Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեան 6 սեպտեմբերին ընդունեց զօր. Ռուստամ Մուրատովը, որ կ՛աւարտէ իր առաքելութիւնը` իբրեւ Արցախի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար:
Հանդիպումին, որուն մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանութեան պաշտպանական հարցերով կցորդ, գնդապետ Իկոր Շչերպաքով, քննարկուեցաւ Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութեան ընթացքը, ինչպէս նաեւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրադրութիւնը:
Արշակ Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց զօր. Ռուստամ Մուրատովին` Արցախի մէջ խաղաղութեան պահպանման առումով ներդրած ջանքերուն համար եւ յաջողութիւն մաղթեց` անոր հետագայ գործունէութեան: