ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Չորեքշաբթի, 27 Յունիսին, Թուրքիոյ Լրագրողներու միութեան հիմնարկութեան 72ամեակին առթիւ, նոյն միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը, որուն բացման խօսքը արտասանեց Լրագրողներու միութեան ատենապետ Թուրկայ Օլճայթօ։
Մեծարուեցան 1936-1937 ծնունդ 47 վաստակաշատ լրագրողներ, որոնցմէ մէկն էր Պոլսոյ հա համայնքէն, «Մարմարա»ի աշխատակից Կարպիս Քէշիշօղլուն, որ այս առիթով ստացաւ իր յուշանուէրը: Այնուհետեւ Միութեան սրահին մէջ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ։
Յայտնենք, որ Թուրքիոյ Լրագրողներու միութիւնը հիմնուած էր 10 Յունիս 1946-ին, որուն առաջին ատենապետն էր Սետաթ Սիմավի։