Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Խմբագիրներուն նորընտիր սենտիքան` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆիի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի կառավարութիւնը նիստի հրաւիրելու ընտրանքին` նոյնիսկ եթէ նիստին մասնակցութիւնը պոյքոթի պիտի ենթարկուի:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ իրենք կը գտնուին քաղաքականութեան կամ դատական իշխանութիւններուն միջեւ ընտրելու կացութեան դիմաց:
«Կարելի չէ կառավարութեան ժողովներուն առկախումը շարունակել, որովհետեւ կան հարցեր, որոնք վաւերացում կը պահանջեն: Այդ թղթածրարներէն է օրինակ պետական ամավարկը վաւերացնելը` դիւրացնելու համար ելեկտրականութեան մարզի դիմագրաւած հարցերուն լուծումը:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ համաձայնութիւնը տիրական է, եւ եթէ կան հարցեր, որոնց մասին տարբեր կարծիքներ ունինք, ապա անիկա չի նշանակեր, որ յարաբերութիւնները խզուած են», ըսաւ նախագահ Աուն:
Ան աւելցուց, որ Հըզպալլայի հետ յարաբերութեան շրջագիծին մէջ կան բաներ, որոնք բարեկամներու միջեւ պէտք է խօսուին: «Մենք սահմանադրութեան կը հետեւինք, որովհետեւ սահմանադրութեան նկատմամբ եթէ յարգանք չցուցաբերուի, ապա մթնոլորտը քաոսային կ՛ըլլայ», հաստատեց նախագահ Աուն:
Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք նիւթական օժանդակութիւնը ուղղակի ժողովուրդին տրամադրելը` առանց պետութեան գիտակցութեան, կը միտի երեսփոխանական ընտրութիւննե՞րը ֆինանսաւորել եւ խորհրդարա՞ն հասցնել անոնք, որոնք խորհրդարանական փորձառութիւն չունին:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ինք մէկուկէս տարիէ ի վեր իրաւական հաշուեքննութիւն կը պահանջէ` իմանալու համար պետական գանձարկղին գործած դրութիւնը, պետական պիւտճէին գողութիւնը, մսխումը կամ վատ տնօրինումը:
Ան նշեց, որ ինք հանգիստ կը զգար, որ լիբանանեան հասարակութիւնը հասած էր այն հասունութեան, որ բարեկարգումներ պահանջէր: «Սակայն այսօր ես չեմ լսեր բարեկարգումները գործադրելու պահանջներ, այլ` իմ անձիս դէմ ցեխարձակումներ եւ նախագահական դրութիւնը վերականգնելու ամբաստանութիւն», նշեց ան:
Նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ 30-ամեայ այս ժամանակաշրջանը վերջ կը գտնէ եւ փոփոխութիւնը կ՛իրականանայ:
Ան դիտել տուաւ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին` աւելցնելով, որ ինք միայն ընտրութիւններուն թուականը փոխած է` 27 մարտէն 8 կամ 15 մայիսի, որուն շուրջ կարելի է համաձայնիլ:
«Լիբանանի հարցերը լուծելու համար 30 տարիէ ի վեր երկխօսութեան մասնակցողները ապարդիւն կերպով կը շարունակեն այդ երկխօսութիւնը: Պէտք է երկխօսութեան մասնակիցները փոփոխութեան ենթարկել` նոյնիսկ եթէ ես մաս կը կազմեմ անոնց», հաստատեց նախագահ Աուն: