ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը պետական այլ կառոյցներու հետ համատեղ յուլիս 6-8 կը նախատեսեն իրականացնել Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակման 100 եւ Երեւանի հիմնադրման 2800 ամեակներուն նուիրուած համահայկական երիտասարդական հաւաք:
Համաժողովը կ’ունենայ առաւելապէս գործնական բնոյթ: Կը կազմակերպուին հանդիպումներ եւ քննարկումներ պետական, հասարակական եւ մշակութային յայտնի գործիչներու եւ հոգեւորականներու հետ:
Համաժողովին կրնան մասնակցիլ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի այն երիտասարդները, որոնք ուսանողներ են, երիտասարդական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, ներկայացուցիչներ, գործիչներ:
Հայաստանի մէջ մասնակիցներու կեցութեան, սնունդի եւ տեղափոխման ծախսերը կ’իրականացնեն կազմակերպիչները:
Դարձէ՛ք համահայկական այս նախաձեռնութեան մասնակիցը, եկէ՛ք Հայրենիք յոբելենական այս փառահեղ տարուան:
Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք զանգահարել 060500830 հեռախօսահամարով կամ ուղարկել Ձեր հարցումը [email protected] հասցէին: