Մարտ 8-ի` Կիներու միջազգային օրուան առիթով շնորհաւորական ուղերձներ յղած են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան, վարչապետ Կարէն Կարապետեան եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ:
«Մեր երկրին մէջ չկայ որեւէ ոլորտ եւ բնագաւառ, ուր չզգացուի կիներու բարենպաստ ներկայութիւնը եւ աշխուժ մասնակցութիւնը: Անոնք ուսուցիչ են, բժիշկ, ձեռներէց ու պետական գործիչ, զինուորի մայր են ու զինուորական: Մեր ամբողջ հասարակութեան անունով ձեզի երախտագիտութիւն կը յայտնեմ եւ գլուխ կը խոնարհեմ ձեր առջեւ», ըսուած է Հայաստանի նախագահի շնորհաւորական ուղերձին մէջ:
«Ձեր մասնագիտական նուաճումներն ու յառաջընթացը, ինչպէս նաեւ հասարակական ու քաղաքական աշխուժութիւնը բացառիկ կարեւորութիւն ունին Հայաստանի զարգացման եւ ապագային համար: Աւելի արդար ու ազատ հասարակութիւն, աւելի հզօր ու բարեկեցիկ երկիր ձեւաւորելու գործին մէջ ձեր մասնակցութիւնը ունի անփոխարինելի նշանակութիւն», իր ուղերձին մէջ գրած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:
«Ձեզի կը մաղթեմ երջանկութիւն անձնական կեանքի եւ յաջողութիւններ աշխատանքային գործունէութեան մէջ: Առողջ եւ ամուր ընտանիքը մեր ժողովուրդին եւ երկրին հարստութիւնն է, իսկ այդ հարստութեան մշտարթուն պահապանը դուք էք, սիրելի՛ կիներ: Գարնանային այս գեղեցիկ տօնին առիթով կրկին շնորհաւորելով ձեզ` կը մաղթեմ բոլորիդ սէր եւ բարօրութիւն», Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով` ըսուած է ուղերձին մէջ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան մարտ 8-ի շնորհաւորական ուղերձին մէջ շնորհաւորելով կիները ըսած է. «Բնութիւնը ձեզ շռայլօրէն օժտած է ջերմութեամբ ու հոգատարութեամբ, նրբութեամբ ու քնքշանքով, գեղեցկութեամբ ու հմայքով, միաժամանակ ձեզի տուած է անսահման համբերութիւն ու մեծ հոգի, անսպառ ուժ ու կորով, որպէսզի կարենաք արժանավայել ձեւով իրականացնել ձեր կեանքի առաքելութիւնը, կրել ձեր ուսերուն ծանրացած բեռը:
«Թանկագի՛ն մայրեր, մեծ մայրեր, դուստրեր, քոյրեր ու կիներ, արցախուհիներ, իմ անկեղծ մաղթանքս է, որ դուք, ձեր հարազատներն ու մերձաւորները միշտ ըլլաք առողջ եւ ուրախ, որ ձեր ընտանիքներուն մէջ միշտ վառ ըլլայ օճախի կրակը, անպակաս` ցնծութիւնն ու բերկրանքը, սէրն ու լիութիւնը»:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի շնորհաւորական ուղերձին մէջ ըսուած է. «Այս տօնը առիթ է անգամ մը եւս երախտագիտութիւն յայտնելու ձեզի, վերստին ընդգծելու սիրող մօր ու կնոջ, դստեր ու քրոջ, պարզապէս լուսաւոր մարդու դերը: Դուք ապացուցած էք, որ կրնաք յաջողութեան հասնիլ պետական ու քաղաքական կեանքի, առողջապահութեան, գիտութեան ու կրթութեան ոլորտներու, գործարար կեանքի եւ մշակոյթի մարզին մէջ, միաժամանակ, միշտ ջերմ միջավայր ապահովելով ընտանիքի մէջ եւ նուիրուածութեամբ երեխաներ դաստիարակելով»:
Իսկ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան Կիներու միջազգային օրուան առիթով շնորհաւորական իր ուղերձին մէջ ըսած է. «Այս գեղեցիկ գարնանային տօնը առիթ է արտայայտելու մեր յարգանքը եւ անսահման սէրը ձեր նկատմամբ:
«Կը մաղթեմ, որ միշտ ըլլաք ժպիտով ու երջանիկ, շրջապատող աշխարհը ձեր սիրով ու հմայքով աւելի գեղեցիկ ու հանդուրժող դարձնէք, ներդաշնակ ըլլաք դուք ձեզի հետ, իսկ ձեր ընտանիքներուն մէջ միշտ ջերմ եւ սիրով լեցուն մթնոլորտ ըլլայ: Դուք մեծ դերակատարութիւն ու առաքելութիւն ունիք մեր երկրի զարգացման գործին մէջ: Կ՛ուզեմ վստահեցնել, որ մենք շատ հետեւողական պիտի ըլլանք, որ դուք դրսեւորուելու եւ Հայաստանի մէջ առաւելագոյն չափով պաշտպանուած ու գնահատուած զգալու համար բոլոր կարելիութիւնները ունենաք»: