Հայրս…
Մանուկ հասակէս հօրս կեանքը վրաս խորապէս ազդած է: Հօրս անցած կեանքի ուղին, եղած է մարդկային անխախտ հաւատքի ու համոզումներու դպրոց մը:
Դպրոց է կեանքի փիլիսոփայութեան մասին, իմաստասիրական եւ ընկերաբանական հայեացքներու մասին:
Դպրոց է մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ու պահանջատիրութեան պայքարի մասին:
Եւ նաեւ` կրօնաբարոյական դպրոց է, եթէ կարենանք պատասխանել այս հարցադրումներուն:
Ինչու՞ պատանի Արամը փոխեց իր կեանքի ուղին:
Երբ այդ օրերուն Քրիստոնէական հաւատքով ու եկեղեցիի շարականներով ան դարձած էր դպրապետ: Երբ հոգեւոր Առաջնորդը իր մտաւոր ունակութիւնները գնահատելով, զինք կը քաջալերէր դառնալու կղերական:
Ինչու՞ այդ տարիքին հայրս փորձեց
Քրիստոսի ուսմունքի մարդասիրութեան գաղափարները գտնել Հիւկոյի, Ռուսոյի ու Աբովեանի մտածումներուն մէջ:
Այս հարցադրումներուն մէջ ամփոփուած է ժամանակաշրջանի մը պատմութիւնը, հասարակական ու քաղաքական իրադարձութիւնները:
Մեծ մարդասէրներուն վսեմ գաղափարներուն հետեւելով, հայրս պայքարի ու մաքառումի ուղիով գծեց իր կեանքին ճանապարհը:
Երբ մարդկային վեհ զգացումներով ու իտէալներով յագեցած , Հիւկոյի ” Թշուառները”, անուանուած էր ժամանակի “Աւետարանը”:
Բարձրօրէն գաղափարական ու անխառնօրէն անանձնական, իր բարոյական մաքուր ու ազնիւ էութենէն կը բխէին մարդուն հանդէպ իր ունեցած յարգանքն ու հաւատքը, որուն ընծայեց վսեմագոյնը մարդկային նուիրումին:
Չկար երբեք շահադիտութեան ամենահեռաւոր տարակոյսն իսկ:
Իր ներաշխարհը, իր գաղափարներն ու համոզումները այնքան հեռու էին եսամոլութեան եւ լպրծուն նիւթապաշտութեան ախտերէն, որ նոյնիսկ անտարբեր լքած էր իր հօրենական կալուածները: Այն ինչ արտասովոր երեւոյթ մը կը պարզէ շատերուն, որոնց համար հասկնալի չէր գաղափարի եւ նիւթականի յարաբերակցութիւնը:
Իր ամձնուրաց ծառայութեամբ ան կրցած էր նուաճել հասարակութեան բոլոր խաւերուն սէրն ու յարգանքը:
Իր ընկերներն ու բարեկամները եղած են պարզ ու համեստ բանուորները, թշուառութեան մէջ ապրող կարօտեալ մարդիկ: Եւ անոնց կողքին հանրաճանաչ մտաւորականներ, յայտնի քաղաքական գործիչներ ու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:
Այդ մասին կը վկայեն ժամանակի անցքերն ու դէպքերը, եւ զգայացունց վաւերական իրողութիւնները:
Հոն ի յայտ կու գան մարդկային այնպիսի գիծեր, որ կու գան հաստատելու`
Այո, միայն Հիւկոն կրնայ ստեղծել
Ժան -Վալժան մը…
Մէկ խօսքով` երեւոյթ էր հայրս իր հոգեկան կերտուածքով, իր բարոյական նկարագիրով եւ ազգային ընդգծուած դիմագիծով:
Հայրս Արամ Մատոյեան, արմատները կուգային պատմական Տարօն աշխարհէն, Մուշէն ու Սասունէն: Ծնած է Սղերդ1924-ին: Մանկութեան հասակ առած է Մշեցի յայտնի ընտանիքներէն` Նուպարի (Մուշի մէջ իգական անուն էր) եւ Սասունցի գիւղապետ Մարտիրոսի ( հաքիմ Մատօ) նահապետական բարեկեցիկ գերդաստանի յարկին տակ:
Հայոց Եղեռնի ողբերգական տարիներուն ծողները շատ մը հայերու հետ կը հաստատուին Սուրիոյ հիւսիսային շրջանը:
Հալէպի Հայկազեան Վարժարանը աւարտելէ ետք, հայ գիրին հանդէպ ունեցած իր բուռն փափաքը, զինք կը մղէ պաշտօնավարելու Տէրիքի եւ Գամիշլիի դպրոցներուն մէջ, առանց նիւթական հատուցման, ուր կրցաւ իր կարեւոր ներդրումը բերել հոգաբարձութեան գործերու բարելաւման մէջ:
Այնուհետեւ կը ստանձնէ Սուրիոյ հացահատիկի ամբարներու ` Միրայի (Տէրպէսիէ) նախ հաշուապահի, ապա փոխտնօրէնի պաշտօնը:
Աշխատանքին մէջ իր ուղղամտութեան եւ պարտաճանաչութեան մասին կը պատմէր Դամասկոսի յայտնի գործարարներէն, այդ ժամանակի Միրայի տնօրէնը յիշելով`
“Արամը իրեն յատկացուած նիւթական պարգեւները կը բաժնէր բանուորներուն”:
Յետագայ տարիներուն, հայրս ընտանիք կազմած կը հաստատուի Հալէպ, ուր լայն գործունէութիւն կը վարէ Ազգային Մշակութային ակումբէն ներս:
Այս առնչութեամբ կը յիշեմ Մեթր Ռուբէն Պօղոսեանի դպրոցական տարիներու իր դասընկերներուն` Հրաչ Տասնապետեանի, Արամ Մատոյեանի, Առաքել Թիւրպենտեանի( հօրս գաղափարակից ընկերը), Արսէն Չաղլասեանի եւ ուրիշներու, մասին յայտնած տպաւորութիւնները:
“Հրաչը դարձաւ ՀՅԴ-ի ղեկավար, Արամը` առաջադէմ ու խիստ կարգապահ, եղաւ Ազգային Մշակութային Միութեան ղեկավար”:
Գաղափարական պայքարի ուղիին զուգընթաց, հայրս շարունակեց զարգացնել ուսողութեան հանդէպ ունեցած իր ունակութիւնները ձեռք բերելով Տեղագիտութեան (թոփոկրաֆ)
Գործնական մասնագիտութիւնը: Այդ մասնագիտութեամբ ժամանակ մը կ`աշխատի Պէյրութի մէջ:
Սուրիոյ մէջ համապատասխան պաշտօններ կը ստանձնէ Սուրիական եւ օտար ընկերութիւններուն մէջ արժանանալով բարձր գնահատագիրերու:
Առանձին հատորի մը մէջ ընգրկելու հօրս կեանքի պատմութիւնը կապուած է Սուրիոյ հասարակական ու քաղաքական իրադարձութիւններու հետ:
Իր կենսագրական տողերուն մէջ ամփոփուած է ժամանակաշրջանի մը քաղաքական ելեւէջներու պատմութիւնը:
Հոն ուր պայքար կայ յանուն մարդկութեան յառաջադէմ գաղափարներու, եւ մարդկային իրաւունքներու:
Եւ կայ անխախտ հաւատք, անխոնջ նուիրոմ, Հայոց հայրենիքին` Խորհրդային Հայաստանի նկատմամբ:
Մարդկանց ու աշխարհի նկատմամբ հայրս ունէր իր ուրոյն հայեացքը, բոլորէն տարբեր դատողութիւններով:
Մտաւորական էր, ոչ միայն գիտելիքներու հարուստ պաշարով, ոչ միայն ունէր սուր միտք եւ ուժեղ տրամաբանութիւն, այլեւ պահուածք, վարք ու բարք եւ առինքնող ներկայութիւն:
Ընդհանրապէս բոլոր հարցերուն եւ իրողութիւններուն նկատմամբ իր որոշակի կարծիքն ունէր եւ տեսակէտները կը յայտնէր կտրուկ եւ անզիջում:
Պաշտօններու ձգտում չունեցաւ երբեք, չէր սիրեր հրապարակային ելոյթներ ունենալ: Բայց իր գործով ներկայութիւն էր ամէն տեղ եւ ամէնուրէք:
Ոչ ոքի փառքի հանդէպ նախանձ չունէր, քաջալերող էր միշտ:
Այս տրամաբանութեամբ` որ եթէ մարդը հասած է փառքի իր ոյժերով ու կարողութիւններով ուրեմն արժանի է:
Իսկ եթէ արժանի չէ եւ տիրացեր է փառքի, այդ ժամանակաւոր երեւոյթ է: Երբ այս աշխարհէն հեռանայ իրեն հետ կը մոռցուի ամէն ինչ:
Հօրս ողջ կեանքը եղաւ ինքնամոռաց համակ նուիրում ու ծառայութիւն իր ազգին, իր հայրենիքին եւ մարդկութեան հանդէպ:
Իր կեանքին վերջին տարիներուն, հակառակ իր սրտային վատառողջ վիճակին եւ զգուշացումներուն, չդադրեցաւ երբեք օգտակար հանդիսանալու ուսումնատենչ երիտասարդներուն հարթելու համար անոնց կեանքի ուղին:
Եւ այդպէս իր անձնուրաց նուիրումին ու ծառայութեան ճամբուն վրայ 1988-ի Հոկտեմբեր 18-ի օրը իր յոգնաբեկ սրտին բաբախիւնը չկրցաւ դիմադրել անողոք մահուան: Ան կը հեռանար աշխարհէն վաղաժամ հրաժեշտ տալով կեանքին:
Այս տողերը դժուար թէ կարենամ շարունակել, որովհետեւ կարելի չէ զսպել արցունքներուս հեղեղը…
Հօրս անթառամ յիշատակը մինչեւ այսօր վառ կը մնայ սրտիս մէջ: Իր անբասիր հայրենասիրութիւնը զիս մղած է ապրելու ու գործելու յանուն հայ ժողովուրդի ու Հայոց հայրենիքի բարօրութեան:
Բիւր յարգանք բոլոր անոնց, որոնք ճշմարիտ հայրենասէրի անբասիր ու անշահախնդիր զգացումներով սիրեցին ու պաշտեցին իրենց Հայրենիքը…:
ՆԿԱՐԸ՝ Անփոխարինելի սերունդ մը, ինքնատիպ եւ անկրկնելի դէմքեր, որոնք կը գործէին ինքնամոռաց նուիրումով:
Լուսանկարը ստացած եմ հօրս բարեկամներէն, հալեպահայ ազգային բարերար` Յարութիւն Յարութիւնեանէն, երբ հայրս վաղաժամ հեռացած էր կեանքէն:
Առաջին կարգ ձախէն` Ռազմիկ Դաւոյեան, Գառնիկ Ադդարեան, Մեթր Նազար Նազարեան, հայրս` Արամ Մատոյեան, Յարութիւն Յարութիւնեան:
Բոլորին չեմ յիշեր, ուսումնառութեան տարիներուն Հալէպ չէի: