Նկատի ունենալով լիբանանցիներուն ընկերային ապահովութեան անհրաժեշտութիւնը` Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ` Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի եւ Դրամատուներու միութեան պատասխանատուներուն հետ:
Հանդիպումներուն իբրեւ արդիւնք Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը հրապարակեց որոշումներ, որոնք դրամատուներուն մէջ փոքր հաշիւ ունեցողներուն առիթ կու տան իրենց գումարը ստանալու:
Ըստ անոնց` հաշիւ ունեցողներուն գումարը պէտք է ըլլայ 5 միլիոն լ. ոսկի կամ 3 հազար տոլար:
Այս որոշումները կը հաստատեն, որ նման հաշիւ ունեցողները մէկ անգամով կրնան իրենց ամբողջ գումարը ստանալ դրամատունէն: Որոշումին համաձայն, եթէ անոնք դրամատան մուրհակ պարտական են, ապա այդ գումարէն մուրհակը կը զեղչուի:
Եթէ հաշիւ ունեցող մը 3 հազար տոլար ունի դրամատան մէջ եւ կը փափաքի զայն ստանալ, ապա ան այդ գումարը կը ստանայ լիբանանեան դրամանիշով, սակայն ոչ Կեդրոնական դրամատան ճշդած 1515-ի սակին հիման վրայ, այլ` լիբանանեան շուկային մէջ լումայափոխներուն կողմէ որդեգրուած սակին:
Այսինքն` եթէ օտար դրամանիշի գնման համար ճշդուած օրուան սակը 2800 է, ապա 3 հազար տոլարի հաշիւ մը ունեցող քաղաքացին իր գումարին համար կը ստանայ 8,400,000 լ. ոսկի (3000 x 2800):
Իսկ եթէ հաշիւ ունեցող լիբանանցի քաղաքացին ունի 5 միլիոն լ. ոսկի, ապա դրամատունը անոր 5 միլիոնի գումարը պիտի վերածէ տոլարի` հիմնուելով Կեդրոնական դրամատան ճշդած 1515-ի սակին վրայ: Հետեւաբար քաղաքացիին գումարը պիտի վերածուի 3300 տոլարի (5,000,000 1515): Ապա 3300 տոլարը քաղաքացիին պիտի տրուի լիբանանեան դրամանիշով եւ օտար դրամանիշի գնման համար ճշդուած օրուան սակին համաձայն:
Օրինակ` եթէ այդ օր օտար դրամանիշի գնման համար ճշդուած օրուան սակը 2800 է, ապա 3300 տոլարի հաշիւ ունեցող քաղաքացին իր գումարին համար պիտի ստանայ 9,240,000 լ. ոսկի (3300 x 2800):
Կը նախատեսուի, որ այս որոշումներուն հիման վրայ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն 60 առ հարիւրին հարցը լուծուի: