Կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարէ իր նիստը, նախագահութեամբ` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:
Միւս կողմէ, կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին աւարտեց իր մշակած ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը: Վարչապետը յայտնեց, որ երկիրը այս աստիճան հասցուցած փտածութեան եւ փտածներուն դէմ ժողովուրդին զայրոյթը բնական է, սակայն փողոցին մէջ արձանագրուած խուլիկանութիւնը, վայրագութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիները լիբանանեան բանակին դէմ հրահրելը վատոգի ծրագիրի մը ցուցանիշները կը թուին ըլլալ:
«Պատահածը անմեղ չէ. անիկա երկրին հաստատութիւնները քանդելու ծրագրուած արշաւ մըն է: Ոմանք կը փափաքին բանակին եւ ժողովուրդին միջեւ սադրանքներ նախապատրաստել, անոնք կը փորձեն գողնալ իր ապրուստը ապահովելու կարողութիւնը չունեցող քաղաքացիներուն արդար պոռթկումը, ինչպէս նաեւ քանդել ու հրկիզել փողոցները: Մեր մօտ ունինք ամբողջական տեղեկագիրներ անոնց մասին, որոնք խուլիկանութեան եւ սադրանքներ հրահրել կը միտին: Ապահովութեան ուժերուն մօտ կը գտնուին անունները այն բոլոր անհատներուն, որոնք կը հրկիզեն վաճառատուներն ու հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ պետական ու սեփական կալուածները: Անոնք բոլորը հաշուետուութեան պիտի կանչուին դատական իշխանութիւններուն կողմէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ եթէ կացութիւնը այս ընթացքով շարունակուի, ինք ամէն բան իր անուններով պիտի յայտարարէ:
Տիապ դրուատեց բանակին, Ներքին ապահովութեան ուժերուն, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցներուն ցուցաբերած իմաստուն վարուելակերպը, ինչպէս նաեւ անոնց կարգապահութիւնը` հակառակ իրենց դիմագրաւած վտանգաւոր մարտահրաւէրին:
Թրիփոլիի Եւ Սայտայի Մէջ Խուլիկանութիւնները Կը Շարունակուին
Երէկ երեկոյեան ժամը շուրջ 9:00-ին, Թրիփոլիի Նուր հրապարակին, ինչպէս նաեւ Մինայի շրջանին մէջ ցուցարարները դարձեալ ուղղուեցան փողոց եւ բողոքեցին նախորդ գիշեր բանակին կողմէ կարգ մը ցուցարարներու ձերբակալութեան, ինչպէս նաեւ սղաճին եւ իրենց ապրուստի խղճալի պայմաններուն դէմ:
Մինչեւ կէս գիշեր արձանագրուած ցոյցերուն ընթացքին մեծաթիւ ցուցարարներ յարձակեցան լիբանանեան բանակին դէմ եւ քարկոծեցին զայն:
Բանակը արցունքաբեր կազեր արձակելով փորձեց ցրուել ցուցարարները, որոնք անդրդուելի մնացին, հետեւաբար բանակը շարունակեց ձերբակալութիւնները:
Նշենք, որ բանակին հրապարակած երէկուան հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Թրիփոլիի մէջ նախորդ գիշեր վիրաւորուած են 50 բանակայիններ, որոնցմէ 6-ը` սպաներ:
Սայտայի մէջ եւս բռնկեցան ցոյցերն ու խուլիկանութիւնները, ուր ցուցարարները բանակին դէմ յարձակեցան քարերով, պայթուցիկներով եւ քոքթէյլ մոլոթովներով: Ցուցարարները պայթուցիկներ նետեցին եւ քարկոծեցին նաեւ շրջանի Կեդրոնական դրամատունը:
Բանակը փորձեց ցուցարարները շրջափակել Նըժմէ հրապարակին վրայ, սակայն անոնք Ռիատ Սոլհ եւ Հուսամէտտին Հարիրի փողոցներուն վրայ քանդումի ենթարկեցին 4 դրամատուներու ցուցափեղկեր: