ՄՈՍԿՈՒԱ, «ԹԱՍՍ».- Տեղի ունեցաւ ռուսական թենիսի 24րդ ամէնամեայ ազգային մրցանակաբաշխութիւնը: ATP շարքի չորս մրցաշարքերը յաղթող Կարէն Խաչանով արժանացաւ Ռուսիոյ «Տարուան թենիսիստ» անուանակարգի «Ռուսական Բաժակ» մրցանակին: Յիշեցնենք, որ հայ թենիսի վարպետը Հոկտեմբերին Մոսկուայի մէջ նուաճեց Քրեմլինի փաժակը, իսկ Նոյեմբերին լաւագոյնը հանդիսացաւ Փարիզի «Մեսթըր» մրցումին: