Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ, որուն հաստատեց, որ Իրան կը զօրակցի Լիբանանի մէջ հզօր կառավարութեան մը կազմութեան, որպէսզի ան կարենայ պաշտպանել լիբանանցի ժողովուրդին իրաւունքները:
«Իրան պատրաստ է լիբանանցի ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւն ապահովելու, ինչպէս նաեւ պատրաստ ենք գործակցելու Ֆրանսայի հետ` Լիբանանի բարգաւաճման եւ յառաջդիմութեան ի խնդիր», ըսաւ ան:
Ռայիսի նշեց, որ Լիբանան կը տառապի իր վրայ պարտադրուած շրջափակումէն, եւ Մաքրոնէն խնդրեց, որ Ֆրանսա օժանդակէ Լիբանանին` ապաշրջափակման ուղղութեամբ: «Իրանի, Ֆրանսայի եւ Հըզպալլայի ճիգերը կը միտին ծառայել լիբանանցի ժողովուրդին շահերուն` հզօր կառավարութեան մը կազմութեան ընդմէջէն», ըսաւ ան: