Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ-ՊԱՅՔԱՐ 245
Անցեալ դարու 50-ականներու վերջերը եւ վաթսունական ու եօթանասունական թուականներուն, իր եզակի կեցուածքներով հանդէս եկած է Սերոբ Աբոյեան պատմուածքներով եւ հրապարակագրութեամբ՝ Պէյրութի Սփիւռք շաբաթաթերթին մէջ: Մինչեւ 1975 Սփիւռք կը հրատարակուէր գրող Սիմոն Սիմոնեանի խմբագրութեամբ: 1975-1978 թերթը հրատարակուեցաւ գրող Գէորգ Աճեմեանի խմբագրութեամբ: Սերոբ Աբոյեանի պատմուածքներն ու հրապարակախօսութիւնները ի մի հաւաքուելով հրատարակուած են Սփիւռք պարբերաթերթի կողմէ՝ «Այ, Տօ Լաճ Տնաւեր» (Պատմուածքներու եւ յօդուածներու ժողովածու) խորագրին տակ, Երեւան, Տիգրան Մեծ հրատարակչութիւն, 2021, 320 էջ:
Սերոբ Աբոյեան ծնած է Քեսապ 1941-ին, ուր իր նախնական կրթութիւնը ստացած է: Ապա մեկնած է Կիպրոս, ուր Նիկոսիոյ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը յաճախած է, որ աւարտելէ ետք Պէյրութի Հայկազեան Գոլէճին (ներկայիս համալսարան) մէջ ուսանած է պատմագիտութիւն, որ 1961-ին աւարտած է Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսով: Հասարակական գործիչ եւ դաստիարակ Սերոբ Աբոյեան հայկական վարժարաններէ ներս հայերէն եւ պատմութիւն դասաւանդած է երկար տարիներ: Նոյն ատեն ան աշխատած է Գէորգ Աճեմեանի «Հելփ» գրախանութը եւ ապա պաշտօնավարած «Լեվանթ» գիրքերու տարածման հաստատութեան մէջ:
Սերոբ Աբոյեան դպրոցական պատանութեան շրջանին սիրոյ մասին պատմուածքներ գրած ու լոյս ընծայած է, որոնք իրապաշտական են, ուր ան կը ներկայացնէ կեանքը ինչպէս որ է: Իսկ իր հրապարակագրական յօդուածներուն մէջ ազգային գիտակցութեան զօրաւոր մղումով՝ կրցած է յեղափոխութիւն յառաջացնել հայ կեանքին մէջ, կոչ ուղղելով հայ երիտասարդութեան թօթափելու կողմնակի գաղափարական աջ կամ ձախ դեգումները եւ կեդրոնանալու այն ամենուն վրայ որ ազգային են:
Այս գիրքին յառաջաբանին մէջ իր պատմագրական գործունէութան մասին կը կարդանք. «Սերոբ Աբոյեանի ազգային հարցերու ըմբռնումին եւ հայոց պատմութեան լաւ գիտակ ըլլալուն արդիւնքն էր՝ իր անխորջ նեցակցութիւնն ու օգնութիւնը հայրենի բանասէր եւ հայագէտ Փրոֆ. Մօրուս Հասրաթեանին, երբ վերջինս 1970-ականներուն Պէյրութ կը գտնուէր Հայկազեան Գոլէճի (ներկայիս համալսարան) հրաւէրով, հոն հայագիտական նիւթերով դասախօսութիւններու շարք մը ներկայացնելու, որ շարունակուեցաւ յետագային ալ: Սերոբ Աբոյեան աշխուժօրէն գործակցեցաւ գրող, հրապարակագիր ու հայրենասէր գործիչ Գէորգ Աճեմեանի հետ, Առաջին Հայկական Համագումարին կազմակերպման ու կայացման ատեն, որ տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 1979-ին Փարիզի մէջ: Ան այս Համագումարին հիմնականօրէն սատարեց նամակագրութիւններով եւ բոլորին միջեւ կապերը օղակելով» (էջ 6):
Սերոբ Աբոյեան հայկական մօտիկ անցեալը կը կոչէ նահանջի, ուրացման եւ ուծացման ժամանակաշրջան: Ան կը նկատէ թէ ոմանք զայն կը քննադատեն տեղին նշումներով իսկ ուրիշներ ողբալով այդ ժամանակը, թէ յաճախ հայերը առաջնորդուած են զգացումներով եւ ոչ թէ խելքով: Համազգային գետնի վրայ ան ուշագրաւ դիտողութիւն մը կ՛ընէ ըսելով. «Յաւիտենական թմբիրի մէջ եղող ժողովուրդներ անկախութեան տիրացան, նոր դրօշակներ պարզուեցան աշխարհի կուրծքին վրայ» (էջ 63), եզրակացնելով որ հայը տակաւին քունի մէջ է:
Սերոբ Աբոյեան կը բնորոշէ ազգային հասարակական կեանք հասկացողութիւնը հետեւեալ ձեւով: Մեր բոլոր մշակութային, ընկերային, քաղաքական եւ եկեղեցական շարժումներուն գումարն է ան: Մեր դպրոցները, իրենց կրթական մարմիններով, հոգաբարձուներով, տնօրէններով եւ ուսուցիչներով, ինչպէս նաեւ մեր մամուլը իր բոլոր բաժանումներով, մեր կուսակցութիւնները, իրենց գործունէութեանց հետ մեր եկեղեցիներն ու առաջնորդարանները մաս կը կազմեն մեր ազգային հասարակական կեանքին: Բայց եւ այնպէս Աբոյեան հոս տխուր իրականութիւն մը կը յիշէ ըսելով. «Սակայն մեր երիտասարդները երիտասարդ չեղած կը ծերանան: Այսինքն ոչ մէկ մասնակցութիւն կը բերեն մեր ազգային հասարակական շարժումներուն» (էջ 65): Այս երիտասարդներուն համար ան կ՛ըսէ. «Անոնցմէ գլխաւոր մաս մը կը մեկնի դէպի օտար ափեր, մասնաւորաբար Ամերիկա, դառնալու համար «մաշած աւել»» (էջ 66): Իբրեւ այս խօսքին պատճառ Աբոյեան հետեւեալը կ՛աւելցնէ. «Դժբխատաբար մեր երկրորդական վարժարանները շատ կը թերանան իրենց պարտականութիւններուն մէջ… եւ հայ ուսանողներուն մեծամասնութիւնը դեռ երկրորդական վարժարաններէն չմեկնած այլասեռած է, եւ ոչ թէ համալսարան մտնելէն կամ Ամերիկա հասնելէն ետք» (էջ 67):
Սերոբ Աբոյեան Սփիւռքի մէջ հայոց ամուլ գործունէութիւնը մատնանշելով կը հարցադրէ, թէ հայերը ի՞նչ ըրած են մինչեւ վաթսունական թուականներուն սկիզբը՝ երբ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի յիսնամեակը կը մօտենայ: Ան կ՛ըսէ. «Այո՛, այսինքն 49X365 օրեր եւ մենք մեր դատին համար գրած ենք քանի մը ողորմելի յօդուածներ, բեմերէն արտասանած ենք ճառեր -դուք գիտէք օրը- յուզուած, բռունցք սեղմած, պոռացած ենք՝ «Ով մարդկային արդարութիւն թող ես թքնեմ քու ճակատիդ» (էջ 77):
Սերոբ Աբոյեան ազգային հարցի լուծման գծով այն ատեն յստակօրէն կ՛ակնարկէ զինեալ պայքարի անհրաժեշտութեան երբ կ՛ըսէ. «Փոթորիկը պէտք է գայ: Եւ պէտք է գայ ամբոխային խելագարութեամբ, ամբոխային գրոհով, պէտք է գայ շաչելով ու շառաչելով եւ որուն առաջին հարուածը ներսէն պիտի պահանջէ ու պիտի պարտադրէ» (էջ 80): Կարծէք թէ ան կը մարգարէանայ երբ կ՛ըսէ. «Ահա, թէ ինչո՛ւ պիտի գան անոնք: Ես կը լսեմ անոնց ոտքերուն ձայները՝ վճռակամ ու ներդաշնակ: Ո՛վ ականջ ունի թող տեսնէ, ո՛վ աչք ունի թող լսէ» (էջ 81):
Սերոբ Աբոյեան բաղդատութիւն մը դնելով դատարկ խօսքերու եւ իսկական պայքարի միջեւ կ՛ըսէ. «Դեռ որքա՜ն պիտի ոռնանք անցեալը անիմաստ, ձեր պարտութիւնները ընդունինք որպէս յաղթանակ եւ ձեզի պէս լանք» (էջ 84): Մինչ կրկին մարգարէական կեցուածքով մօտալուտ սերունդին ընելիքին համար կ՛ըսէ. «Պիտի գան անոնք, եւ կը տեսնեմ անոնց պերճափայլ հասակները այս այրող գիրքերու բոցերուն մէջ, որոնք գինով են՝ ո՛չ թէ գինիէն, այլ իսկական արիւնէն՝ լճացած, լերդացած, օրեր, տարիներ, տարիներ շարունակ» (էջ 85):
Սուր կերպով քննադատելով յետեղեռնեան անցած յիսուն տարիներու ամլութիւնը, Սերոբ Աբոյեան կը մատնանշէ տեղի ունեցած սին պարահանդէսները, հանդէսները, անոնց մէջ պանծացուածները եւ դատարկ ինքնահաւան «ղեկավար» մարդոց «սին իղձեր»ը: Ան նաեւ ցոյց կու տայ ազգային հարցերու առաջնակարգութեան անհրաժեշտութիւնը եւ կը խարազանէ դուրսէն ներածուած գաղափարախօսութիւններն ու անոնց հետեւորդները՝ երբ տակաւին չէ ազատագրուած հայն ու անոր հողերը:
Ազգային իրավիճակին մասին խօսելով Սերոբ Աբոյեան կարճ եւ կտրուկ ձեւով ու շեշտուած կերպով կ՛ըսէ. «Բայց դեռ գոյութիւն չունի հայը որպէս հաւաքականութիւն» (էջ 99):
Այսքանը բաւարար է Սերոբ Աբոյեանի գրութիւններու մէջբերումներէն, որովհետեւ դժբախտաբար 1965-ին եւ անկէ առաջ գրուած վերի բնութագրական տողերէն մինչեւ այսօր ազգային կեանքին մէջ գրեթէ ոչինչ փոխուած է… եւ արդեօք պիտի փոխուի՞: