Արմենակ Եղիայեան
Ամբողջ աշխարհը գիտէ, որ Շեյքսպիր հեղինակն է աւելի քան 40 թատերական գլուխ գործոցներու, սակայն քիչեր գիտեն,– եթէ գիտեն,– թէ ան հեղինակած է նաեւ աւելի քան 150 հնչեակներ (եւ այլ ոտանաւորներ), ուրկէ քերթողական տաղանդը բացակայ չէ երբեք: Պարզ է, անտառը ծածկած ու անուշադրութեան մատնած է ծառը:
Ստորեւ նմուշ մը:
No longer mourn…
No longer mourn for me when I am dead
Than you shall hear the surly sullen bell
Give warning to the world that I am fled
From this vile world, with vilest worms to dwell:
Nay, if you read this line, remember not
The hand that writ it; for I love you so
That I in your sweet thoughts would be forgot
If thinking on me then should make you woe.
O, if, I say, you look upon this verse
When I perhaps compounded am with clay,
Do not so much as my poor name rehearse.
But let your love even with my life decay,
Lest the wise world should look into your moan
And mock you with me after I am gone.
(Sonnet 71) William Shakespear
Ամէն հայ ընթերցասէր գիտէ, որ Գրիգոր Զոհրապ իր կարգին հեղինակն է երեք հատոր պատմուածքներու,– նորավէպերու,– որոնք իրեն ապահոված են «Հայ նորավէպի իշխան» տիտղոսը: Ծանօթ են նաեւ անոր ուղեւորական օրագիրին, ինչպէս նաեւ կարգ մը հրապարակային ելոյթներուն՝ անհամար ճառեր եւ յօդուածներ. այս վերջիններէն մաս մը ամփոփուած է «Մեր կեանքէն» կոչուած հատորին մէջ:
Սակայն քիչեր գիտեն,– եթէ գիտեն,– թէ Զոհրապ գրած է նաեւ գողտրիկ բանաստեղծութիւններ, որոնցմէ նմուշ մը կը տրուի ստորեւ:
Այս պարագային եւս անտառը ծածկած է ծառը… [1]
Յուսալի է, որ այս ընթերցումը առիթ մը ըլլայ, որպէսզի ոմանք հետաքրքրուին մեծ արձակագիրին, հռետորին ու նահատակին այդ նուազ ծանօթ վաստակով:
Դուն լայն ճամբէն…
Դուն լայն ճամբէն գնա՛, աղուո՛ր,
Ես կ’երթամ մութ արահետէս,
Երջանիկ այն համոզմամբ, որ
Մտքով գոնէ ինծի հետ ես:
Խնդրանք մ’ունիմ՝ վերջին պահուն
Կ’ուզեմ որ դուն քովս ըլլաս,
Ու երբ ամէնքն փախչին ինձմէ,
Դուն պայծառ դէմքդ ինծի ցոյց տաս:
Ու ամէն փառքի փոխարէն՝
Պատկերդ է որ պայծառ ու ջինջ
Տանիմ միայն այս աշխարհէն՝
Չյիշելով ուրիշ ոչինչ:
Գրիգոր Զոհրապ
[1] Ականջը խօսի ծերունազարդ բարեկամիս՝ Յակոբ Պալեանին, որ միշտ ծառի ետին ծածկուած անտառ տեսնելու հակամէտ է: