Հունգարիոյ Սեչենի անուան ազգային գրադարանին մէջ 25 մարտէն, 20 մայիսը կայացաւ «Միութիւն եւ բազմազանութիւն. հայկական Աստուածաշունչը եւ կրօնական աւանդութիւնը» խորագիրով ցուցահանդէսը` Փազմանի Փիթըր կաթոլիկ համալսարանի, «Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի, Պերլինի պետական գրադարանի եւ Լայփցիկի Լայփնիցի անուան արեւելեան երկիրներու մշակոյթներու եւ պատմական հետազօտութիւններու հիմնարկին աջակցութեամբ, նաեւ` գործակցաբար «Յուշամատեան» կայքէջի եւ աջակցութեամբ պատմաբան դոկտ. Վահէ Թաշճեանի: Ցուցահանդէսը ունէր զանազան բաժանմունքներ:
Կարօ Տէրունեանի ընտանեկան հաւաքածոյէն ցուցադրուեցան Կոստանդնուպոլիս տպուած 1915-ի հայատառ թրքերէն Հին կտակարան մը, անոր մեծ մօր 1925-ի դարձեալ հայատառ թրքերէն աղօթագիրքը եւ Պօղոս վրդ. Պզտիկեանի կողմէ Կ. Տէրունեանի հօր նուիրած, Զմմառ տպուած 1927-ի աղօթագիրքը: Առաւել, ցուցադրուեցան երկու հին ընտանեկան լուսանկարներ եւ Կարօ Տէրունեանի մեծ հօրը ֆրանսական հոգատարութեան 1925-ի անձնաթուղթը: Կարօ Տէրունեանի հաւաքածոն զետեղուած էր Մարաշի բաժնին մէջ, ուր յիշուած էին Տէրունեան եւ Հայտոսթեան ընտանիքներուն պատմութիւնները եւ Սուրբ Գիրքերը:
Մասնակցութիւն ունեցան նաեւ սփիւռքէն անհատներ եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի հաւաքածոյէն 1666-68 թուականներու Ամսթերտամի մէջ Ոսկան Երեւանցիի տպագրած հայերէն առաջին Աստուածաշունչը եւ 1733-ի Վենետիկի Մխիթար Սեբաստացիի հրապարակած Աստուածաշունչը: