Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատունը ամերիկեան տոլար պիտի վաճառէ «Sayrafa» ելեկտրոնային հարթակին մաս կազմող դրամատուներուն:
Ան ըսաւ, որ ամերիկեան մէկ տոլարին սակը համազօր պիտի ըլլայ 12.000 լ. ոսկիի` աւելցնելով, որ դրամատուներուն արտօնուած է 12.000-ի սակին հիման վրայ գնուած տոլարը վաճառել 12.120 սակով:
«Այս ծառայութենէն օգտուիլ փափաքող դրամատուները իրենց դիմումները կրնան արձանագրել երկուշաբթի, 7 յունիս 2021-էն սկսեալ մինչեւ չորեքշաբթի, 9 յունիս 2021:
Դիմումները արձանագրելու պարագային, դրամատուները պէտք է լիբանանեան դրամանիշով վճարեն դիմումին համապատասխանող գումարը: Ամերիկեան տոլարները դրամատուներուն տրամադրելու աշխատանքը Կեդրոնական դրամատունը պիտի կատարէ հինգշաբթի, 10 յունիս 2021-ին: Ամերիկեան տոլարի վաճառքի այս աշխատանքը պիտի կատարուի միայն այն դրամատուներուն, որոնք ե-հարթակին միջոցով արձանագրած են իրենց դիմումները», շեշտեց Սալամէ:
Միւս կողմէ, Սալամէ երէկ նախագահեց Կեդրոնական դրամատան գործադիր խորհուրդի արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին միաձայնութեամբ տուաւ որոշում մը, որ դրամատուները կը ստիպէ ամերիկեան տոլարով հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները վերադարձնելու ամսական 400 ամերիկեան տոլար վճարելով: Որոշումը պիտի գործադրուի 1 յուլիսէն սկսեալ:
Աւելի ուշ, Դրամատուներու միութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Դրամատուներու միութիւնը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ դրական կերպով քննարկելու Կեդրոնական դրամատան որոշումը` նկատի ունենալով հանրային շահերը: