ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Ո՛չ նորութիւն է, ո՛չ ալ գաղտնիք, որ սփիւռքի դառն պայմաններուն մէջ հայ գրողներու թիւը նուազած է, այն ալ` աւելի քան մտահոգիչ զառիթափութեամբ ու տարողութեամբ:
Երէց եւ միջին սերունդներու տաղանդաւորներն ու վաստակաւորները դժբախտաբար չունեցան իրենց արժանի ժառանգորդները` բացի հազուագիւտ շնորհալիներէ եւ դէմքերէ:
Թթխմոր Հալէպը, որ համակ մտաւորականութեան մեղուափեթակ էր, բաբախուն Պէյրութը, որ նոյնպէս համակ կեանք էր, իւրաքանչիւրը` իր արմատականութեան սլացքներով, այսօր այլեւս երէկուան դափնիները չեն` մերթ շիջումներու ու մեկնումներու, մերթ նօսրացումներու ու ցանցառումներու, մերթ ալ` գրողական աշխարհէն անջատուելու ու հեռանալու պատճառներով, իրենց ետին ձգելով համարեա անմշակ անջրպետ մը:
Եթէ ըսենք, որ սփիւռքի մէջ չկային (ու չկան) նորաբոյս կամ նորահաս գրիչներ, անարդար պիտի ըլլար, բայց ո՞ւր մնացին անոնք եւ ո՞ւր ձեւաւորուեցան ու հրապարակուեցան` ինքնին դուռ բանալով մեծ հարցականներու եւ ասեկոսէներու, որովհետեւ մեր գրողները (իմա` մտաւորականները), միշտ ալ գտնուած են իրենց համապատասխան պատնէշներուն վրայ:
Այս առիթով կարելի է նաեւ անվարան ըսել, որ հայրենիքն ալ կը տառապի հայ գրողներու թիւի նուազումէն եւ անկումէն, թէեւ չեն պակսիր խոստմնալից ու շնորհաշատ ուժեր, որոնք կրնան խօսեցնել իրենց մասին` իրենց փայլուն ստեղծագործութիւններով, եթէ հայրենի իրականութիւնը վերագտնէ իր ելիցի ճամբան:
Սակայն, այս պարագային, սփիւռքն է, որ մեզ կը գերէ իր տատանումներով, մանաւանդ երբ մեր ակնարկութիւնը կ՛երթայ հայ մտքի ու գրիչի սպասարկուներուն, որոնք, քայլ առ քայլի հերթականութեամբ, ակամայ նահանջ կ՛արձանագրեն թէ՛ քանակի, թէ՛ որակի առումներով:
Այդուհանդերձ, եթէ յուսալքութիւնը պիտի յաղթահարուի` սփիւռքահայ ժամանակակից գրականութիւնն ու գրողները տեսնելով արժանի պատուանդաններու վրայ, հրամայական կը դառնայ անոնց նկատմամբ տածել հոգատարութիւն ու հովանաւորութիւն` քաջալերելով ու սատարելով անոնց փթթումին ու ծաղկումին:
Հարկ կա՞յ յիշելու եւ յիշեցնելու, որ մեծ գրողները, ո՛ր մակարդակի վրայ ալ գտնուած եղան, կազմաւորուեցան ու հասունցան, իրենց առաջին աստիճանները բարձրացան իրենց դպրոցներէն եւ ուսուցիչներու դաստիարակութիւններէն` անոնք ըլլալով անփոխարինելի կռուաններ, ուղեցոյցներ եւ օճախներ, որոնցմէ ծնունդ առին (ու կ՛առնեն, պէ՛տք է առնեն) հետագայ սերունդները:
* * *
Այս քիչ մը մռայլ, բայց` ինքզինք պարտադրող պատկերին դիմաց կան նաեւ կարգ մը լուսաւոր շողեր, ուր կարելի է հանդիպիլ հայ գրողներու, որոնք, իրենց ինքնութեան հարազատութեամբ, կառչած կը մնան իրենց հոգեկան զգացումներուն ու լարերուն` գրելով ու ստեղծագործելով, յուշագրելով եւ արձանագրելով:
Այդպիսի կենդանի ու ցայտուն իրականութեան մը ինքնապատկերը կը հանդիսանայ Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանը, որ իր կրթական, դաստիարակչական ու մամլոյ աշխատակցութեանց կողքին, հանդէս եկած է գրչի հրապարակայնութեամբ` լոյսին բերելով իրերայաջորդ քանի մը գործեր, որոնց վերջինը` «Կեանքի պատուհանէն» (Պէյրութ, 2022):
Այս հրատարակութեամբ հեղինակը իւրովի ինքզինք կը հաստատէ, որ ունի գրելու ճաշակ, արտայայտուելու եղանակ, ինքնուրոյն ոճ, յուշերու, մտորումներու, պատկերներու ու նկարագրումներու կարգով իր ամբողջ ներաշխարհը, ապրումներն ու զգացումները արտայայտելու կարողութիւն` լաւագոյն գոյներով ու պայծառ երանգներով, ընթերցողը տանելով մէկ հորիզոնականէ ուրիշի մը, բայց` միշտ պայծառ լուսապատումներով եւ լուսարձակումներով:
Գիրքը, զոր անուանած է «Կեանքի պատուհանէն», արդէն ցոյց կու տայ ամբողջ համայնապատկեր մը` կեանքէն առնուած ու կեանքին վերադարձուած, ուր Սիրունը ի՛նքն է հերոսուհին` տեղ մը իր թափանցիկ ներկայութեամբ, ուրիշ տեղ մը` քողարկեալ, բայց` միշտ իր գործօն ներկայութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ:
Գիրքը խմբագրած է դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան` բծախնդիր ու սթափ գրառումով, ուր հեղինակուհիին գրողի արժեւորումն ու պատումի գնահատումը կատարած է ամենայն իրապաշտութեամբ, պատկերաւորութեամբ ու նկարագրութեամբ` հաստատելով. «Գիրքին ընդմէջէն կարմիր թելի պէս կ՛անցնի հեղինակին ստացած ընտանեկան դաստիարակութեան դերը անոր հետագայ կազմաւորումին մէջ` իբրեւ կնոջ, մօր, հայ անհատի կամ լրագրութեան նուիրեալի»:
Գիրքը կը բովանդակէ հինգ գլուխներ` հետեւեալ խորագիրներով.
ա.- «Յիշատակներու արտացոլանքէն» (էջ 11-73), ուր հեղինակը հոյակապ նկարագրութիւններով ու վկայութիւններով իր ապրած բազմաթիւ պահերէն եւ յուշերէն հոգեշունչ բազմաթիւ պատկերներ կը բնութագրէ` իրենց յիշարժան ու կենսուրախ, ընտանեկան թէ թաղային, քաղաքացիական թէ միջդրացիական հպումներով, որոնք բոլորն ալ կը բուրեն իսկական ջերմութիւն ու հաւաստիութեան ճշմարիտ հոգեբեկորներու հոյլ մը:
Այս բաժինով հեղինակուհին ինքզինք գերազանցած է` տալով ու նկարագրելով այնպիսի դրուագներ եւ յուշեր, որոնցմէ ընթերցողը կը փշաքաղուի, որ անցած է այդ հանգրուաններէն` մօրը ուխտէն մինչեւ դպրոցը, ամավերջի հանդէսը, բոլորն ալ ըլլալով սրտէ ու մտքէ բխած տպաւորութիւններու ու փորձութիւններու լայնահունչ, բայց արդիւնաշատ հարթակ մը:
բ.- «Առկայծումներ» (էջ 81-171)
Արձակ բանաստեղծութիւնը յիշեցնող եւ արտայայտող գրութիւններու փունջ մըն է, ուր հեղինակը (էջ 81-121) 11 յուշագրական կտորներով, իր գրողի եւ հայեացքային մտորումներով, իր հոգեկան աշխարհին ծաղկեպսակը ներկայացուցած է իրեն յատուկ զգացումներով եւ արտայայտութիւններով, որոնց մէջ կան իսկական փայլատակելի եւ յիշատակելի պատումներ` սիրոյ թրթռացումներով ու պսակումներով:
գ.- «Հայրենաբաղձ հոգիս» (էջ 129-140), հայրենակարօտութեան ու հայրենասիրութեան գողտրիկ երեք պատկեր, ուր հայրենիքը ապրելու ու զայն վայելելու յատկանշական պահերու հերթական ցոլքեր ու բնութագրումներ կան:
դ.- «Կային ու չկան» (էջ 145-164), կարօտի եւ երախտագիտութեան մտորումներ, թիւով չորս կտորներ` սիրելիներէ եւ յարգելիներէ, ինչպէս` «Ատիս»-ը եւ «Յասմիկ»-ը, որոնց նկատմամբ յատուկ յուշերով կ՛ապրի հեղինակուհին` ոգեկոչելով անոնց դերն ու տեղը իր կեանքին մէջ, միշտ տաքաշունչ ու բուրումնաւէտ հոգեզմայլութեամբ ու բոլորազգացողութեամբ:
ե.- «Անդրադարձումներ» (էջ 167-188), հեղինակուհիին զուլալ աշխարհն է, որ կը պարզուի այս բաժինին մէջ ութ պատումներով, որոնց ընդմէջէն ան կ՛ապրի ու կ՛ապրեցնէ իր առօրեային մէջ զինք սնուցած աղբիւրները, ինչպէս` «Թերթին հետ»-ը, «Պուրճ Համուտ»-ը, «Ապրիլ 24-ը» եւ «Ապրիլ է», դարձեալ` ազնուագոյն ու ջերմագոյն հպումներով:
* * *
Անտարակոյս Սիրունը գրողի իւրայատուկ ոճով եւ եղանակով օժտուած հեղինակութիւն մըն է, որ իր լեզուագիտակութեամբ, երեւակայութեամբ ու հաղորդականութեամբ կրցած է ինքզինք կազմաւորել եւ արժեցնել` որպէս վաւերագրական գրող, ուր գեղարուեստական ճաշակն ալ կը միանայ անոր` կազմելով մէկ ամբողջութիւն մը:
Իր նուրբ զգացականութիւնը, դիտողականութիւնը ու խորաթափանցութիւնը իր պատումներուն տուած են գոյն ու խայծ, եռանդ ու լիցք, որպէսզի ան կարենայ իր ապրումներուն ու մտածումներուն տալ կենդանութիւն ու կենսունակութիւն` ընթերցողը եւս մղելով բաժնելու իր տեսադաշտերուն նրբութիւններն ու գեղեցկութիւնները, բարեյուշութիւններն ու մարդկայնութիւնները, մէկ հիմնական աչքառու շօշափելիութեամբ եւ արտայայտչականութեամբ, որն է` ԱԶԳԱՅԻՆՆ ու ՀԱՅԿԱԿԱՆԸ պահելով թռիչքային բարձունքներու վրայ:
Հալէպին վկայակոչումը` իր ուրախ եւ անկեղծ ուրուագիծերով ու մտերմապաշտութեամբ, Պուրճ Համուտին գրաւչութիւնը` իր հայեցիութեամբ ու հայրենակցութեամբ, «Ազդակ»-ին ծառայութիւնը` իր ներաշխարհութեամբ ու կառչածութեամբ, նմուշներ եւ օրինակներ են, որոնք ցոյց կու տան Սիրունին դաւանած կիզակէտային հաւատամքները` իրենց պերճախօսութեամբ, գունագեղութեամբ ու լիարժէքութեամբ, դառնալով լոյսի ջահեր, յանուն իր գրիչի կոչումին ու գրառութեան պեղումին:
Սակայն այս բոլորէն վեր եւ անդին` Սիրունին այս գործը, զուգահեռաբար, իր ունեցած դրական յատկանիշներէն եւ յիշարժան պահերէն, զինք կ՛առանձնացնէ ու կը լիացնէ իր յուշագրողի պարունակութեամբ եւ շնորհալի յուշագրող մը ըլլալու բարեմասնութեամբ, իրեն համար վերապահելով շարունակելի «ստեղծագործութեան» բերրի ուղիի մը աւետումը:
Ի դէպ, յուշագրութիւնը թերեւս գրականութեան սեռերուն մէջ ամէնէն «դժուար» շերտերէն մէկն է, որուն ձեռնարկութեան ու խմբագրութեան քիչեր դիմած են (եւ ոչ միայն յաջողութեամբ), մինչ Սիրունը իր գողտրիկ, բայց հոգեպարարութեամբ, կենսախնդութեամբ ու վարակութեամբ կրցած է իր «բոյն»-ը շինել այս կալուածին մէջ` սոյն հատորը լոյսին բերելով:
Իր ազնուականութիւնը, հոգեշնչութիւնը, անմիջականութիւնն ու պարզութիւնը յաւելեալ շունչ ու կեանք տուած են այս հրատարակութեան այժմէականութեան, հնչեղութեան ու գրաւչութեան միանգամա՛յն, որուն համար շնորհաւորելի է ան` մաղթելով, որ իր երթը կը շարունակուի յաջորդական հրատարակութիւններով` միշտ հաւատարիմ մնալով հայ գիրքի ու գրողի առաքելութեան նորանոր իրագործուածներու արդիւնաւէտութեան:
* * *
Կը մնայ, որ ընթերցողը, յատկապէս հալէպահայն ու պէյրութահայը (նաեւ, ինչո՞ւ ոչ, հայաստանահայն ու սփիւռքահայը) ծանօթանան այս գիրքին հոգեհարազատութեան, բովանդակութեան, ըմբոշխնեն ու վայելեն անոր հայաբուրութիւնը` լաւագոյն ու խորագոյն յուշերով ու տպաւորութիւններով աւելի կառչած մնալով իրենց ակունքներուն, իրենց բազմակողմանի երեսներով ու ծալքերով:
(Պէյրութ)