ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեան Մոսկուայէն, ուր ան կը մասնակցի «Արմիա-2021» ռազմաարդիւնաբերական ցուցահանդէսին՝ յայտարարեց, որ իր դիմաց ծառացած երեք հիմնական հարցեր ունի նոր, արդիական բանակ ունենալու եւ երկրի անվտանգութեան մարտահրաւէրները դիմակայելու ճամբուն վրայ, որոնցմէ առաջինը նոր եւ որակաւոր սպառազինութիւնն է, երկրորդը` զէնքի սեփական արտադրութիւն ունենալը, իսկ երրորդը` պաշտպանութեան նախարարութեան եւ արտադրող ձեռնարկութիւններուն միջեւ միջնորդներ չունենալը: Ան շեշտեց, որ այս երեք հարցերը լուծելուն մէջ կարեւոր դեր պիտի խաղայ ռազմավարական դաշնակից Ռուսիան, որ կ՛աջակցի Հայաստանին: «Կարծում եմ` այս երեք պայմանները պահպանելու դէպքում անպայման ստանալու ենք նոր, արդիականացուած եւ 21րդ դարին համահունչ բանակ եւ կարողանալու ենք դիմակայել հանդէպ առկայ վտանգներին», շեշտեց Արշակ Կարապետեան:
Ան հաստատեց, որ գործնական քայլեր պիտի առնեն Ռուսիոյ հետ համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ: «Մենք պլանաւորում (կը ծրագրենք) ենք ունենալ որակով սպառազինութիւն, մենք պլանաւորում ենք ունենալ նոր սպառազինութիւն, մենք հրաժարուել ենք հին սպառազինութիւն ձեռք բերելուց: Դա մեր քաղաքականութիւնն է: Աւելի լաւ է` մենք ունենանք քիչ, բայց որակով, եւ յստակ իմանանք, որ այդ սպառազինութիւնը գործելու է», շեշտեց ան: Նախարարը աւելցուց, որ մենք, իբրեւ ազգ, պէտք է կարենանք արտադրել մեր սեփական զէնքը։
Ցուցահանդէսին մասնակցոելու զուգահեռ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ Ռուսիոյ ռազմաարդիւնաբերական մեծ ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ եւ քննարկեց երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր:
Արշակ Կարապետեան, այնուհետեւ, հայ-ռուսական ռազմա-արհեստագիտութեան համագործակցութեան հարցերու ամբողջ շրջանակը քննարկեց Ռուսիոյ Ռազմա-արհեստագիտական համագործակցութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Տմիթրի Շուքաեւի եւ «Ռոսօպորոնէքսփորթ» ընկերութեան տնօրէն Ալեքսանտր Միխէեւի հետ: