ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները 1-2 Փետրուարին այցելեցին Ատրպէյճանի մէջ պահուող 4 հայ գերիներուն, որոնց կարգին՝ զինուորական եւ քաղաքացիական անձերու:
«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցութեան ծրագիրներու պատասխանատու Զառա Ամատունի:
«Այդ անձանց հնարաւորութիւն է ընձեռուել կապ հաստատել ընտանիքի անդամների հետ», ըսաւ ան:
Ամատունի աւելցուց, որ Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչները այցելութեան ընթացքին ստուգեցին նաեւ անոնց կեցութեան պայմանները եւ տեղեկացան առողջական վիճակին մասին:
Յայտնենք, որ Հայաստան Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին ներկայացուց 228 գերիներու վերաբերեալ հարցին գծով hայցը: