«Համշէնուհի» համշէնահայ կիներու միջազգային միութեան ղեկավար Սայիտա Օհանեան յայտարարած է, որ կազմակերպութիւնը Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանի թեկնածութիւնը առաջադրած է Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի:
Ըստ «Էրմենիհապեր»-ի, կազմակերպութեան նպատակը կիներու իրաւունքներու, հայ ժողովուրդին դէմ անոր բնօրրանին մէջ` Արեւմտեան Հայաստանի եւ Համշէնի մէջ գործադրուած Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման, ինչպէս նաեւ միւս բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն է, որ անոնց տրուած է միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն եւ արժեչափերուն համաձայն:
«Այսօր Փայլանը այն քիչերէն է, որ պատասխանատուութիւն վերցուցած է պաշտպանելու մարդասիրական իրաւունքները, բնիկները, ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւնները: Անոր ցանած` խաղաղութեան սերմերը` տարբեր ազգերու ու դաւանանքներու պատկանող մարդոց միջեւ հանդուրժողականութեան ու փոխըմբռնման վերաբերեալ, կու տան դրական արդիւնքներ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հանրութեան շրջանին մէջ: Կը դիմենք բարի կամքի տէր բոլոր մարդոց, կիներու իրաւունքներու, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան բոլոր կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն` միանալու մեր նախաձեռնութեան եւ քուէն տալու Կարօ Փայլանին», կ՛ըսուի կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ:
Սայիտա Օհանեան կը խնդրէ նաեւ անկախ կերպով դիմել Նոպելեան կոմիտէ` Կարօ Փայլանը 2018-ի Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի արժանացնելու համար:
Դիմումը ներկայացնելու վերջին օրը 30 յունուարն է: