Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հռչակած «Սփիւռքի տարուան» ծիրին մէջ, մնայուն կերպով կ՛աշխատի՝ յանուն մեր ժողովրդեան, առաւելագոյնս ձեռք երկարել լիբանանահայ տագնապահար գաղութին:
Շաբաթ, 5 Փետրուարին, առաջնորդ սրբազան հօր նոյնանման երկրորդ նախաձեռնութիւն-առաջարկին ընդառաջեց թեմիս Ազգային վարչութեան անդամ Կարպիս Պեզճեան, որ ստանձնեց Լիբանանի Ազգային վարժարաններ յաճախող 100 նոր աշակերտներու կրթաթոշակի հովանաւորութիւնը, 2022-2023 տարեշրջանին համար:
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմը, Թորգոմ եպիսկոպոսին գլխաւորութեամբ, իր Կրօնական ժողովով, Ազգային վարչութեամբ եւ ծուխերով խորապէս կը զգայ լիբանանահայութեան ներկայ ծանր իրավիճակը եւ զանազան միջոցներով կը փորձէ մեղմել Լիբանանի մեր ժողովուրդին ցաւերը:
Վարձքը կատար՝ բոլոր զօրակից եւ հայանուէր բարերարներուն, հովանաւորներուն եւ յայտ ու անյայտ բոլոր անոնց, որոնք օգնութիւն կը ցուցաբերեն հայ ազգի ուշադրութեան կարօտ հատուածներուն:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ