«Նոր օր» շաբաթաթերթի
Յարգարժան խմբագրութեան
Բարեկա՛մ,
Հաճոյքով սկսայ վերստանալ թերթդ, որուն հանդէպ իմ ունեցած համակրութեանս հաւաստիքին պէտք չունիք կարծեմ, քանի հնուց ծանօթ էք անոր: Պիտի փափաքէի, սակայն, որ ան ձերբազատած ըլլար կարգ մը վաղեմի անհարթութիւններէ, որոնք տրամադրութիւն կը խանգարեն եւ կ’առաջնորդեն տխուր մտածումներու, մանաւնդ երբ նկատի կ’ունենանք, որ թերթիդ գլուխը կը գտնուի արժանաւոր հայերէնագէտ մը՝ Երեւանէն վկայեալ:
* *
*
- Առաջին նկատողութիւնս պիտի ըլլայ այն, թէ ինչո՛ւ խառն գրուող բառերու բաղադրիչները միութեան գծիկով չէք կապեր. օրինակ՝ խառնափնդոր կը գրէք 7ին, 2017էն, ՆԱԹՕի եւ այլն, իսկ տողերս գրողը գիտէ, որ ասոնք ձեզի ուսուցուած են 7-ին, 2017-էն, ՆԱԹՕ-ի ձեւի տակ: Ճիշդ է, որ ուրիշներ ալ կ’ուտեն այս ապուրը, յատկապէս Ատլանտեանէն անդին, սակայն ակնկալելի էր, որ դուք, փոխանակ անոնց հետեւելու, փորձէիք անոնց ճիշդը սորվեցնելու ճիգին մասնակից դառնալ, որքան ալ սպառիչ ու յուսախաբիչ ըլլայ այդ ճիգը:
Լաւ կ’ըլլայ որ մտածէք այս մասին:
Իսկ երբ երկու թիւեր կը ծառայեն տեւողութիւն մը կամ տարածութիւն մը նշելու, ապա զանոնք կը կապենք անջատման գիծով. այսպէս՝ 11–13, որ կը նշանակէ՝ «տասնմէկէն մինչեւ տասներեք»: Այդ մինչեւ-ը կրնայ ժամանակ ցոյց տալ կամ տարածութիւն, կախում ունի ընտրուած միաւորէն: Մինչ 6-րդ էջիդ վրայ կը գտնենք՝ «Յունուար 11-13ին», որ ուրեմն պէտք է ըլլայ՝ «Յունուար 11–13-ին»:
- Յաջորդ նկատողութիւնս կը վերաբերի եւայլն-ի գրութեան, կը հետեւիմ 15-2-18-ի թողարկումին. «Նոր նախագահի եւ նոր վարչապետի ընտրութիւններ, եւայլն»:
Հետաքրքիր եմ գիտնալու, թէ «եւայլն»-ի այս գրելաձեւը ո՞ւր սորված էք: Ո՛չ Երեւան, ուր կ’ուսուցեն ու կը կիրարկեն ճիշդ ձեւը, որ է՝ «եւ այլն»: Հայերէնը եւայլն բառ չունի, ունի սակայն «եւ այլն», որ կը նշանակէ «ուրիշ բան»:
Բաց աստի, երբ եւ շաղկապը կը կապէ բառեր, իրմէ առաջ ոչ մէկ ատեն ստորակէտ կ’առնէ: Ուրեմն վերի հատուածը պարտինք գրել՝ «Նոր նախագահի եւ նոր վարչապետի ընտրութիւններ եւ այլն»:
Տակաւին կը մնայ նեղացուցիչ տարր մըն ալ, որ է եւ-ին կրկնութիւնը, որմէ կարելի է խուսափիլ առաջին եւ-ը դարձնելով ու:
Ուրեմն՝ «Նոր նախագահի ու նոր վարչապետի ընտրութիւններ եւ այլն»:
- Խառնակ կը գրուին նաեւ թիւերը. էջ 16-ի վրայ ամբողջական 9,400-ը եւ կոտորակային 4,5-ը հաւասարապէս գրուած են ստորակէտով, բան մը, որ ոչ մէկ օտար լրագրող կ’ընէ, իսկ հայը կ’ընէ քիչ մը ամէն տեղ. Լիբանանը զերծ չէ այդ մեղանչումէն: Երեւանն ալ:
Իսկ հայեցի ոճը կը պահանջէ, որ ամբողջական թիւերը գրուին միջակէտով կամ բացատով՝ 9.400 կամ 9 400 : Կոտորակը գրուի ստորակէտով՝ 4,5 : Այս տրամաբանութեամբ՝ էջ 5-ի 40,000-ն ալ պէտք է ըլլայ 40.000 կամ 40 000:
Խառն նմուշներ՝ 7.571,28 եւ 1.947.341,1 : Նաեւ՝ 7 571,28 եւ 1 947 341,1 :
- Ակնկալելի էր, որ «Նոր օր»-ը զերծ ըլլար տառասխալներէ, սակայն այս չէ պարագան. կը գտնենք երկուստէք՝ է-ով, որ պէտք է ըլլայ երկուստեք՝ ե-ով:
Ունինք չորս բառ, որոնք կը վերաջանան եք-ով՝ ուրեք, ուստեք, երբեք, երկուստեք:
Եթէ ասոնք չարձանագրուին տեղ մը, վաղը վերստին սխալ պիտի կիրարկուին:
Յաջորդը միմիանցից բառն է, որ պէտք է ըլլայ միմեանցից՝ ե-ով:
Մեկնակէտը միմիայն է՝ ի-ով, ճիշդ է, սակայն սեռականը կ’ըլլայ միմեանց, իսկ բացառականը կը հիմնուի սեռականին վրայ ու կու տայ միմեանցից:
- Անպակաս են թերի կամ սխալ կապակցութիւններ, որոնց կիրարկութիւնը շատ կայուն է հայերէնի մէջ:
***«Խոհարարը իր վրայ դատ բացաւ»:
Հայերէնը կ’ըսէ դատ բանալ մէկուն դէմ եւ ոչ թէ վրայ: Շատ ռամիկ է վրայ-ն եւ մանաւանդ…թրքաբանութիւն է: Ուրեմն՝ «Խոհարարը իր դէմ դատ բացաւ»:
***«Անվաւեր ճանչնալով այդ ընտրութիւնը»:
Այս ալ հայերէն չէ. «անվաւեր ճանչնալ» չ’ըսեր հայերէնը, այլ անվաւեր հռչակել:
Ասոնք հազարամեակմներու վաղեմութիւն ունեցող ոճեր են, որ կարելի չէ այսպէս քմահաճօրէն փոփոխութեան ենթարկել՝ առանց աղաւաղելու հայերէնը:
***Ընկերութեան մը կողմէ հրաւիրուեցայ աշխատիլ»:
Կը հրաւիրուինք աշխատելու՝ տրական հոլով:
Այնպէս ալ՝ կը հրաւիրուինք՝ ճաշի կամ ճաշելու, պարի կամ պարելու, պտոյտի կամ պտտելու, խաղի կամ խաղալու եւ այլնի՝ բոլորը տրական հոլով:
***«15 օրեր առաջ»:
Այս ալ հայերէն չէ. պէտք է ըսել «15 օր առաջ»:
Մեզ շրջապատող բոլոր օտար լեզուները, ներառեալ գրաբարը, կ’ըսեն 15 օրեր, բայց աշխարհաբար հայերէնը կ’ըսէ 15 օր: Արդեօք միտք կը պղտորե՞մ, եթէ ըսեմ…որ թրքերէնն ալ կ’ըսէ 15 օր: Այո, մի՛ զարմանաք, եւ մեր աշխարհաբարը թրքերէնի ազդեցութեամբ ձեւաւորած է այս կառոյցը եւ ուրիշ կառոյցներ ալ:
Յիշենք՝ «Քսան տարի ետք»,– Ալեքսանդր Դիւմայի մէկ վէպը:
«Հազար տարի կը սպասեմ»,– ժողովրդային երգի մը մէկ տողը:
«Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ»,– Արամ Հայկազի մէկ գիրքը:
«Հազիւ լրացաւ քսանմէկ տարիս»– եւ այլն:
***«Ի բաց առեալ այն գործերէն» (էջ 5):
Պէտք է ըլլայ՝ ի բաց առեալ այն գործերը:
Կամ՝ բացի այն գործերէն:
Նաեւ՝ բացառութեամբ այն գործերուն:
Կը նկատէ՞ք, թէ որքան վսեմ ու նուրբ է հայերէնը իր այլազանութեանց մէջ, եթէ…յարգուին անոնք:
***«Տարիներ բնակելէ ետք տան մը մէջ, տանտէրը տունը պարպէ կ’ըսէ»:
Նման կառոյցի մը մէջ եւ հայերէնի շարահիւսական կանոններու հետեւողութեամբ՝ բնակողը եւ ըսողը նո՛յն անձը , նո՛յն տանտէրը ենթական կ’ըլլայ: Ինչ որ, անշուշտ, այս տողերը գրողին նպատակը կամ միտքը չէ. անոր համար՝ բնակողը վարձակալն մըն է, իսկ ըսողը՝ անոր տանտէրը է: Այլ խօսքով՝ բնակողը եւ ըսողը տարբեր անձեր են: Ահա այդ տարբերութիւնն է, որ զոհ գացած է լեզուական այս խառնիճաղանճին:
Անշուշտ կացութիւնը փրկելու շատ միջոցներ կան, պայմանաւ որ անդրադառնաս սխալիդ: Սակայն հարցը այն է, որ նման սխալներ շատ դիւրին կը սպրդին, մանաւանդ երբ դռները այսքան լայն բացուած են իրենց առջեւ, եւ մարդիկ կը գրեն…գրելու պէս:
- «Նոր օր»-ը խորագրերը գլխագրելու առողջ ու հայեցի ձեւը ունի. կը գլխագրէ առաջին բառին առաջին տառը միայն: Գնահատելի է: Սակայն մերթ ընդ մերթ կը սպրդին նաեւ սապիսիները՝
***Վարձքի Պայմանագիր
***Յովհաննէս Թումանեան Թանգարանի Տնօրէն
Ասոնք եւ այսպիսիները՝ տրուած անարատ կաթը ոտքի մէկ հարուածով զարնել-թափելու համազօր երեւոյթներ են: Ինչո՞ւ այս յիմար գլխագրումները, ո՞ր «կանոնով» ու ո՞ր «տրամաբանութեամբ»: Անշուշտ…արեւմտահայո՛ւ: Վասնզի միայն արեւմտահայը կարող է նման անհեթեթութիւններ գործել հանգիստ մտքով ու խղճով եւ յետոյ միամտաբար «ակն ունենալ արքայութեան երկնից»:
Զանազանք եւ զարմանազանք
- «Պայքար»-ի խմբագրականները յամառօրէն կը շարունակեն իրենց գրոհը հայերէնի ուղղագրութեան դէմ՝ յանձին «հաշւոյն» սխալագրութեան, որուն կառչած է թերթիս խմբագրապետը եւ որուն ճիշդ ձեւն է «հաշուոյն». պարզ է կանոնը՝ իւ>ու. օրինակ՝ թիւ-թուոյ, հաշիւ-հաշուոյն, պատիւ-պատուոյն եւ այլն:
Կը թուի, թէ «Պայքար» որոշած է իր ճամբան շարունակել սխալ ուղղագրութեամբ մը, այն չքնաղ «տրամաբանութեամբ», թէ կարեւորը հայերէն գրելն է, կարեւոր չէ, թէ ինյպէ՛ս կը գրենք:
—Հաշւոյն ձեւին կը հանդիպինք թէ՛ 18-2-2018-ի թիւին, թէ՛ 2-2- 2018-ի թիւին մէջ:
Յատուկ գուրգուրանք մը ունի թերթս այս բառին՝ իր այս սխալ ուղղագրութեան հանդէպ:
—«Պայքար»-ին օգնութեան հասած է Պարոյր Աղպաշեան եւս վերջին թիւին մէջ ի՛ր կարգին գրելով «հաշւոյն», հո՛ն, ուր կ’ակնկալուէր, որ ինք դարձի հրաւիրէր «Պայքար»-ի մոլորեալ խմբագիրը:
Դեռ ուրիշ բաներ ալ կան այստեղ, որոնցմէ թուեմ Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագիրին՝ արժանապատիւ Բագրատի մականունին հետեւողական ու յաճախակի աղաւաղումը՝ Էօստուքեան («Պայքար», 11-2-18, էջ 2), հոն, ուր այդ խմբագիրը շատ յստակ կը ստորագրէ Էսդուգեան եւ որուն քով մեր յիշած հաշւոյն-ը մանկական խաղալիք է պարզապէս իր միայն մէկ տառի զանցառութեամբ: Ըլլալիք բա՞ն է այս: Կարելի՞ է այսպէս թեթեւ ձեռքերով խաղալ հանրային այնքան ծանօթ դէմքի մը անունին ուղղագրութեամբ:
- «Ազգային ժողովը ուրբաթ, 2 մարտին, 90 թեր եւ 10 դէմ քուէով ընտրեց Հանրապետութեան չորրորդ նախագահը՝ յանձինս Արմէն Սարգսեանի» («Ասպարէզ», 2-3-2018):
Պէտք է ըլլայ յանձին՝ եզակի: Յանձինս յոգնակի է:
Օրինակ՝ յանձին Թորոսի, յանձին Մարկոսի, յանձին Կիրակոսի:
Բայց՝ յանձինս Թորոսի, Մարկոսի եւ Կիրակոսի:
- Կրկնութիւնը գիտութեան մայրն է, այո՛, իսկ կրկնաբանութիւնը՝ մտքի դահիճը:
***«Սուրիական բանակը հակադարձեց՝ ռմբակոծելով ռմբակոծումին աղբիւրը եղող թրքական դիրքերը» («Ազդակ», 24-2-2018, էջ 1):
Հակադարձել կը նշանակէ դիմացինին ըրածը ընել՝ իրեն հանդէպ. ուրեմն երբ սուրիական բանակը կը հակադարձէ ռմբակոծումի աղբիւրին, ա՛լ պէտք չունիմ ըսելու՝ ռմբակոծելով, վասնզի՝ շոքոլա բաժնելու համար չհակադարձեց: Այսքանը կը հասկնայ ամէն բանական էակ, նոյնիսկ «Ազդակ»-ի ընթերցողը: Ուրեմն կը բաւէ ըսել՝ «Սուրիական բանակը հակադարձեց ռմբակոծումի աղբիւրը եղող թրքական դիրքերուն»:
Այսպէսով խուսափեցանք անհաճոյ կրկնութենէ մը:
***«Սուրիական բանակը մուտք գործած է Հալէպի հիւսիսը գտնուող Թալ Ռիֆաաթ քաղաքը, ուր գտնուող քրտական ուժերը մեկնած են Աֆրին» (անդ):
«Սուրիական բանակը մուտք գործած է Հալէպի հիւսիսային Թալ Ռիֆաաթ քաղաքը, ուր գտնուող քրտական ուժերը մեկնած են Աֆրին» (անդ):
Պակաս բան մը ըսի՞նք:
Կը նկատենք, որ միշտ ալ կարելի է վայելուչ ձեւով մը խուսափիլ կրկնաբանութիւն ըսուած ախտէն, պայմանաւ որ անդրադառնանք այդ չարիքին ու առ այդ գործադրենք նուազագոյն ճիգը:
Այլապէս ուղեղ ըսուածը ինչո՞ւ տրուած է մարդուս:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան