Կարդալ, հասկնալ եւ հասկցնել նաեւ ուրիշներուն, մասնաւորաբար Հայոց լեզուի ուսուցիչներուն եւ ամէն հայերէն գրողի:
Պոլսահայ սրտցաւ բարեկամ մը կը հարցնէ, թէ պէտք է ամրա՞ն գրել, թէ՞ ամռան:
Սկսելու համար ըսեմ, որ «Նոր հայկազեան»-ը հաւասարապէս կու տայ՝ ամռան եւ ամրան, մինչ արեւմտահայ ուսուցիչը այսօր սխալ կը նշանակէ, եթէ աշակերտը գրէ ամռան: Անոնք, որ մեր ուղղագրութիւնը որոշելու մենաշնորհը կը յաւակնին իւրացուցած ըլլալ, աչքի առաջ ունեցա՞ծ են այս «մանրամասնութիւնը»:
Ամրան-ը գրաբարի ամառն բառաձեւի սեռականն է, որ ինչպէս նաեւ ՝ ձմեռն, լեառն, դուռն եւ մատուռն, կը վերջանայ ն-ով. ասոնք սեռականի մէջ կը թուին կրել ռ>ր հնչիւնափոխութիւն մը:
Բայց այսպէս կը թուի միայն:
Ստորեւ տեսնենք, թէ ճիշդ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ:
Բառիս հեռաւոր՝ հնդեւրոպականէն նոր հեռացած ու դէպի նախահայերէն ուղղուող սկզբնաձեւը եղած է ամարան:
Նախահայերէնի մէջ մեծ էր թիւը այն գոյականներուն, որոնց ուղղականն ու սեռականը նո՛յնն էր, եւ այս երկու տարբեր հոլովները կը զանազանուէին իրենց շեշտով միայն:
Ըստ այսմ՝ ամա՛րան ուղղական էր, իսկ ամարա՛ն սեռական:
Անշեշտ մնացած ձայնաւորները լեզուներու մէջ կը կորսուին կամաց-կամաց. այս կորուստին բերումով ամա՛րան դարձած է ամա՛րն, իսկ ամարա՛ն դարձած է ամրա՛ն. երկուքն ալ կորսնցուցած են «ա» մը. մէկը վերջինը, միւսը՝ վերջընթերը:
Ր/ն հերթականութիւնը կու տայ ռ/ն, ուրեմն ամա՛րն դարձած է ամա՛ռն:
Այսպէսով ուղղական՝ ամա՛ռն, սեռական՝ ամրա՛ն:
Ամէն առիթով, ուր ռ-ն եւ ն-ն կը հեռանան իրարմէ, բառս կը վերադառնայ իր սկզբնաձեւի ր-ին: Ամառն-ամրան-ամառնային-ամարանոց-ամառնամուտ եւ այլն:
Այս նոյն գործընթացը ի զօրու է միւս չորսին համար ալ:
Ի դէպ, գրաբարը լերան չունէր, մեր արեւմտահայ վարժապետներուն յերիւրանքն է այս. ան ունէր՝ լեառն-լերին-լեռնէ-լերամբ:
Ուղղականի եւ սեռականի նոյնութիւնը կը գտնենք շատ ուրիշ բառերու մէջ. օրինակ՝ ուղղ.-սեռ. կայսեր (Caesar,Kaiser), որուն ուղղականը եղած է կա՛յսր (ե-ի կորուստով), իսկ սեռականը մնացած է ՝ կայսե՛ր:
Նաեւ՝ ուղղ.-սեռ. եզեր, որ տուած է ե՛զր ուղղականը եւ եզե՛ր սեռականը:
Նմանապէս՝ ուղղ.-սեռ. աստեղ (aster բառն է այս), որ տուած է ա՛ստղ ուղղականը եւ աստե՛ղ սեռականը:
Անշուշտ ամէն անգամ որ սեռական կ’ըսեմ, պէտք է հասկնալ նաեւ տրականը:
* *
*
Աշխարհաբարը այս բոլորին հետ ոչ մէկ կապ ունի:
Մեր համապատասխան բառերն են ամառ, ձմեռ, լեռ, դուռ եւ մատուռ սկզբնաձեւերը՝ առանց ն-ի, որոնք ունին արտաքին հոլովում՝ ան հոլովական ածանցով՝ ամռան, ձմռան, լեռան, դռան, մատռան (մինչ գրաբարի մէջ անոնք ունէին ներքին հոլովում): Ոչ մէկ հնչիւնափոխութիւն կը ներկայանայ ու կը պարտադրէ այստեղ ինքզինք:
Պարզ է, որ աշխարհաբարի մէջ պարտինք Ռ-ով գրել նաեւ այն բոլոր ածանցաւոր եւ բարդ բառերը, որոնք կը կազմուին յիշեալ հինգ բառերով. այսպէս՝ ամառանոց, ձմեռանոց եւ այլն: Հաւանաբար պէտք է խնայուի մի՛այն ձմերուկ-ին, որ ոչ մէկ անգամ Ռ-ով գրուած է, ու այսքա՛ն:
Աշխարհաբարի մէջ կը գրենք նաեւ՝ բեռ-բեռան, թոռ-թոռան, փուռ-փռան, նուռ-նռան եւ այլն, անշուշտ եթէ չնախընտրենք բեռի, թոռի, փուռի, նուռի ձեւերը:
Ծանօթ.– 1. Այստեղ փութամ ըսելու, որ գրաբարը ունէր դուռն եւ դուր, որոնք գրեթէ զուգահեռ գործածուած են մեր դասական մատենագրութեան մէջ, օրինակ՝ Աստուածաշունչի: Առաջինը տուած է, օրինակ, դռնապան, երկրորդը՝ դրկից:
Դուռն կու տար դրունք յոգնակաին, իսկ դուր կու տար դուրք:
Հայցականը՝ դրունք-զդրունս եւ դուրք-զդուրս:
Պատարագին կ’երգեն՝ «Զդրունս, զդրունս, ամենայն իմաստութեամբ եւ զգշութեամբ…» եւ այլն: Սեռականը կ’ըլլայ դրանց:
Զդուրս-ը, կորսնցնելով զ նախդիրը, դարձած է դուրս (out, dehors), որ մակբայ ու յետադրութիւն է: Ասոր սեռականը կ’ըլլայ դրաց, բացառականը՝ ի դրաց, որ փոխուելով տուած է դրացի: Ճիշդ ինչպէս ի դէպ տուած է դէպի:
- Դասական հայերէնը ունէր մեծաթիւ բառեր, որոնք կազմուած են ձմեռն արմատով, օրինակ՝ ձմեռնաբոյս, ձմեռնաժողով, ձմեռնաճոխ, ձմեռնամուտ, ձմեռնասուն, ձմեռնատունկ եւ այլն, սակայն ան ունեցած է նաեւ բառեր ձմեր արմատով, օրինակ՝ ձմերական, ձմերային, ձմերանի, ձմերանոց, ձմերատուն, ձմերել, ձմերոց, ձմերուկ. ուրեմն ասոնք սկզբնաձեւեր են եւ ռ>ր հնչիւնափոխութեան հետեւանք չեն. սա՛ տարբերութեամբ, որ ձմեր նախաձեւը չէ աւանդուած: Ըստ Աճառեանի՝ հեռաւոր ձեւը ձմեռ է, եւ ասով ալ կազմուած են հնագոյն բարդութիւնները, հետագային ան աճած է ն բաղաձայնով ու դարձած է ձմեռն, որով կազմուած են նորագոյն բարդութիւնները:
* *
*
Աշախարհաբարի հնագոյն բնագրերու մէջ նշուած այս հինգ բառերը գրուած են միայն ռ-ով՝ դուռ-դռան–դուռէ (դռնէ)-դուռով:
Այսպէս՝ աշխարհաբարի առաջին դասագիրքը կը հանդիսանայ Մխիթար Սեբաստացիի «Դուռն քերականութեան» աշխատութիւնը, որ հրատարակուեցաւ 1727-ին, Վենետիկ, եւ որուն 21-րդ էջին վրայ կը կարդանք՝ դուռ-դռան-դռնէ-դռնով: Իսկ շարունակութեանը մէջ նաեւ՝ ամռան, ձմռան, լեռան, մատռան:
Յովհաննէս Զոհրապեանի Աստուածաշունչի աշխարհաբար հրատարակութեանց մէջ 19-րդ դարու առաջին քառորդին, պարագան նոյնն է: Ռ-ով գրուած են նաեւ Աստուածաշունչի 1853-ի Աստուածաշնչական ընկերութեան թարգմանութեան մէջ, որուն գլխաւոր թարգմանիչն էր Ստեփան Փափազեանը,– որ իր ժամանակի մեծագոյն հայագէտներէն էր,– ամերիկացի միսիոնար Էլիաս Ռիկզի հետ. հետագային Փափազեանէն աւելի հայերէն «գիտցողներ» փոխեցին կարգը: Այտընեանը իր «Քննական քերականութիւն»-ին մէջ միայն Ռ կը գործածէ ու այդպէս ալ մանաւանդ կը թելադրէ աշխարհաբարին համար: Ռ կիրարկած են Բագրատունին, Աճառեանն ու Աբեղեանը (անկախ 1922-ի ուղղագրական համակարգէն, որ այս կէտին հետ կապ չունի): Ռ-ն որդեգրած է արեւելահայերէնը:
Արեւմտահայ արդի մամուլէն Ռ որդեգրած են «Նոր Յառաջ»-ը եւ «Լուսաբաց»-ը: «Հորիզոն գրական»-ը կը հետեւի յօդուածագիրներու ճաշակին՝ Ռ կամ Ր:
Անհատներու մակարդակին պատկերը քիչ մը տարբեր է:
Միայն մերոնք է, որ…առ նանիր ու խոր տգիտութեան իւրեանց եւ իրար խառնելով գրաբարն ու աշխարհաբարը, հնարած են ուղղագրական աճպարարաութիւն մը՝ դուռ>դրան, առանց բաւարար գիտնալու ո՛չ գրաբարը, ո՛չ աշխարհաբարը:
Ու այդպէս կը քաշքշուի մեր բարբառը:
Արեւմտահայերէնագիտութիւնն ալ հե՛տը:
Յ. Գ.
Հայոց լեզուի «Ծիածան» դասագիրքերու շարքին մէջ,– որ իմ հեղինակութիւնս է եւ որուն 10 հատորները մօտիկ անցեալին 20 տարի շարունակ ծառայեցին գրեթէ ամբողջ սփիւռքին,– քանի մը լուսամիտ մանկավարժներու հետ խորհրդակցելէ ետք հաստատեցի ամռան-ձմռան-լեռան-դռան-մատռան (մատուռին) ուղղագրութիւնը: Անկէ ետք լոյս տեսնող դասագիրքերուն մէջ , որոնք շատ աւելի առեւտրական նպատակներով գրուած են, քան թէ հայագիտական ու մանմկավարժական, վերահաստատուեցաւ ամրան-ձմրան-լերան-դրան-մատրան ձեւը:
Խոր ուրախութեամբ պիտի արձանգրեմ այստեղ, որ հմուտ արեւմտահայերէնագէտ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանի քերականութեան վերջին աշխատութեան մէջ, որ լոյս տեսաւ 2018-ին Անթիլիաս, Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակի մատենաշարով, հեղինակը կը թելադրէ ամռան-ձմռան-լեռան-դռան-մատռան ձեւը՝ իբրեւ միակ ճիշդը:
Մաղթենք, որ ազգային պատկան իշխանութիւնները բաւականաչափ հետեւողական կ’ըլլան եւ իրենց կրթական խորհրդատուներու թելադրանքով հետագայ դասագիրքերէն կը պահանջեն այս առողջ աւանդոյթի վերահաստատումը՝ վերջ տալով տասնամեակներու անհեթեթ ու անհետեւողական կրաւորականութեան:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան
================