Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Կարօ Փայլանի Հանդիպումը Փարիզի Հայ Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

February 12, 2018
in Newsletter, Գաղութահայ Կեանք, Զանազանք
0
Կարօ Փայլանի Հանդիպումը Փարիզի Հայ Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Երկուշաբթի,  29 Յունուարին, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Ալեք Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, Թուրքիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան Կարօ Փայլան հանդիպում ունեցաւ CCAF-ին մաս կազմող կազմակերպութեանց անդամներուն հետ, նախքան մասնակցիլը յաջորդ օր՝  30 Յունուարի տարեկան ընթրիքին, զոր կը հովանաւորէր Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն։ Հայ երեսփոխանը յատկապէս այդ առիթով հրաւիրուած է Ֆրանսա։ Ան տեսակցութիւններ կ՚ունենար նախագահին եւ քաղաքական զանազան պատասխանատուներուն հետ։ Այս մասին կը հաղորդէ Փարիզի «Նոր Յառաջ»-ը։

Անակնկալ այս հանդիպումին շուրջ 30 հոգի ներկայ էր, մեծամասնութեամբ երիտասարդներ, որոնք աւելի քան ժամ մը տեւած մտերմիկ զրոյցի ընթացքին ուղղեցին հարցումներ եւ տեսակէտներ փոխանակեցին երեսփոխանին հետ։ Հարցադրումները կը վերաբերէին այսօրուան միջազգային քաղաքականութեան եւ մասնաւորաբար Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող ռազմական գործողութիւններուն։ Ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի այս թոհուբոհին մէջ Կարօ Փայլանի նման անձնաւորութիւն մը հայաշխարհի ուշադրութիւնը իր վրայ կը սեւեռէ, նկատի ունենալով որ ան իւրաքանչիւր օր  -իր խորհրդարանական գործունէութեան ծիրէն ներս դէմ յանդիման կը գտնուի թրքական պետութեան որդեգրած քաղաքականութեան հետեւանքներուն, որոնց նկատմամբ յստակ ընդդիմադիր կեցուածք կը ցուցաբերէ եւ մնացած է գրեթէ մինակ, նկատի ունենալով որ նոյնիսկ իր կուսակիցներէն շատեր անարդար կերպով բանտակուած են։

Այս բոլորին կողքին,– ինչպէս ծանօթ է,– Փայլան հայկական հարցերու հանդէպ շատ յանդուգն քայլերու նախաձեռնած է՝ թէ՛ խորհրդանշական առումով եւ թէ’ գաղափարական տեսանկիւնէն, ըլլան անոնք Թուրքիոյ մէջ Հայութեան պատմական ներկայութեան վերաբերեալ իր մղած յիշողութեան պայքարը, կամ Օսմանեան ժամանակաշրջանի քաղաքակրթութեան ի նպաստ մեր ժողովուրդէն հասած ժառանգութիւնը, ինչ կը վերաբերի ընդհանրապէս կիներու պայքարին, մտաւորականութեան խօսքի ազատութեան, եւ այլն, որոնց ձգած ազդեցութիւնը այսօր ալ երեւելի է թրքական ընկերութեան մէջ եւ որոնք կը ծառայեն ճշմարտութիւններ յայտնաբերելու եւ ժողովրդավարական սկզբունքներ որդեգրելու նպատակին, որպէսզի ի վերջոյ Թուրքերը հաշտուին իրենց անցեալին հետ։

Երիտասարդներուն մեծ մասին հարցադրումները բնականաբար կը վերաբերէին Թուրքիոյ ռազմական լայնածաւալ յարձակումներուն եւ Սուրիոյ նկատմամբ վարած քաղաքականութեան, նկատի ունենալով որ նախագահ Էրտողանի ինքնագլուխ եւ սանձարձակ քայլերուն առջեւ ո՛չ մէկ խոչընդոտ գոյութիւն ունի եւ ո՛չ մէկ արտաքին ուժ ցարդ այս արարքները արգիլող միջոցներու դիմած է։ Իսկ անդին Քիւրտերը եւ ազգային այլ փոքրամասնութիւնները ցաւալի եւ ահաւոր կացութեան մէջ կը գտնուին։

Եւ այս ընդհանուր յուսալքութեան մթնոլորտին մէջ Կարօ Փայլան արտաքին ուժերու ազդեցութեան նկատմամբ յուսախաբ ըլլալով հանդերձ, իր վերլուծումներով կը մնայ լուսամիտ, քաջ գիտակցելով որ բոլորն ալ իրենց շահերը կը պաշտպանեն եւ դժբախտաբար ներկայիս ոեւէ մէկը քաջութիւնը չունի իր ներքին խնդիրներու լուծումէն անդին որեւէ բան պարտադրելու թուրք պետութեան։

Previous Post

America Is Not a Democracy

Next Post

The Cataclysm That Would Follow a ‘Bloody Nose’ Strike in North Korea

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.