսթաֆա Քեմալ արդարութեան եւ ճշմարտութեան ասպետ մը չէր, այլամերժ ազգայնականութեան ջատագով էր: Բայց չէր ուզած ըլլալ աշխարհի իսլամներու առաջնորդ: Այդ փառասիրութիւնը չէր ունեցած: Իսկ Ռեճեփ Էրտողանի սուլթանական փառասիրութիւնները անսահման են: Ժամանակի հարց է` իրականացնելու համար Վիեննայի պատերուն տակ վերադարձի նուաճողական երազանքը…1683-ի պարտութենէն ետք:
Սուրբ Սոֆիա եկեղեցիի մզկիթի վերածումը մարտահրաւէր է, որ կը ծառայէ նաեւ ներքին սպառման` ամրացնելու համար կապը իր ընտրազանգուածին հետ:
Յունաստանի վարչապետը կը բողոքէ, բայց իր հակազդելու կարելիութիւնները սահմանափակ են, իսկ ի՞նչ պէտք է ընեն Ատլանտեան ուխտի (OTAN) իր զինակիցները եւ Եւրոմիութիւնը: Անոնք գործնապէս պիտի զօրակցի՞ն, բանիւ եւ գործով, ոչ միայն բանիւ, պաշտպանելու համար Յունաստանի մշակութային եւ հոգեկան ժառանգութիւնը: Արտաքին գործոց նախարարի մը ափսոսանքը ոչ մէկ կշիռ ունի բիրտ ուժին դէմ, իսկ Հռոմի քահանայապետը կրնայ յուզուիլ, որքան որ ուզէ: Ի՞նչ կ’առաջարկէ, ի՞նչ կը պահանջէ` գէթ անոնցմէ, որոնք զինք կը լսեն կամ ձեւացնեն լսել:
Իսկ խօսուն է նախընթացը. թրքական բանակը 1974-ին ներխուժած էր Կիպրոս, որ անդամ է Եւրոմիութեան, եւ անդամ երկրի տարածքին մէկ մասը գրաւուած կը մնայ մինչեւ այսօր:
Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան բիրտ ուժի ցուցադրութեամբ ասպարէզ կը կարդայ բոլորին: Աշխարհ կրնայ ճանչնալ այն իրողութիւնը, որ Թուրքիա ցեղասպանութիւն գործած է հայոց դէմ, ինք կամայականութեամբ կը մերժէ ճշմարտութիւնը ընդունիլ: Արեւմտեան աշխարհը Թուրքիոյ նախագահի անսանձ կամայականութեան կը հակադրէ մարդկային իրաւանց սկզբունքեր: Տարբեր առիթով մը հայ բանաստեղծ մը խօսած էր թղթէ կապարճի մասին: Այդ կ’ընեն Թուրքիոյ մէջ հալածուած եւ զանազան երկիրներու մէջ ապաստան գտած թուրք մտաւորականները: Այսինքն Թուրքիոյ նախագահը ինք կ’որոշէ եւ ինք կը պարտադրէ բանակցութիւն, որ պէտք է յանգի իր որոշման: Այս ըմբռնումով միայն կարելի է երկխօսութիւնը: Այս է Ռեճեփ Էրտողանի միջազգային յարաբերութիւններու բարոյականը եւ չափանիշը:
Ըսաւ, որոշեց, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ համամարդկային ժառանգութիւն ճանչցուած քրիստոնէական տաճարը դարձաւ մզկիթ:
Այս ընելով` Ռեճեփ Էրտողան ծառայութիւն չմատուցեց իսլամութեան:
29 մայիս 1453-ի ուղիղ շարունակութիւն, գէթ առայժմ` առանց արիւնահեղութեան: Բայց ի՞նչ է տարբերութիւնը ժառանգութեան եւ հոգեկան բիրտ իւրացման եւ արիւնահեղութեան: Յափշտակութիւն եւ կողոպուտ: Մեհմետ Ֆաթիհի նուաճումներու շարունակութիւն եւ ամրապնդում:
Պատմութեան ներկայ հանգրուանին, նախկին գաղութներու, գերեվաճառութեան եւ հակասեմականութեան հարցերով հրապարակային զղջումներ կը պահանջուին, repentance:
1453-ին թուրքերը մտան Կոստանդնուպոլիս, եւ տեղի ունեցաւ ազգաբնակչութեան զանգուածային ջարդ: Սուրբ Սոֆիա եկեղեցիին դարպասները քանդուեցան եւ հոն աղօթող կրօնականները ջարդուեցան, հաւատացեալները ջարդուեցան եւ գերեվարուեցան: Թուրքիան եւ իր առաջնորդը զղջում արտայայտեցին, repentance, այդ չարագործութիւններուն համար: Կրաւորականութեամբ մեղսակից հանդիսատեսները լռեցին եւ կը լռեն, որովհետեւ հաշտուեցան կացութեան հետ, եւ համոզուած իր անպատժելիութեան, 462 տարի ետք, 1915-ին, Թուրքիա գործեց Հայոց ցեղասպանութիւնը: Անպատիժ բռնագրաւողի տրամաբանութիւնը շարունակելով` Թուրքիա մարդկութիւնը կրնայ կանգնեցնել նոյնանման արարքներու առջեւ:
Որպէսզի վերականգնի Օսմանի կայսրութիւնը:
Աշխարհի ճակատագիրը որոշողներու շահախնդրութիւններու հետեւանք` կամաւոր կուրութիւնները մինչեւ ո՞ր համամարդկային աղէտները կրնան առաջնորդել:
Ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ չէր գիտեր: Մեծերը եւ պզտիկները:
Պէտք է յիշել Ուինսթըն Չըրչիլի ճշմարտութեան բիրտ խօսքը:
Սեւրի դաշնագրի ներշնչած ճշմարտութեան եւ արդարութեան խաբուսիկ գինովութենէն ետք Լոզանի դաշնագիրը կապարէ կափարիչ դրաւ անոնց վրայ:
Բարոյականութեան պարտութենէն, արժէքներու եւ սկզբունքներու նահանջէն անցած է հարիւր տարի եւ հինգ օր…
29 յուլիս 2020, Նուազի-լը-Կրան