Լեւոն Շառոյեան (Հալէպ)
Ծանուցումներ շրջեցան համացանցի վրայ:
Կը հաղորդուէր, թէ այսօր, Կիրակի, 28 Օգոստոս 2022-ին, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ պիտի կատարուէր քօղազերծումը Կարտինալ Աղաճանեանի կիսանդրիին, առ ի երախտագիտութիւն այն մեծ ու լուռ ճիգերուն, զորս ի գործ դրած էր ան՝ որպէսզի Քեսապը Թուրքիոյ չկցուի, այլ մնայ Սուրիոյ քարտէսին մէջ…:
Լուրը խանդավառիչ շատ բան ունէր իր մէջ:
Ամէն բանէ առաջ՝ յիշողութեան ղօղանջ մըն էր ան: Յետոյ՝ երախտիքի գնահատելի արտայայտութիւն մը այն մեծանուն հայորդիին ու կղերականին նկատմամբ, որ 50-ական ու 60-ական թուականներուն Վատիկանի ամէնէն տիրական ու հեղինակաւոր դէմքերէն մին դարձած էր ու իր մասին խօսեցուցած լրասփիւռները՝ իբրեւ պապական աթոռի գլխաւոր թեկնածուներէն մին: Ապա, որքա՜ն լաւ էր՝ որ Հայ Կաթողիկէ համայնքը տէր կը կանգնէր իր արժէքներուն ու կը ծանօթացնէր զանոնք նոր սերունդին:
Բայց ես այս բոլորը կը գրեմ… լեզուական նեղացուցիչ յանցանք մը մատնանշելու համար:
Արդարեւ, կիսանդրիի քօղազերծման ծանուցումը կը յուշէ.
-«Սոյն ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ ծիրանաւոր Աղաճանեանի ազդու միջամտութեան, Քեսապը անջատելու Թուրքիայէն եւ կցելու Սուրիոյ հայրենիքի 83-Ամեակին առթիւ (1939-2022)»:
Արտագրեցի նոյնութեամբ (տեսնել ծանուցագրին կցեալ պատճէնը):
Այս ի՜նչ հայերէն է, կ՛անդրադառնա՞ք:
Այսքան կարեւոր ձեռնարկի մը առիթով շարադրուած հրաւիրագիր մը ինչո՞ւ ճիշդ ձեւով չի խմբագրուիր, գրուածը ինչո՞ւ չի վերանայուիր, ինչո՞ւ հայերէնով գրի առնուած երկու տողնոց նախադասութիւն մը չինախառն պիտի ըլլայ…: Ինչո՞ւ:
Ծիծաղելի՜ նախադասութիւն…: Ի՞նչ ըսել է «… Քեսապը անջատելու Թուրքիայէն եւ կցելու Սուրիոյ հայրենիքի 83-Ամեակին առթիւ»: 83-ամեակը «Սուրիոյ հայրենիք»ին չի՛ վերաբերիր (այդպէս կը հասկցուի նախադասութենէն), այլ կը վերաբերի Կարտինալ Աղաճանեանի «ազդու միջամտութեան»: Այդ միջամտութեա՛ն յիշատակն է որ կ՛ոգեկոչուի այսօր:
Ուրեմն, ահա կը սրբագրեմ կաղ ու թեւատ չինախառն այդ նախադասութիւնը ու զայն կը վերածեմ պարզ ու կոկիկ հայերէնի.
— «Սոյն ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ նշելու համար 83-ամեակը այն ազդու միջամտութեան, զոր ծիրանաւոր Աղաճանեան ի գործ դրաւ՝ Քեսապը անջատելու Թուրքիայէն եւ զայն կցելու Սուրիական հայրենիքին (1939-2022)»:
Այսքան պարզ ու յստակ:
Զայս կը յանձնենք մեր սիրելի Հայ Կաթողիկէ համայնքի պատասխանատուներուն նկատողութեան: