Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

   Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (17)

September 27, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
   Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (15)

Տոթք. Արմենակ Եղիայեան

Ուրիշ

Կարելի՞ է երեւակայել հայ մը, որ սխալ կիրարկէ ուրիշ բառը:

Միամտաբար պիտի ըսէք՝ չէ՛, ջանըմ,  ատ ի՛նչ խօսք է, ըլլալիք բա՞ն է:

Այո, մեր,− ըսել կ’ուզեմ՝ արեւմտահայ,− բոլոր թերթերը այս շրջանիս սխալ կը գործածեն զայն, սակայն…ո՛չ իրենք կ’անդրադառնան,− անդրադառնան ալ  շատ բան չի փոխուիր,− ո՛չ ալ ընթերցողը: Եւ այսպէս, կոյրը կ’երթայ…ճամբան ալ կ’երթայ…

Նայինք մինչեւ ո՞ւր  պիտի երթան այս ընթացքով:

*   *   *

Միասին կարդանք, եթէ տարիէ մը իվեր չէք ձանձրացած կարդալէ.

«Լիբանանի մէջ  նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են 604  վարակուածներ եւ մահացած 8 ուրիշներ»:

Բան մը հասկցա՞ք:

−Անշո՜ւշտ որ հասկցանք, այստեղ չհասկնալիք ի՞նչ կայ:

Այո, համաձայն եմ, այստեղ չհասկնալիք…ոչինչ կայ:

Ատենին մեր թաղին մէջ համր մարդ մը կար:

Պէտք է բաւական տարիք ունենար. ամբողջ թաղը կը ճանչնար զինք, եւ բոլոր թաղեցիները,− ներառեալ ձեր խոնարհ ծառան,−  շատ դիւրաւ … կը  խօսէին հետը:

Կը հասկնային զայն ու կը հասկցուէին անկէ:

Ինչե՜ր  ըսես գործի չէին լծուեր այս զրոյցներու առթիւ՝ աչք-յօնք, ձեռք-ոտք, քիթ-բերան, զորն ասեմ, զորն խոստովանիմ:

Կը յիշեմ, անգամ մը երկար «պատմեց», թէ  կ’ուզէ ամուսնանալ. «իրեն պէս խօսող մը գտնել», եւ առ այդ դրամ կը հաւաքէ (կօշկակարի աշկերտ էր), որպէսզի մատանի գնէ… եւ այս ըսելով՝ ցուցամատը ոլորեց բթամատին ծայրը, կազմեց օղակ մը եւ զայն անցուց…միւս ձեռքի մատնամատին:

Թաղը  «ախրազ» կը կոչէր զինք:

Երբ իրարու միջեւ անհասկացողութիւն մը ծագէր, խօսողը իր խօսակիցին կ’ըսէր.

−Ախրազին չափ ալ չկաս: Ան քեզմէ աւելի լաւ կը հասկնայ:

Իսկ երբեմն ալ  «կուտը պակաս» խօսակիցը աւելի  նուաստացնելու  համար չէին քաշուեր ըսելու. «Դուն ուր, Ախրազը ուր,  ան պիւլպիւլի պէս կը խօսի»:

Անշուշտ նաեւ…կը հասկցնէ:

Ճիշդ մեր խմբագիրներուն պէս, որ ամէն բան կը հասկցնեն:

Հապա՞ ընթերցողներս, որ ամէն բան կը հասկնանք:

Բայց եւ այնպէս հասկցնելը բաւարար չէ գրաւոր խօսքի մէջ, դուք ըսէք…հրապարակագրութեան մէջ: Այստեղ պէտք է նաեւ քերականօրէն ճիշդ գրել:

Իսկ վերը բերուած նախադասութիւնը… ճիշդ չէ:

*   *   *

Ուրիշ բառը դերանուն է, եւ ամէն դերանունի պէս կ’իմաստաւորուի, կը լիցքաւորուի՝ յենելով նախապէս  գործածուած բառով մը, որ չենք ուզեր կրկնել, եւ կը դիմենք յարմար դերանունի:

Արդ, այս նախադասութեան մէջ  ուրիշ-ը որեւէ յենարան, որեւէ յղում չունի, որուն ներկայացուցիչը ըլլայ ինք: Այստեղ կայ միայն մէ՛կ գոյական՝ վարակուածներ, որ այդ դերը չի կրնար կատարել, յղումի չի ծառայեր:

Այդ յղումը պէտք է ստեղծել՝ ամբողջացնելու համար մեր խօսքը:

Ահաւասիկ՝  «Լիբանանի մէջ  նախորդ 24 ժամուան ընթացքին վարակուած են  604  քաղաքացիներ եւ մահացած 8 ուրիշներ»:

Ուրիշները  հիմա ունի իր յղումը՝ քաղաքացիներ:

Հիմա մեր նախադասութիւնը ամբողջ եւ ընդունելի է՝ ըստ իմաստի եւ ըստ ձեւի:

Սակայն եւ այնպէս…հայերէնի գողգոթան կանգ չ’առներ այստեղ. ան տակաւին կտրելիք  դաժան ճամբայ ունի իր առջեւ:

—Նախորդ բառը  նմանապէս  կը պահանջէ…յենարան մը, յղում մը, որ կը պակսի այստեղ: Այս պարագային  ուրիշ բնոյթ ունի անոր յղումը. ան ժամանակ ցոյց տուող ածական  ըլլալով՝ կը կարօտի ժամանակ ցոյց տուղ  բառի մը, որուն կը նախորդէ ինք. նախորդ՝ յարաբերաբար ո՞ր պահուն,  ո՞ր ժամուն, ո՞ր օրուան, ո՞ր տարուան կամ դարուն…

Այստեղ  ան եւս կը բացակայի:

Նախորդին փոխարէն այստեղ պէտք եղողը անցած դերբայն  է, որ կ’ակնարկէ շատ յստակ ժամանակի մը:

—Եւ վերջապէս  պէտք չունիմ ըսելու «24 ժամուան ընթացքին», ուր աւելորդ է ընթացքին յետադրութիւնը: Կը բաւէ ըսել. « 24 ժամերուն»:

Այս բոլորը տուեալները համբերութեամբ կցմցելով՝ ի վերջոյ կը ստանանք.

« Լիբանանի մէջ անցած  24 ժամերուն վարակուած են  604  քաղաքացիներ եւ մահացած 8 ուրիշներ»:

Ծանօթ.− Քաղաքացիներ-ի փոխարէն կարելի է դնել հոգի, հայրենակից  եւ այլն. կ’աղաչեմ մի՛ դնէք մարդ, ինչպէս հիմա սովորութիւն դարձած է:  Այս  եւ նման պարագաներու մարդ կ’ըսեն…ռուսերը: Այո, մինչեւ այստեղերը հասած է ռուսաբանութիւնը: Ողջ ըլլան արեւելահայերը, դեռ ուրտեղերը պիտի  հասնին իրենք   եւ  հասցնեն մեզ ու մեր լեզուն:

Այս բոլորէն ետք, եթէ անցած դարու թաղեցիներէս մէկը կարդար մէջբերուած  նախադասութիւնը, պիտի անվարան ըսէր.

−Մեր Ախրազը ասկէ աւելի լաւ կը գրէր…

*   *   *

Հարցում ի պէտս զարգացելոց.

Կը կարծէ՞ք, թէ այսուհետեւ բան մը պիտի փոխուի կացութենէն:

Պատասխանը կը ձգեմ ձեր հայեցողութեան ու խղճին:

Ես խոմ էն գլխէն էրած իմ, նուր  մէկանց քաբաբ մի՛ անիք:

Եւ ոչ կամիմ պարտադրել ձեզ զդառնագոյն փորձառութիւն անձին իմոյ:

Այսուհանդերձ պարտիմ աւելցնել նաեւ այն խոր հիացումը, որ չեմ դադրած երբեք տածելէ  մեր մամուլին  ու անոր ծառայողներուն հանդէպ, որքան ալ երբեմն կսմթեմ զիրենք: Ու յատկապէս այս վերջերս, ուր գրեթէ բոլորն ալ անհամար զրկանքներու ի գին վառ կը պահեն հայ լեզուն:

Ոչ մէկուն գաղտնիք է, որ այսօր կարդացուող միակ գրականութիւնը մամուլն է, վասնզի անցան այն օրերը, ուր մեր սերունդները իրենց գլուխը կը հակէին  «Սամուէլ»-ին,  «Պապ թագաւոր»-ին, «Ամիրային աղջիկ»-ին ու «Նահանջը առանց երգի»-ին վրայ, ա՛լ չեմ ըսեր «Մնացորդաց»-ին: Մինչ ոտանաւորին կողմը նայող իսկ չէ մնացած. ո՞վ   գիտէ այսօր, թէ Վարուժան գրած է «Հացին երգը» կոչուած շարքը, որ անվարան  կարելի է դասել   «Նոր կտակարան»-ի չորս աւետարաններուն կողքին՝ անոնց չափ սուրբ ու սրբացնող  գրական-գեղարուեստական  այդ գոհարը:

Եւ դեռ ուրիշներ:

Ո՞վ կը հասկնայ մեր այս ամէն օր քիչ մը աւելի ահագնացող ցաւը, մեր ազգային ամբողջ ողբերգութեան այս ինքնուրոյն երեսակը:

[email protected]

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Previous Post

Հայաստանի Արեւմտեան Հատուածի Բարենորոգումներու վերջին Հանգրուանը 1912-1914-ին Եւ Ներկայի Զարգացումները

Next Post

Arsenal humiliates Spurs; seasons head in opposite direction

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.