ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Կար ժամանակ, երբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը այնքա՛ն ողողուած կ՛ըլլար ներկայացումներով, որ կարգ մը թատերախումբեր կը ստիպուէին կրճատել իրենց ներկայացումները, որպէսզի ուրիշներու ալ առիթ տրուէր:
Կար ժամանակ, երբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայացում ունենալու համար պէտք էր երեք ամիս առաջ թատրերգութիւնը ներկայացուէր, թատերասրահին վարչութիւնը կարդար եւ ստուգէր լեզուական, դիպաշարի եւ թեմայի հարցը:
Կար ժամանակ, երբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ կ՛երթայիր, եւ թատրոնի տոմսերը սպառած կ՛ըլլային:
Եկան «Քորոնա»-ի ճգնաժամի օրերը, յաջորդեցին` տնտեսական ծանր տագնապը, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը, երկրի անապահով եւ անկայուն վիճակը, եւ մանաւանդ` հիասթափութեան եւ յուսահատութեան մթնոլորտ մը, հայրենադարձութիւն, արտագաղթ, երիտասարդներու անկայուն վիճակ, եւ ամէն բան կանգ առաւ:
Այսօր, փաստօրէն, աւելի քան երկու տարի է գաղութին մէջ թատերական ներկայացում չկայ:
Հիմա ոմանք պիտի ըսեն, որ հացի, ջուրի, ելեկտրականութեան, ապրուստի, պենզինի տագնապներուն մէջ ի՛նչ կը խօսիս: Մէկ բան յիշեցնեմ եւ միտքս շարունակեմ: Պուրճ Համուտի եւ Լիբանանի ամէնէն յուսահատական տարիներուն Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին հիմնարկէքը եղաւ, Ճեմարանի բացումը կատարուեցաւ Մըզհերի մէջ: Մանաւանդ նոր կեանք եւ նոր յոյս տալու ճիգը անպակաս եղաւ: Այսօր օրերը տարբեր են: Տնտեսական աննախընթաց տագնապը ծունկի բերած է ամէնէն լաւ խաւէն մինչեւ ամէնէն համեստ խաւի ընտանիքները: Սակայն նոր կեանքի եւ նոր յոյսի թափը պէտք չէ մարենք մեր մէջ: Վարակիչ եւ գօտեպնդիչ նախաձեռնութիւններով օգտակար ըլլալու եւ բոլորին հասնելու սկզբունքով աշխատելով` անպայման բան մը առջեւ կ՛երթայ:
Միտքս:
Թատրոնը կարօտցանք:
Օդի, ջուրի եւ հացի պէս թատրոնը ոգեղէն շունչ է: Թատրոնը հանրային դպրոց է: Պէտք է օգնենք, քաջալերենք, յաւելեալ ճիգով լիբանանահայ թատրոնը վերակենդանացնենք: Ձեռք-ձեռքի, թիկունք-թիկունքի` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը բոլոր թատերախումբերուն կողքին ըլլալու եւ մնալու խոստումով:
Թատրոնի կարօտը ուրիշ զգացում է: Վստահ եմ, որ ինծի պէս շատեր ալ ունին այդ կարօտը: