-Մոռցեր ես բարեկամ, տագնապի առաջին օրէն բոլորս ալ սկսանք եկեղեցիներուն եւ միութիւններուն առջեւ կարգի կենալ. բոլորս ձեռքերնիս երկարեցինք օգնութիւն աղերսելու, սկիզբը քիչ մը ամչնալով, սակայն շուտով աւելին ու աւելին պահանջելով, երբեմն անամօթաբար, նոյնիսկ պէտք չունեցողն ալ կ’առնէր, ինչո՞ւ պիտի չառներ, չէ՞ որ արտասահման գտնուող իր հեռու-մօտիկ ազգականներն ալ քանի մը տոլար տալով մասնակցած էին Հալէպի համար կատարուող հանգանակութիւններուն, տուած եւ հեռաձայնած էին ըսելով.- Գացէ՛ք եւ առէք, մենք ձեզի համար տուած ենք…
-Ո՛չ, բարեկամս, տագնապի օրերը աւելի լաւ չէին, բայց այս օրերը նոյնքան եւ աւելի վատ են, ըսել կ’ուզեմ, «լաւ»ով պիտի չհամեմատենք մեր վիճակը, այլ՝ «վատ»ով: Ա՛յդ օրերուն մենք սկսանք դադրիլ որպէս մարդ ապրելէ, այ՛դ օրերուն մենք սկսանք փողոցը մենք մեզի խօսիլ, այսինքն ամէն մէկը ինքն իր հետ, ա՛յդ օրերուն դոյլերով ջուր կրելու պատճառաւ մեր ողնասիւնը ծռեցաւ, ա՛յդ օրերուն մեր մանուկները դադրեցան մանուկներ ըլլալէ, ա՛յդ օրերուն մեր ընտանիքները սկսան բաժան-բաժան ըլլալ, այդ օրերուն սկսան հազարաւոր ծերունիներ առանձին մնալ՝ սպասելով որ դրացիները օգնութեան հասնին ցուրտ ձմեռին: Այդ ծերունիներէն քանին մահացաւ, գիտե՞ս: Չե՛ս գիտեր, չես գիտեր նաեւ, թէ քանի՞ հայ մնաց հոս, որովհետեւ ո՛չ մէկը կ’ուզէ ճշմարտութիւնը գիտնալ,աւելի դիւրին է պատասխանել 10-15 հազար: Տաս-տասնհինգը նման չէ՛ 100-105ի, որպէսզի չկարենանք իրականութիւնը գիտնալ…
Տագնապի օրերը վատ էին: Երբ Հալէպի արեւելեան շրջանները պետութեան գերիշխանութեան տակ անցան, յոյս մը ծագեցաւ մեր մէջ, յուսացինք, թէ խաղաղութիւն պիտի տիրէ, Սուրիան պիտի բարգաւաճի եւ աւելի լաւ վիճակ պիտի ունենայ քան Ծոցի երկիրներունը: Կարծեցինք, թէ գաղթած հալէպահայերը պիտի վերադառնան… սխալեցանք, չարաչար սխալեցանք, յոյսերնիս ապագային կապելով, դառն ճշմարտութիւնը շառաչիւն ապտակի մը պէս զարնուեցաւ մեր աղաւաղուած դէմքին, երկրին մէջ շարուակուող պատերազմական վիճակը, երկրին վրայ պատիժներու առկայութիւնը, օրեցօր աճող սղութիւնն ու ամէն տեղ տարածուած փտածութիւնը մեզ անորոշութեան առջեւ կանգնեցուց, ապագայի յոյսը օրէ օր աւելի աղօտեցաւ, , աւելին՝ մեր հոգիներն ալ աղաւաղուեցան:
Ի՞նչ մնաց մեզի:
-Դուն ալ պիտի համաձայնիս որ.-Ոչի՛նչ, ու պիտի աւելցնես- Յոյսերնիս Հայաստանն էր, այդ ալ քանդուեցաւ:
-Թերեւս, թերեւս Հայաստանն ալ քանդուեցաւ , բայց ամէն մէկը ինքզինքին հարց տայ.
-Հայաստանը մեզի պէտք է միայն իր լա՞ւ օրերուն:
Թող ո՛չ մէկը չպատասխանէ միւսին փոխարէն, ամէն մէկը ինքն իրեն պատասխան թող տայ. Ո՛չ խաբուսիկ, այլ անկեղծ պատասխան:
Մինչ այդ, հիմա՛, մեր ոչ միայն ֆիզիքական, այլ հոգեկան վիճակն ալ վատ է, շա՛տ վատ. Մեր հոգիները հիմա կը նմանին, ո՛չ թէ վերանորոգուած Քառասուն Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ, այլ տակաւին կիսաւեր Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ:
Հալէպ, 21 Փետրուար 2021