ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան մեկնաբանեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ 5 Մարտին տեղի ունեցած բանակցութիւնները՝ գրելով, որ այդ հանդիպման ընթացքին Թուրքիոյ նախագահը վարկաբեկուեցաւ։
Հանդիպումէն լուսանկարներ հրապարակելով՝ ան կը բացատրէ, թէ հանդիպումը տեղի ունեցած է այն սրահին մէջ, ուր Թուրքիոյ դէմ Ռուսիոյ պատմական յաղթանակները կը փառաբանուէին։ Արդարեւ, սրահին մէջ կար արձանը Եքաթերինա Բ. թագուհիին, որ ռուս-թրքական պատերազմին ընթացքին (1768-1774) ջախջախած էր Օսմանեան կայսրութեան ուժերը, ինչպէս նաեւ «Պալքանները անցնելով» քանդակը:
«Էրտողան մեծ կորուստ ունեցաւ Ռուսիոյ մէջ: Փութին ստացաւ այն, ինչը կ՛ուզէր», կը գրէ Փայլան: