Լիբանանի անկախութեան 76-ամեակի տօնակատարութիւնը ուրբաթ օր ստացաւ հետաքրքրական բնոյթ մը, երբ Ժողովրդային շարժումին մաս կազմող ցուցարարներուն կողմէ բացառիկ կազմակերպուածութեամբ կատարուեցաւ ժողովուրդին զանազան հատուածները ներկայացնող տարբեր «ջոկատ»-ներու տողանցքը:
Նահատակաց հրապարակին վրայ հաւաքուած բազմութիւնները, որոնք հաստատեցին, որ ինքնաբուխ կերպով կ՛ընթանայ ամէն բան, ժամեր շարունակ ներկայ գտնուեցան տողանցքին, որ առաջնորդուեցաւ հանգստեան կոչուած լիբանանցի զինուորականներով, եւ ապա շարունակուեցաւ բժիշկներու, իրաւաբաններու, հեծելարշաւի եւ բնապահպաններու, լրագրողներու, անդամալոյծներու, ինչպէս նաեւ կաթսաներու «ջոկատ»-ներով:
Ժողովրդային շարժումը իր «ջոկատ»-ներուն համար պատրաստած էին նաեւ յատուկ դրօշակներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կրէր իր խորհրդանիշը:
Երեկոյեան, երբ Կեդրոնական Պէյրութի հրապարակը լեցուն էր ցուցարարներով, ելոյթ մը ունեցաւ «Տի. Ճէյ Ռոճ»-ը, իսկ ելոյթը աւարտեցաւ հրավառութեամբ:
Նշենք, որ ուրբաթ առաւօտեան Նահատակաց հրապարակին վրայ զետեղուած «Յեղափոխութեան բռունցք»-ը, որ կը խորհրդանշէ ժողովրդային շարժումը, հրկիզուեցաւ: Գիշերուան ձեռնարկին ընթացքին այդ խորհրդանիշը վերականգնուեցաւ, երբ հրապարակ հասաւ նոր շինուած եւ աւելի հսկայ բռունցք մը:
Երէկ առաւօտեան Այն Մրայսէի եւ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ Ժողովրդային շարժումին մասնակցող քաղաքացիները կազմակերպեցին «Աղ ու հաց»-ի հանդիպումներ, որոնց ընթացքին կերուխում կատարուեցաւ տարբեր շրջաններուն մէջ:
Նաամէի ծովափին կառուցուելիք առանձնատուներուն դէմ արշաւը դարձաւ նաեւ ժողովրդային շարժումին երէկուան արշաւներէն մէկը:
Ցուցարարները ընդդիմացան Նաամէի քաղաքապետին կողմէ հանրութեան յատկացուած ծովափը այս կամ այն մեծահարուստին յանձնելու քայլին, որպէսզի ան իր առանձնատունը կառուցէ:
Մինչ Սայտայի մէջ մոթորսիքլեթներու արշաւ մը կատարուեցաւ շրջանի երեսփոխաններուն բնակարաններուն դիմաց, երեկոյեան շուրջ ժամը 5:00-ին, Պըտտաուիէն սկսաւ քայլարշաւ մը` դէպի Թրիփոլիի Նուր հրապարակ:
Նշենք, որ Նուր հրապարակին վրայ հաւաքուած բազմութիւնը երէկ լիբանանեան դրօշակին վրայ ստորագրութիւններ արձանագրեց` զայն ներկայացնելու համար ելեւմուտքի հարցերու ընդհանուր դատախազին եւ անկէ պահանջելու քաղաքական անձնաւորութիւններուն կողմէ իւրացուած գումարները վերադարձնել լիբանանցիներուն:
Նոյն հրապարակին վրայ Թրիփոլիի ցուցարարները կոչեր ուղղեցին այսօր փողոցները փակելու եւ անհնազանդութեան արշաւի մը սկսելու:
Երեկոյեան ժամը շուրջ 6:00-ին Նահատակաց եւ Ռիատ Սոլհի հրապարակները, Սուրի, Նապաթիէի եւ Քֆարրումմանի հրապարակները դարձեալ լեցուեցան բազմութիւններով:
Երեկոյեան ժողովրդային շարժումին անունով տեղադրուեցաւ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ այսօր ամբողջ Լիբանանի տարածքին պիտի փակուին ճամբաները եւ պիտի վերահաստատուի անհնազանդութիւնը:
Երէկ ուշ գիշերին մեծաթիւ ցուցարարներ փակեցին Ռինկի կամուրջը, Զուքի եւ Անթիլիաս-Ժալ Էլ Տիպ մայրուղիները` երկու ուղղութիւններով:
Կէս գիշերէն ետք Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի զօրակիցներ` բողոքելով Ռինկի կամուրջի փակումին դէմ, ցոյցի իջան եւ փորձեցին բանալ ճամբան: Անոնք բախումներ ունեցան ժողովրդային շարժումի ցուցարարներուն հետ, ինչ որ ապահովական ուժերուն ստիպեց երկու կողմերուն միջեւ պատնէշ կանգնելու: Բախումներու ընթացքին տեղի ունեցաւ ցուցարարներու քարկոծում` Հըզպալլայի եւ Ամալի համակիրներուն կողմէ:
Ցոյց` Ամերիկեան Դեսպանատան Դիմաց
Երէկ կէսօրէ առաջ Դիմադրութեան զօրակիցներուն կողմէ ցոյց մը կատարուեցաւ նաեւ Աուքարի մէջ` ամերիկեան դեսպանատան մուտքին: Լիբանանեան բանակը դէպի դեսպանատան մուտքը առաջնորդող ճամբան արդէն իսկ փշաթելերով փակած էր:
Ցուցարարները բողոքեցին Լիբանանի մէջ գործադրուած ամերիկեան վարչակարգին քաղաքականութեան եւ Ճեֆրի Ֆելթմանի արտայայտութիւններուն դէմ` զանոնք նկատելով միջամտութիւններ:
Ցոյցին ընթացքին հրկիզուեցան Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու դրօշակները, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի լուսանկարները, Դիմադրութեան հասցէին արձակելով ողջոյնի կանչեր:
Նշենք, որ երկուշաբթի, 18 նոյեմբերին ամերիկեան Քոնկրեսին կողմէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին յղուեցաւ նամակ մը, որուն մէջ մտահոգութիւն յայտնուեցաւ Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ հաւանական բախումէ մը, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան խախտումներէն:
Քոնկրեսին յղած նամակին մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը 13 տարիէ ի վեր չէ յաջողած այդ բանաձեւը գործադրել, իսկ Հըզպալլա իր հրթիռային զօրութեամբ եւ Իսրայէլ տանող գետնափոր փապուղիներով վտանգ կը սպառնայ իրենց դաշնակից Իսրայէլին:
Նամակին մէջ կոչ ուղղուեցաւ Կութիերեսին Լիբանանի հանրապետութեան նախագահէն եւ վարչապետէն խնդրելու Հըզպալլայի ապազինումը եւ թիւ 1701 բանաձեւին ամբողջական գործադրութիւնը:
«Իսրայէլ ինքնապաշտպանութեան կատարեալ իրաւունք ունի, իսկ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունն ու Ծերակոյտը կը զօրակցին Իսրայէլին», նշուեցաւ նամակին մէջ:
Նշենք, որ նամակը ստորագրուեցաւ 240 քոնկրեսականներու կողմէ:
Միւս կողմէ, կառավարութեան կազմութեան աշխատանքներուն եւ ճիգերուն մասին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ կառավարութեան կազմութեան նպատակով ի գործ դրուած ջանքերը կը շարունակուին եւ բաւական աշխուժ են:
Նոյն աղբիւրները յոյս յայտնեցին, որ այդ ջանքերը մօտիկ ապագային արդիւնաւորուին նոր նախարարաց խորհուրդի մը կազմութեամբ:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան` հաստատելով, որ քաղաքական որոշումի տէրերը կը շարունակեն մնալ իրենց շահերուն գերիները` պահպանելով իրենց քարացած տեսակէտներով արտաքին օրակարգերու ծառայելու յանձնառութիւնը:
Դրամատուներու գործունէութեան շրջագիծին մէջ, «Աուտէ» դրամատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց դրամատան եւ անոր տնօրէնին` Սամիր Հաննայի դէմ արձակուած բոլոր զրպարտութիւնները` զանոնք նկատելով անճիշդ տեղեկութիւններ:
Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ «Աուտէ» դրամատունը յանձնառու կը մնայ դրամատնային օրէնքներուն` աւելցնելով, որ անոր գործառնութիւնները Կեդրոնական դրամատան եւ դրամատուներու աշխատանքներու քննչական յանձնախումբին հսկողութեան տակ կը գտնուին:
Իր կարգին, Դրամատուներու միութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտուեցաւ «Աուտէ» դրամատան դէմ արշաւը:
Դրամատուներու միութիւնը հաստատեց, որ որեւէ դրամատան դէմ սկսած նման արշաւ երկրին բոլոր դրամատուներուն դէմ ուղղուած է` աւելցնելով, որ այդ արշաւին նպատակն է դրամատունը վարկաբեկել եւ անոր նկատմամբ ժողովուրդին վստահութիւնը խոցելի դարձնել: