ՄՈՍԿՈՒԱ, «Թասս».- Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը երկրին ներքին գործն է եւ Ռուսիա շահագրգռուած է, որ հոն կացութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ լուծուի, յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ:
«Մենք չենք միջամտեր այն հոլովոյթներուն, որոնք այնտեղ տեղի կ՛ունենան, եւ չենք զօրակցիր ոեւէ մէկուն: Կը փափաքինք, որ իրավիճակը արագ լուծուի, որովհետեւ անիկա կը բխի մեր բոլորին շահերէն», աւելցուց Ռուտենքօ:
Ան նաեւ յայտեց, թէ յոյս ունի, որ Արցախի մէջ ապահովական կացութիւնը չի վատթարանար: