ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ
3-էն 6 Յուլիս պաշտօնական այցով Կիպրոս կը գտնուէր Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ Հայաստան-Կիպրոս միջխորհրդարանական բարեկամական խումբի նախագահ Մխիթար Հայրապետեան:
Պաշտօնական շարք մը հանդիպումներէ ետք՝ Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը 5 Յուլիսի երեկոյեան այցելած է Կիպրոսի հռչակաւոր «Մելգոնեան» կրթական հաստատութիւնը, որ փակուած էր 2005-ին:
Յատկապէս այս այցի առթիւ՝ Կիպրահայերը բողոքի ցոյց մը կազմակերպած են` ընդդէմ ՀԲԸՄ-ի կողմէ դպրոցի փակման որոշումին: Ցուցարարները, որոնց մաս կազմած են նաեւ ԱՄՆ-էն եւ Եւրոպայէն ժամանած մելգոնեանցիներ, նշած են, որ Հայաստանի յեղափոխութիւնէն յետոյ կ՚ակնկալեն նաեւ յեղափոխութիւն Սփիւռքի մէջ եւ կարելի չէ թոյլ տալ, որ կատարուի Սպիտակ ջարդ:
«Օտար հողի վրայ Հայը Հա՛յ պահողը մայրենի լեզուն ու մշակոյթն են. ինչպէ՞ս կարելի է փակել հայկական դպրոց մը, որու այդքան կարիքը ունի ոչ միայն կիպրահայ համայնքը, այլեւ անբարենպաստ աշխարհաքաղաքական պայմաններու մէջ գտնուող տարածաշրջանը», նշած են բողոքի ցոյցի մասնակիցները:
Ազդեցիկ ելոյթով հայ երեսփոխաններուն դիմած է «Մելգոնեան համաշխարհային նախաձեռնութեան» հիմնադիր-նախագահուհի Արսինէ Շիրվանեան. ան, հայկական կրթական հաստատութիւններու, հայ ինքնութեան պահպանման, հզօրացման ու այդ ուղղութեամբ աննահանջ պայքարի կոչ յղած է ամբողջ աշխարհի Հայութեան:
Պատուիրակութեան անդամները իրենց համակրանքը յայտնած են պայքարող սրտցաւ հայորդիներու զգացումներուն նկատմամբ ու խոստացած են ա՛լ աւելի մօտէն ուսումնասիրել հարցի լուծման տարբերակները, ընդգծելով՝ որ դպրոցի հարցը հայկական օրակարգին վրայ է:
Աւելցնենք, որ բողոքի ցոյցին մասնակցած են նաեւ կիպրացի պաշտօնատարներ, ծանօթ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ ու Մելգոնեանի յարգին ու արժէքին գիտակից քաղաքացիներ: