ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ եւ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան ներկայացած է Անգարայի դատախազութիւն՝ ցուցմունք տալու համար Եւրոպայի մէջ հայերու, ալաուիներու եւ քիւրտերու դէմ մահափորձերու շարքի մը նախապատրաստման մասին տեղեկութեանց հիման վրայ յարուցուած դատական գործի ծիրէն ներս:
Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքին համաձայն՝ Փայլանին ուղեկցած են անոր փաստաբանները:
Հայ պատգամաւորը շեշտած է, որ տարիներ առաջ գրեթէ նոյն կերպով թիրախաւորուած ու սպաննուած է պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքը: «Թուրքիոյ պատմութեան մէջ կայ Հրանդ Տինքի սպանութեան մասին իրականութիւնը: Այդ շրջանին, ա՛ն ալ մամուլին ու իշխանութիւններուն կողմէ թիրախ դարձաւ: Ան ընկերս էր. ես ուզեցի, որ ան լքէ երկիրը, բայց մնաց ու սպաննուեցաւ: Այժմ քաղաքական գործիչներու եւ մամուլին կողմէ թիրախ կը դառնան շարք մը մտաւորականներ, որոնց մէջ է նաեւ Ճան Տիւնտարը: Գերմանիայէն տեղեկութիւններ ստացանք, որ անոնց դէմ մահափորձեր կը նախապատրաստուին», ըսած է Փայլան:
Կարօ Փայլան նախապէս զգուշացուցած էր, որ հայերու, ալաուիներու եւ քիւրտերու դէմ Թուրքիոյ մէջ եղած ճնշումներուն իբրեւ հետեւանք երկիրը լքած ընդդիմադիր գործիչներու, մտաւորականներու եւ լրագրողներու դէմ մահափորձերու ամբողջ շարք մը նախապատրաստող ու Թուրքիայէն ուղղորդուած յանցախումբը արդէն իսկ ցուցակ կազմած է:
Տեղեկատուութիւնը հաստատած էին եւրոպաբնակ պոլսահայ շարք մը մտաւորականներ, մասնաւորապէս՝ «Տեմոքրաթհապեր» կայքի նախկին խմբագիր Հրանդ Գասպարեան, որ վերջին ամիսներուն տեղափոխուած է Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլին։ Ան յայտնած էր, որ մահափորձերու շարքին մասին տեղեկութիւն ստանալէ ետք, ինք Գերմանիոյ իշխանութիւններուն կողմէ յատուկ պաշտպանութեան տակ առնուած է:
Նշենք, որ այս շաբաթ Պրիւքսէլի մէջ, անյայտ անձերու կողմէ յարձակման ենթարկուած էր հայկական «Սահակեան» միութիւնը, որուն հիմնադիր կազմին մէջ Թուրքիա ծնած հայեր կան, իսկ քիւրտ այլախոհ մը զինեալ յարձակումի թիրախ դարձած էր Գերմանիոյ մէջ։
Յայտնի է նաեւ, որ առկայ վտանգին պատճառով, պոլսահայ գրող Հայկօ Պաղտատ Պերլինի մէջ ստիպուած եղած էր ելոյթ ունենալու՝ զրահապատ բաճկոնով: Պրիւքսէլի դէպքէն ետք ան գրած էր. «Դարձեալ կը նախազգուշացնեմ՝ լրջօրէ՛ն վերաբերուեցէք Գերմանիոյ մէջ մահափորձերու մասին պնդումներուն հետ»: