Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Աւագ հինգշաբթի, 18 ապրիլ 2019-ի յետմիջօրէին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն, որ յիշատակութիւնն է Քրիստոսի աշակերտներուն ոտքը լուալուն եւ կը կ՛ընդգրկէ խոնարհութեան ու սիրով ծառայութեան պատգամը:
Հետեւելով Մեծ Վարդապետին օրինակին` վեհափառ հայրապետը ղենջակ կապած ծունկի գալով լուաց Յիսուսի տասներկու աշակերտները խորհրդանշող միաբան հայրերուն եւ դպրեվանքի սաներուն ոտքերը: Այս խորհրդալից արարողութենէն ետք, ան հաւատացեալներուն ուղղեց իր հայրապետական պատգամը:
Լուսարձակի տակ առնելով սիրոյ քրիստոնէական բնորոշումը` վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ այս սէրը սովորական եւ զգացական չէ, այլ` հաւատացեալին կեանքին մղիչ ուժն է. «Սէրը պէտք է ունենայ իր ընթացքն ու մանաւանդ նպատակը, որովհետեւ քրիստոնէական հաւատքին ծնունդը սիրոյ վրայ հիմնուած է: Աստուածաշունչի իւրաքանչիւր բառ սէ՛ր կը ճառագայթէ, իսկ Աստուած իր էութեամբ սէր է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումը աստուածային սիրոյ շօշափելի արտայայտութիւններէն մէկն է: «Այսօրուան արարողութիւնը անգամ մը եւս կու գայ յիշեցնելու մեզի, թէ որքա՛ն հրամայական է սէրը ընդհանրապէս մարդուն եւ յատկապէս քրիստոնեային կեանքին մէջ», ընդգծեց ան:
Վեհափառ հայրապետը ապա խօսեցաւ սիրոյ մասին` մեկնելով աստուածաբանական դիտանկիւնէն ու յայտնեց, որ սէրը իր մէջ կը պարփակէ խոնարհութիւն ու ծառայութիւն` հեռու ամբարտաւանութենէ, աւելցնելով. «Խոնարհութիւնը չշփոթենք միամտութեան, պարզամտութեան կամ նոյնիսկ հեղինակութեան հետ: Քրիստոս Իր իշխանութիւնն ու հեղինակութիւնը կերտեց խոնարհութեամբ»: Վեհափառ հայրապետը աւելցուց, որ սէրը առանց ծառայութեան ոչինչ է, որովհետեւ ինչպէս Աստուած Իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց խոնարհութեամբ ծառայելու մարդուն, նոյնպէս ալ մենք Աստուծոյ մեզի պարգեւած շնորհները պարտինք ծառայեցնել մեր եկեղեցւոյ, ազգին, ընտանիքին ու ընկերութեան:
Վեհափառ հայրապետը պատգամը եզրափակեց հրաւիրելով հաւատացեալները հետեւելու Քրիստոսի պատգամին` ըլլալ խոնարհ, սիրով ծառայել` իբրեւ մեր ճշմարիտ սիրոյ շօշափելի արտայայտութիւն:
Նշենք, որ Աւագ հինգշաբթի առաւօտուն մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Կարգ ապաշխարողաց եւ Հաղորդութեան Ս. պատարագ, իսկ ուշ երեկոյեան` Կարգ չարչարանաց, որուն ընթացքին հոգեպարար արարողութեան պատգամը ուղղեց մայր տաճարի լուսարարապետ Մակար եպս. Աշգարեան: