Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Կեդրոնական դրամատունը ամերիկեան տոլար պիտի վաճառէ «Sayrafa» ելեկտրոնային հարթակին վրայ արձանագրուած դրամատուներուն:
«Դրամատուներուն վաճառուելիք տոլարը պիտի ըլլայ ամերիկեան մէկ տոլարին փոխարէն 12.000 լ. ոսկիի սակին հիման վրայ: Իսկ դրամատուները իրենց կարգին ամերիկեան տոլարը պիտի վաճառեն 12.120 լ. ոսկիի հիման վրայ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Այս ծառայութենէն օգտուիլ փափաքող դրամատուները իրենց դիմումները կրնան արձանագրել երկուշաբթի, 14 յունիս 2021-էն սկսեալ մինչեւ չորեքշաբթի, 16 յունիս 2021:
«Դիմումները արձանագրելու պարագային դրամատուները պէտք է լիբանանեան դրամանիշով վճարեն դիմումին համապատասխանող գումարը: Ամերիկեան տոլարները դրամատուներուն տրամադրելու աշխատանքը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 17 յունիս 2021-ին: Ամերիկեան տոլարի վաճառքի այս աշխատանքը պիտի կատարուի միայն այն դրամատուներուն, որոնք ե-հարթակին միջոցով արձանագրած են իրենց դիմումները», կը նշէ հաղորդագրութիւնը: