ՍՈՆԱ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
Կարինէն` Երուանդ Քոչարի թոռնուհին, միեւնոյն ատեն «Երուանդ Քոչար» թանգարանի տնօրէնուհին է: Հայաստան գտնուելու առիթը օգտագործելով` մտերմիկ զրոյց մը ունեցայ անոր հետ եւ հետաքրքրական գիտելիքներով հարստացայ: Փափաքեցայ մեր ընթերցողները եւս հաղորդակից դարձնել այս տեղեկութիւններուն ու «Գանձասար»-ին տրամադրել մեր զրոյցին բովանդակութիւնը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ».- Պատմեցէք ձեր մեծ հօր կեանքէն:
ԿԱՐԻՆԷ ՔՈՉԱՐ.- Մեծ հաճոյքով կ’ուզեմ բաժնեկցիլ ապրումներս եւ յիշատակներս թերթի ընթերցողներուն հետ: Նկարիչ, քանդակագործ Երուանդ Քոչար ծնած է 1899-ին, Թիֆլիս: Սիմոն Քոչարեանի ընտանիքին մէջ: Ծնողները ծագումով շուշեցի են:
1906-1918 աւարտած է Ներսիսեան վարժարանը, միաժամանակ յաճախած է նկարչութեան եւ քանդակի արուեստանոց:
1918-1919 յաճախած է Մոսկուայի պետական ազատ գեղարուեստի արուեստանոցը:
1921-ին Քոչար գեղանկարչութեան վարպետ էր արդէն, իր համբաւը մինչեւ Փարիզ հասած էր:
1922-ին Կ. Պոլսոյ մատենադարանի մէջ կազմակերպած է իր անհատական ցուցահանդէսը:
– Յաջորդ հանգրուանը Վենետիկն էր: Այնտեղ երիտասարդ արուեստագէտը ուսումնասիրած է Ս. Ղազարի մատենադարանի մանրանկարչական հարուստ հաւաքածոն, եւ այդ շրջանի իր գործերը իրենց լուծումներով այնքան ինքնատիպ եղած են ու հետաքրքրական, որ դժուար էր հաւատալ, թէ զանոնք ստեղծողը 22-23 տարեկան երիտասարդ արուեստագէտ մըն էր:
1923-ի օգոստոսին Քոչար արդէն Փարիզ էր: Նոյն թուականին, Ա. Չօպանեանի աջակցութեամբ, կը կազմակերպէ իր անհատական ցուցահանդէսը Փարիզի մէջ:
Արուեստի փարիզեան դժուարահաճ միջավայրին մէջ ան իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէ: 13 տարի կ’ապրի Փարիզ եւ կը մասնակցի բազմաթիւ ցուցահանդէսներու: Կ’ունենայ 4 անհատական ցուցահանդէս եւ գնահատանքի կ’արժանանայ Փիքասոյի նման արուեստագէտներու կողմէ:
Փարիզի մէջ ան կը ստեղծէ փլասթիք գեղանկարչական նոր արտայայտչաձեւ` տարածական նկարչութիւնը, որ արուեստի մեծագոյն նուաճումներէն կը համարուէր:
1936-ին Քոչար կը ներգաղթէ ԽՍՀՄ եւ կը յայտնուի «Երկաթէ վարագոյրին» այն կողմը, ուր կը մոլեգնէր ստալինեան ահաբեկչութիւնը: Ճանապարհը կը գոցուի անոր դէմ ու ստեղծագործական մեկուսացման մէջ կը յայտնուի:
«Գ.».- Այլազան խոչընդոտները` բանտը, մեկուսացումը ազդեցի՞ն Քոչարի ստեղծագործական ընթացքին վրայ:
Կ.- Այս պարագաներուն, կարծէք, գործեց հակազդելու օրէնքը: Այդ ժամանակահատուածը Քոչարի երեւանեան շրջանի հանճարեղ թռիչքները արթնցան: Այդ տարիներուն երեւան եկան` «Էքստա-զը» (1960), «Պատերազմի արհաւիրքը» (1962), «Զուարթնոցի Արծիւը» 1955, «Վարդան Մամիկոնեան» (1975), Հայաստանի ու հայութեան խորհրդանիշ դարձած «Սասունցի Դաւիթ»-ը (1959) եւ այլ մեծարժէք ստեղծագործութիւններ:
«Գ.».- Իսկ ե՞րբ բացուած է Երեւանի «Երուանդ Քոչար» թանգարանը:
Կ.- «Երուանդ Քոչար» թանգարանը բացուած է 1984-ին, մայսթրոյի արուեստանոցին մէջ, իր կնոջ ջանքերով: Խորքին մէջ մեծ գեղագէտին գործերը ներկայացուած են աշխարհի բազմաթիւ թանգարաններու մէջ, սակայն այստեղ կարելի է ամբողջական պատկերացում մը կազմել արուեստագէտին անցեալի ողջ ստեղծագործական ճանապարհին մասին, ցուցադրուած են թիֆլիսեան, փարիզեան, Երեւանեան շրջաններու գեղանկար , կրաֆիք, քանդակներ, սեղմումով գործեր եւ այլն:
«Գ.».- Իսկ իր հրաշալի գործը ո՞ւր զետեղուած է:
Կ.- Իր հրաշալի գործերէն մէկը, որ կոչուած է «Տարածական նկարչութիւն», կրնանք գտնել Երեւանի «Երուանդ Քոչար» թանգարանի եւ Փարիզի «Փոմփիտու» կեդրոնին մէջ:
«Գ.».- Որո՞նք են Երուանդ Քոչարի ցուցադրուած գլուխ-գործոցները:
Կ.- «Հայութիւնը», «Ինքնանկարը», «Պատերազմի արհաւիրքը», «Մելանխոլիան» 20-րդ դարու համաշխարհային կերպարուեստի նուաճումներէն են:
Թանգարանին մէջ ներկայացուած են բացառիկ արժէքաւոր փաստաթուղթեր` Ա. Իսահակեանի, Ա. Չօպանեանի, Հ. Քիւրքճեանի, Ռ. Տելոնէի, Լ.Ռոզենպերզի,Վ. Ժորժի նամակները եւ այլ հազուագիւտ վկայութիւններ:
«Գ.».- Եզրափակելու համար` ինչպէ՞ս կը ներկայացնէք թանգարանը:
Կ.- Այսօր «Երուանդ Քոչար» թանգարանին մէջ կը ներկայացուին իւրօրինակ ցուցադրութիւններ, ձեռնարկներ, բազմաթիւ եւ բազմատեսակ կրթական ծրագիրներ` տարբեր տարիքային խումբերու մանուկներու համար: Կը ցուցադրուին նաեւ մայեսթրոյին ստեղծագործութիւններուն նուիրուած ժապաւէններ:
Մեր նպատակն է երիտասարդներուն մէջ արթնցնել հայրենասիրական ոգին եւ խոր յարգանքը` իրենց մշակութային արժէքներուն նկատմամբ:
Մենք միշտ կ’առաջնորդուիք մեծ հօրս` Քոչարի խօսքերով, որ քաղաքական եւ տնտեսական հարցերը պէտք չէ մեզ` մոռցնել տան մեր հոգեկան արժէքները, ոչինչ պէտք է խանգարէ մեզ լսելու գեղարուեստին ձայնը: Պէտք է ուղղուինք այն գաղափարով, որ որեւէ իրավիճակի մէջ պէտք է գտնենք լուսաւոր կէտ, ճամբայ, յոյս, որ կը ստեղծէ նոր նախագիծներ: