Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ – ՊԱՅՔԱՐ 227
Վարդան Յարթունեան իր հօր՝ Աբրահամ Յարթունեանի հեղինակած յուշագրութեան հայերէն անտիպ բնագիրը անգլերէնի թարգմանելով հրատարակած է հետեւեալ խորագիրով՝ «Ո՛չ Խնդալու է, Ո՛չ ալ Լալու- Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Յուշագրութիւն», Հայագիտութեան Եւ Հետազօտութեան Ազգային Ընկերակցութիւն, Քէմպրիճ, Մասաչուսէց 02138, Բ. Հրատ., Ա.Մ.Ն., 1986, 206 էջ (Neither to Laugh, Nor to Weep- A Memoir of the Armenian Genocide- National Association for Armenian Studies and Research, Cambridge, Mass. 02138, Second Edition, USA, 1986, 206 pages): Գիրքը Վերապատուելի Աբրահամ Յարթունեանի կեանքի ոդիսականին պատմութիւնն է:
Թէեւ տառապողը հեղինակն է, սակայն Վերապատուելի Աբրահամ Յարթունեան իր կեանքի ամբողջ ոդիսականը պատմելու ընթացքին զուսպ է եւ առարկայական: Ան դէպքերը մանրամասնութեամբ կը նկարագրէ եւ ոչ մէկ ատելութիւն ունի թշնամիին հանդէպ, մեկնելով զուտ քրիստոնէական վարդապետութեան հիմքերէն: Ընթերցողը կարդալով անոր տողերը պահ մը կը տարուի մտածելու, թէ ան թուրքին եւ կարգ մը կողմերու հանդէպ բուռն ատելութիւն կրնայ ունենալ իր սրտին մէջ, բայց իրականութիւնը այդպէս չէ: Յուշագիրքին խմբագիրն ու թարգմանողը՝ Վարդան Յարթունեան, գիրքին սկիզբը զետեղած է հեղինակին ուշագրաւ հետեւեալ խօսքը, ուր կ’ըսէ. «Քանի որ իմ ինքնակենսագրութիւնս կապուած է Թուրքիոյ, թուրքերու եւ իսլամներու, ինչպէս նաեւ կարգ մը եւրոպական ոյժերու հետ, բնական է որ ես շատ զօրաւոր քննադատութեան առարկայ դարձնեմ զանոնք: Կը փափաքիմ որ մարդիկ գիտնան թէ անոնց հանդէպ իմ սրտիս մէջ ո՛չ ատելութիւն եւ ո՛չ ալ վրէժ պահած եմ: Ես չեմ գրած անպատուելու համար մէկը: Մասնաւորաբար, մտադրութիւն չունիմ թուրքերու դէմ միտքեր թունաւորելու: Վստահ եմ որ ներկայի թուրքը հին թուրքին ըրածներէն կ’ամչնայ: Կը հաւատամ թէ այսպէս կոչուած Եւրոպայի քրիստոնեայ ոյժերը կը զղջան իրենց գործած սխալները հայոց վրայ բարդելու համար: Վերջապէս կը հաւատամ որ այս աշխարհի վրայ Աստուծոյ զօրաւոր կամքը պիտի իշխէ եւ արդարութիւնը չարիքի ոյժին պիտի յաղթէ» (էջ v):
Վերապատուելի Աբրահամ Յարթունեան ոչ միայն Մեծ Եղեռնի դառնութիւնն ու բռնագաղթը ճաշակած է, այլ անկէ առաջ ան ենթարկուած է բազում տառապանքներու 1895-ի Ապտիւլ Համիտեան ջարդերուն ընթացքին: Այս մասին անկէ սրտցաւ գրութիւն մը կը մէջբերենք՝ առ ի լրացումն իր վերոյիշեալ խօսքերուն. «Ողջ մնացած հայերը սարսռած վիճակի մէջ էին: Տուները առանց դուռի եւ պատուհանի մնացին: Ո՛չ անկողին կար, ո՛չ վառելանիւթ, ո՛չ հագուստ եւ ո՛չ ալ ուտելիք: Ի՞նչպէս կարելի էր ապրիլ: Միակ փրկութիւնը… մուրալ էր բաց ափ երկարելով: Սակայն որոնցմէ՞ մուրալ: Այն ո՛ճրագործներէն, որոնց տուները այժմ լեցուած են հայոց ստացուածքներով եւ ինչքերո՞վ» (էջ 20):
Սոյն յուշագիրքին Բ. Հրատարակութեան առթիւ ներածականը գրած է Հայասպանութեան ականատես վկայ եւ հմուտ վերլուծող, Ա.Մ.Ն.-ի Օսմանեան Պետութեան մօտ Կ. Պոլսոյ մէջ դեսպան Հենրի Մորկընթաու, որ բազմիցս միջամտած է թուրք բարձրաստիճան պետական մարդոց մօտ՝ հայոց կոտորածներն ու բռնագաղթերը դադրեցնելու համար:
Մեծ Եղեռնի նախորդող տարիներուն արդէն ուրուագծուած էր Երիտթուրքերու իսկական դիմագիծը Կիլիկիոյ հայոց Աղէտով: Սուլթան Ապտիւլ Համիտ 1895-6ի հայոց ջարդերէն բացի, այս ոճիրի յանցանքին մէջ եւս բաժնեկից էր անոնց: Հայերը յուսախափ եղած էին, սակայն վերատեսութեան չենթարկեցին Երիթուրքերու կողքին կենալու իրենց սխալ արարքը: Ահա այս կէտն է որ կը շեշտէ Մորկընթաու աւելցնելով. «Երիտթուրքերը շուտով համերաշխ գործակցութեան գաղափարը վանեցին հայոց միտքէն եւ հասկցուցին անոնց թէ բռնատիրելու եւ բռնատիրուելու նախկին օրէնքը կը շարունակուի: Թուրքերուն վերաբերմունքը հայոց հետ 1913-ին անտանելի չափանիշերու հասաւ եւ հայերը դիմեցին եւրոպական կառավարութիւններու իրենց ազատութիւնը ապահովելու ձգտումով» (էջ ix):
Կասկած չունենալով թուրքերու պատեհապաշտութեան եւ ընծայուած առիթները շուտով շահագործելու մարմաչին վրայ՝ իրենց ոճրային արարքները գործադրութեան դնելու համար, Մորկընթաու կ’ըսէ. «Պատերազմի պայմանները թրքական կառավարութեան երկար ատեն երազած առիթը տուին, որպէսզի Հայոց վիզը սեղմէ՝ սպաննելու համար: Սկիզբը կառավարութիւնը հայ երեւելները տեղեկացուց որ եթէ որեւէ հայ դոյզն չափով իսկ նպաստէ ռուսական բանակին՝ երբ ան կը յարձակի Թուրքիոյ վրայ, կառավարութիւնը պիտի չբաւականանայ հետապնդելով, այլ պիտի պատժէ ամբողջ հայ ազգը»: Ահաւասիկ հոս թուրքերը իրենց գործադրելիք ծրագիրին նախապատրաստութիւն կը տեսնեն եւ սկիզբէն անոր արդարացում կու տան: Մորկընթաու կ’աւելցնէ. «Թուրքերը 1914-ի գարնան յղացան հայոց բնաջնջման ծրագիրը: Անոնք քննադատեցին իրենց նախնիները քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները կրօնափոխ չընելնուն համար» (էջ x): Թուրքերը խիստ բարկացած էին իրենց նախնիներուն վրայ որովհետեւ իրենց կարծիքով անոնք զլացած էին իրենց պարտականութեան մէջ: «Թուրքերը լաւ մտածելէ յետոյ եզրակացուցին թէ երբ արդէն իրենք իրենց ոճրային արարքները վերջացնեն, մեծ ոյժերը իրենք զիրենք կատարուած իրողութեան առջեւ պիտի գտնեն», կ’աւելցնէ Մորկընթաու (էջ x):
Օտարները լաւ գիտէին հայոց եւ թուրքերու միջեւ հսկայ քաղաքակրթական մակարդակի տարբերութիւնը: Հայերը մարդկայնօրէն շատ աւելի քաղաքակիրթ եւ յղկուած էին քան թուրքերը: Այս մասին Մորկընթաու ակնարկութիւն մը կ’ընէ բռնագաղթուած հայոց մասին խօսելու ընթացքին. «Բռնագաղթի ճանապարհին դէպի հարաւ-արեւելեան անապատները հայոց ոչ մէկ փոխադրամիջոց հայթայթուած էր: Զոհերը, որոնց մէջ կային բարձր մակարդակով զարգացած մարդիկ եւ կիներ պէտք է ոտքով քալէին եւ աւազակախումբերու ու ոճրագործներու յարձակումներու ենթարկուէին՝ թուրքերու կողմէ մասնաւորաբար այս նպատակին համար ծրագրուած: Հայոց տուները կողոպտուած էին, ընտանիքի անդամները իրարմէ բաժնուած, այրերը սպաննուած, կիներն ու աղջիկները իրենց ճամբուն վրայ բռնաբարուած եւ թրքական ու քրտական հարէմները տարուած: Մանուկները գետը կը նետուին եւ կամ օտար մայրերու կը վաճառուէին» (էջ xi):
Մորկընթաու թուրքերու բոլոր վատ արարքները եւ բարբարոսութիւնները յիշելէ ետք զանոնք միամիտ կը կոչէ ըսելով. «Թրքական իշխանութիւնները նահանգներու միջեւ բոլոր հաղորդակցութեան միջոցները կտրած էին այն միամիտ կարծիքով, թէ անոնք պիտի կարենային թաքցնել այս դարերու ոճիրը արտաքին աշխարհի աչքերէն: Սակայն տեղեկութիւնները կը սպրդէին հիւպատոսներու, միսիոնարներու, օտար ճամբորդներու եւ նոյնիսկ թուրքերու միջոցով» (էջ xi):
Յուշագիրքի յառաջաբանը գրած պատմաբան Մարժորի Յուսէփեան Տոպքին գնահատելով վերապատուելի Աբրահամ Յարթունեանի գործը կ’ըսէ. «Հեղինակը իր անձնական կեանքի դրուագները սերտօրէն կը կապէ մեր ազգային կեանքի անցուդարձերուն հետ, որոնցմէ մենք կ’իմանանք հայոց հանդէպ թուրքերու վատ վարուելակերպին մասին շատ բաներ 1895էն 1922: Ապրած ըլլալով եօթը անջատ կոտորածներ որոնց շարքին 1915-ի Մեծ Եղեռնը եւ Զմիւռնիոյ Աղէտը 1922-ին, Վերապատուելի Յարթունեան իր յուշագիրքին մէջ կը մարմնաւորէ հայոց փորձութիւնները այդ տարիներու ընթացքին» (էջ xviii):
Պատմաբան Յուսէփեան իր յառաջաբանի վերջաւորութեան հետեւեալ կարեւոր ակնարկութիւնը կ’ընէ. «Վստահաբար աստուածային Արդարութեան կարգադրութիւն մըն է այն, թէ փաստօրէն հայոց մնացորդացը նոր հայրենիքներ հաստատած է, բազմապատկուած, եւ ճոխացած ու յառաջդիմած իր հայու ինքնութիւնը պահելով: Այսօր Աշխարհի վրայ կ’ապրին Օսմանեան Պետութեան մէջ ապրած հայոց թիւին կրկնապատիկը: Այս հրաշքի պէս բան մըն է եւ կը համընկնի Վերապատուելի Աբրահամ Յարթունեանի յոյսերուն» (էջ xix):
Դեսպան Մորկընթաուի եւ պատմաբան Յուսէփեան Տոպքինի այս յուշագիրքին բովանդակութեան մասին տուած գնահատականները սկիզբէն իսկ ցոյց կու տան, թէ ան իր մարզին մէջ կատարուած իւրայատուկ աշխատանք մըն է: