«Արմէնփրէս» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան գրառում մը կատարած է «Թուիթըր»-ի վրայ` դէմ արտայայտուելով Աֆրինի մէջ շարունակուող թրքական «Ձիթենիի ճիւղ» զինուորական գործողութեան: «Պատերազմին կողմնակից անձերը եւս մեղսակից են այս պատերազմին: Ո՛չ ըսէք Աֆրինի պատերազմին. այդ յանցագործութեան մասնակից մի՛ ըլլաք», գրած է հայազգի երեսփոխանը` դիմելով հանրութեան: «Իշխանութիւնները կը փորձեն լռեցնել իրականութիւնը արտայայտող անձերը եւ խաղաղութեան կողմնակիցները: Խաղաղութիւն փափաքիլը յանցանք չէ՛», աւելցուցած է Փայլան:
Նշենք, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը 20 յունուարին ներխուժեցին Սուրիոյ Աֆրին շրջանը, ուր կը ճակատին քրտական ուժերու դէմ: