Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով, երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան – Գէորգեան կատարեց հետեւեալ թուիթըրեան գրառումը. «Լիբանանի ազատագրման յիշատակին առիթով փառք ու պատիւ կը զգանք: Կը մաղթենք, որ միասնաբար գործենք` ազատագրելու համար նաեւ մարդն ու հայրենիքը` փտածութենէն ու համայնքայնութենէն, որպէսզի մեր յաղթանակը կրկնապատկուի ու ամրապնդուի»: